Հեղինակը՝ իբրեւ աշակերտ, ապա նաեւ իբրեւ ուսուցիչ՝ Ալեփփօ Քոլէճի, իր անձնական յիշողութիւններուն հիմամբ կ'անդրադառնայ հոն անցուցած տարիներուն եւ կը վերակերտէ քոլէճին ներքին կեանքը, կենցաղը, ուսումնական դրուածքը, առօրեան, փոխյարաբերութիւնները, լուսարձակի տակ կ'առնէ աշակերտութեան այլեւայլ երեսակներ, ջանալով տալ իր պատում-վկայութիւնը նշանաւոր այս կրթարանին մասին: