Armenian Diaspora Research Center
Permanent URI for this community
Browse
Browsing Armenian Diaspora Research Center by Author "Armajani, Jon"
Now showing 1 - 1 of 1
Results Per Page
Sort Options
Item Syria's Constitutions and their Relationships to Minorities(2018) Armajani, JonԶեկոյցը կը համեմատէ եւ կը հակադրէ Սուրիոյ 1973ի եւ 2012ի սահմանադրութիւններուն տրամադրութիւնները՝ փոքրամասնութիւններուն հանդէպ: Ան հակիրճ տեղեկութիւններ կը փոխանցէ թէ՛ նախապետական եւ թէ՛ յետանկախական Սուրիոյ սահմանադրւթիւններուն մասին: Զեկոյցը կը վերլուծէ Սուրիոյ սահմանադրութեան հինգ սկզբունքները, թէ՝ սուրիական յեղափոխութիւնը (այն, որ իշխանութեան հասցուց Պաաս Կուսակցութիւնը) արաբական լայնածիր յեղափոխութեան մաս մըն է, եւ թէ՝ արաբական որեւէ պետութեան ուղղուած սպառնալիք կը վերաբերի ամբողջ արաբական աշխարհին, թէ՝ Սուրիան կը պայքարի սիոնականութեան եւ կայսերապաշտութեան դէմ, թէ՝ ազատութիւնը սրբազան իրաւունք է եւ ժողովրդավարութիւնը կառավարման իտէալական ձեւն է, եւ թէ՝ արաբական յեղափոխութիւնը մեկուսացուած երեւոյթ չէ, այլ՝ համաշխարհային շարժումի մը մէկ մասնիկը: 2012ի սահմանադրութիւնը չի յիշատակեր Պաաս Կուսակցութիւնը իբրեւ «ազգին եւ ընկերութեան ղեկավար»: Զեկոյցը կը վերլուծէ այս սահմանադրութեան տարբեր յատկանիշերը 1973ի սահմանադրութեան հինգ սկզբունքներուն եւ այլ յատկանիշերու կողքին, կը քննարկէ անոր դրոյթներուն հետեւանքները կրօնական փոքրամասնութիւններուն, ներառեալ՝ սուրիահայերուն վրայ: Ան կը վերլուծէ նաեւ արաբականութեան տարբեր՝ աշխարհիկ եւ կրօնական գաղափարախօսութիւնները, իսլամական Ահլ Ալ Քիթապ եւ Զիմմի հասկացութիւնները, ու անոնց հետեւանքները՝ կրօնական փոքրամասնութիւններուն վրայ: Այս յենքին վրայ, զեկոյցը կը քննարկէ սիւննի խումբերու դերը, ինչպէս՝ Տահէշի՝ Սուրիոյ մէջ, բաղդատելով սուրիահայերուն դիմագրաւածը՝ այս խմբակցութիւններէն՝ համիտեան ջարդերուն (1894-1896) եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ: Զեկոյցը կ'եզրափակուի քննարկելով կրօնական փոքրամասնութիւններուն հաւանական ապագան Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ: