The Legacy of the Armenian Community in Syria: A Century of Diasporic Existence, 1915-2015

dc.contributor.authorPayaslian, Simon
dc.date.accessioned2024-08-28T09:31:42Z
dc.date.available2024-08-28T09:31:42Z
dc.date.issued2018
dc.description.abstractՀեղինակը կը ներկայացնէ սուրիահայութեան վերջին հարիւրամեակի աւանդը: Ան հակիրճ կ'անդրադառնայ գաղութին կազմաւորման՝ Ցեղասպանութենէն ետք, ապա եւ՝ կազմակերպման ու մշակութային վերելքին՝ մինչեւ Բ. Համաշխարհային Պատերազմ: Հիմնուելով սփիւռքագիտական տեսութիւններու վրայ, հեղինակը կը քննարկէ սփիւռքացման բարդութիւնները, ձեւափոխութիւնը՝ սկզբնական տարագիր փուլէն դէպի գաղութի եւ մշակոյթի կազմաւորումը, ինչպէս նաեւ փոփոխութիւնը՝ հայապահպանման հրամայականներուն հասկացութիւններուն մէջ: Զեկոյցը կը քննարկէ հայկական սփիւռքի գոյութիւնը պատկերող գրական նմուշներ: Հակառակ տարբեր քաղաքական եւ տնտեսական դժուարութիւններու, սուրիահայութիւնը՝ մինչեւ 1960ականներու սկիզբը, ականատես եղաւ մշակութային հսկայ բերքի: Հիմնուեցան հայկական հրատարակչատուներ եւ տարբեր քաղաքական երանգներու օրաթերթեր: Զեկոյցը համապատկեր մը կը ներկայացնէ այն ճիգերուն, որոնք կատարուեցան կրթական եւ մշակութային հաստատութիւններու, համայնքային կազմակերպութիւններու, կուսակցութիւններու եւ եկեղեցիներու կողմէ՝ մշակոյթի պահպանման եւ գաղութային կեանքին համար: Սուրիահայութիւնը Միջին Արեւելքի այլ գաղութներու կողքին, իբրեւ շտեմարան ծառայեց հայ լեզուի եւ մշակոյթի: 1940-60ականներուն Լիբանան գաղթած սուրիահայեր, ինչպէս եւ Արեւմուտք գաղթած միջին արեւելքցի հայեր նպաստեցին Արեւմուտքի գաղութներուն մշակութային երիտասարդացման: Հեղինակը կը քննարկէ յարաբերութեան բնոյթը հայկական գաղութին եւ հիւրընկալ ընկերութեան միջեւ, եւ կը պնդէ, որ հակառակ տասնամեակներու ձեռքբերումներուն, ներկայ քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով մեծ սպառնալիք յառաջացած է գաղութի գոյատեւման: Սուրիահայութեան պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ ընտանիքը, գաղութի կրթական հաստատութիւնները, եկեղեցիները, քաղաքական կուսակցութիւնները եւ մտաւորականութիւնը միաձուլուած՝ կը ձեւաւորեն անհատական եւ հաւաքական ինքնութիւնը եւ ազգային գիտակցութիւնը՝ իբրեւ անբաժանելի բաղադրիչը Սփիւռքի գոյութեան: Սուրիահայութեան պարագան կը հաստատէ, թէ Սփիւռքի հայօճախի մը մշակութային եւ ֆիզիքական գոյատեւումը կախեալ է հիւրընկալ ընկերութեան քաղաքական փոփոխականութենէն եւ անոր կառավարութեան վարած ընդհանուր քաղաքականութենէն:
dc.identifier.citationPaylasian, S., The Legacy of the Armenian Community in Syria: A Century of Diasporic Existence, 1915-2015, Armenians of Syria, Conference Proceedings (24-27 May 2015), HU Press, Beirut, 2018, pp. 21-45
dc.identifier.doihttps://doi.org/10.62811/adrc.aos.sp.001
dc.identifier.urihttps://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/348
dc.titleThe Legacy of the Armenian Community in Syria: A Century of Diasporic Existence, 1915-2015
Files
Original bundle
Now showing 1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
Name:
Simon Payaslian, The Legacy of the Armenian Community in Syria....pdf
Size:
4 MB
Format:
Adobe Portable Document Format
License bundle
Now showing 1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
Name:
license.txt
Size:
1.71 KB
Format:
Item-specific license agreed to upon submission
Description:
Collections