Armenian Diaspora Research Center
Permanent URI for this community
Browse
Browsing Armenian Diaspora Research Center by Title
Now showing 1 - 20 of 46
Results Per Page
Sort Options
Item A Brief History of the Khasho Family(2018) Khasho, Yousef AdnanԽաշօ ընտանիքին, ինչպէս նաեւ հայկական ծագում ունեցող այլ ընտանիքներու (Շահին, Թոքաթ, Խուքազ, Թըրք, Խլաթ, Սիքիաս, Մուրատ, Հանունիկ եւն.) անուններուն կը հանդիպինք Սուրիա-Լիբանանի նախաեղեռնեան հայապատումներու մէջ: Հեղինակը՝ ծնունդը Խաշօ ընտանիքին, կը պեղէ պատմութիւնը իր ընտանիքին, որուն անունը տարածուած էր արդէն նախաեղեռնեան Սուրիա-Լիբանանի մէջ: Հիմնուելով ընտանեկան նիւթերու, վկայութիւններու բնակավայր-գիւղի տուեեալներու, ընտանիքի այլ անդամներու թէ ընտանիքի երէց բարեկամներու յիշողութիւններուն վրայ, հեղինակը կ'ընէ կարելի համապարփակ պատումը Խաշօ ընտանիքին: Ան կը բաժնէ ընտանիքին պատմութիւնը հինգ հանգրուաններու՝ սկսելով ընտանիքի ծննդոցէն՝ 1750ականներու Ուրֆայի մէջ, ուրկէ ընտանիքի անդամները պահ մը կ'ուղղուին Կիլիկիա, ապա կ'անցնին Ղնեմիէ, ուրկէ կը տարածուին Լաթաքիա եւ այլուր: Հեղինակը կը մանրամասնէ ընտանիքին դիմագրաւած Եղեռնի մարտահրաւէրները, կը նկարագրէ ընտանիքի տարբեր սերունդներուն ասպարէզային ընդգրկումը, կենսագործունէութիւնը եւ յառաջացուցած փոփոխութիւնը գերդաստանին, անոր ինքնութեան, ընտանեկան պատմութիւնը հասցնելով մինչեւ մեր օրերը:Item Aleppo College(2018) Khanjian, JohnՀեղինակը՝ իբրեւ աշակերտ, ապա նաեւ իբրեւ ուսուցիչ՝ Ալեփփօ Քոլէճի, իր անձնական յիշողութիւններուն հիմամբ կ'անդրադառնայ հոն անցուցած տարիներուն եւ կը վերակերտէ քոլէճին ներքին կեանքը, կենցաղը, ուսումնական դրուածքը, առօրեան, փոխյարաբերութիւնները, լուսարձակի տակ կ'առնէ աշակերտութեան այլեւայլ երեսակներ, ջանալով տալ իր պատում-վկայութիւնը նշանաւոր այս կրթարանին մասին:Item Armenians in the 19th Century Aleppo(2018) Kuroki, HidemitsuՄարդահամարը միշտ ալ կարեւոր եղած է որեւէ խմբաւորումի մը ուսումնասիրութեան համար: Օսմանեան հարկային տոմարները հիմնականին մէջ հողերու կամ տնային տնտեսութիւններու կը վերաբերին: Միայն օսմանեան թանզիմաթէն ետք էր որ սկսան կատարուիլ պետական մարդահամարներ Սուրիոյ մէջ՝ զօրակոչի եւ տուրքերու հաւաքման նպատակով: Հեղինակը՝ հիմնուելով օսմանեան ճիզիա եւ բնակութեան արձանագրութիւններու տոմարներուն ու օտար ճանապարհորդներու թէ դիւանագէտներու տեղեկութիւններուն վրայ, կը վերականգնէ 1850ականներու Հալէպի հայ բնակչութեան թիւը, արհեստները, բնակութեան վայրերը, տեղածին թէ (ուրկէ)եկուոր ըլլալու պարագաները: Ան այս տուեալները կը համեմատէ հալէպաբնակ քրիստոնեայ միւս փոքրամասնութիւններուն հետ՝ այս բոլորը քննարկելով Հալէպի 1850ականներու բնակչութեան յենքին վրայ:Item Colporteurs Du Komintern: Trajectoires Communistes Arméniennes En Syrie Mandataire(2018) Ter Minassian, TalineՀեղինակը կ'անդրադառնայ Միջին Արեւելքի փոքրամասնութիւններու իբրեւ գործիք օգտագործուելուն: Ան լուսարձակի տակ կ'առնէ թէ ինչ լծակներով կարողացած է Սովետ Միութիւն ազդել Սուրիա-Լիբանանի հայ փոքրամասնութեան վրայ, ընդգծելով դիւանագիտական գործօններու, ՀՕԿի, հայրենիքի գաղափարի, ներգաղթի, քոմինթերնի դերը: Զեկոյցը կը հաստատէ որ Ֆրանսական Հոգատար Իշխանութիւնները 1934ին մատնանշեցին թէ սուրիացիք եւ լիբանանցիք կը մեղադրեն հայերը, որ «համայնավար գաղափարախօսութիւնը բերին այս երկիրներ: Ճիշտ է որ այս վարդապետութիւնը ներգործութիւն չունեցաւ տեղացի քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն վրայ, սակայն գործիչներ յառաջացան հայ համայնքին մէջ»: Այս առումով զեկոյցը կը հարցադրէ տարողութիւնը հայոց դերին՝ Սուրիա-Լիբանանի Համայնավար Կուսակցութեան յառաջացման մէջ, անոր արաբականացման, ինչպէս նաեւ կ'անդրադառնայ ներգաղթին մէջ համայնավար հայ խմբակցութեան դերին ու կ'որոնէ կապը այս խմբակին ու Սովետական Հայաստանի միջեւ: Հեղինակը այս հարցերը կը քննարկէ Սպարտակ Խումբին ուսումնասիրութեամբ, նաեւ փոլիթպիւրոյի անդամներ Յարութիւն Մատէեանի յուշերուն եւ Յակոբ Տէր Պետրոսեանի անձնական հարցազրոյցներուն հիմամբ, եւ կու տայ համառօտ կենսագրականները առաջնորդ դէմքերուն:Item From Refugees to Decent Syrian Citizens: Armenians in Syria Under the French Mandate(2018) Altuğ, SedaՅօդուածը հարցադրումի տակ կ'առնէ պաշտօնական պատմագրութիւնը թէ գաղթական հայերը գրկաբաց ընդունուեցան Սուրիա: Ընդհակառակը, վերլուծական փաստարկներով հեղինակը կ'առարկէ այս փաստերուն, բացայայտելով զարգացումները դէպքերու, իրադարձութիւններու, արաբ ազգայնական եւ կրօնական դէմքերու արտայայտութեանց որոնք սկզբնական ոչ-բարեացակամ ընթացքէ բարեփոխուեցան դրական վերաբերումի: Հեղինակը կը լուսաբանէ ներքին ծալքերը տեղական ընդվզումին դրդապատճառներուն, ինչպէս նաեւ՝ հետեւանքները, ապա նաեւ յառաջացած փոփոխութիւններուն պատճառները եւ այն լուսաբանական եւ հանդարտեցնող դերը զոր հայ կրօնական առաջնորդները ունեցան՝ թիւրիմացութեանց եւ յաւելեալ գրգռութիւններու առաջքը առնելու առումով:Item Genocide and Humanitarian Resistance in Ottoman Aleppo, 1915-1916(2018) Mouradian, KhatchigԶեկոյցը կը քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին զոհերու դիմադրական գործունէութեան զանազան դրսեւորումները՝ 1915-16ին: Ձերբակալութեանց, տեղահանութեանց եւ ջարդերու գործողութիւններուն զուգահեռ նկատելի կը դառնան զոհերու կողմէ այլեւայլ դիմադրական արարքներ, որոնցմէ այստեղ լուսարձակի տակ կ'առնուին ոչ-զինեալ դիմադրական արարքները: Հեղինակը լուսարձակի տակ կ'առնէ օսմանեան գաւառներուն, Պոլսոյ օսմանեան գաւառներուն, Պոլսոյ արտասահմանի միջեւ գործող ընդյատակեայ հաղորդակցութեանց ցանցեր, որոնցմով արտաքին աշխարհ կը մաքսանենգուէին՝ ջարդերուն մասին տեղեկագրեր: Ասոնք հումք կը ծառայէին արտասահմանի հայ թէ օտար մամուլի դէմքերուն, օտար քաղաքական գործիչներուն՝ բացայայտելու Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայոց դէմ կատարուող ջարդերը, մանրամասնելու դէպքերուն եւ կոտորածներուն, արմատահանութիւններուն, քանդումներուն տարողութիւնը եւն.: Միւս կողմէն՝ այս ցանցերով նաեւ արտասահմանէն կը փոխանցուէին նիւթական նպաստներ, ապա գաւառներ եւ գաղթակայաններ կը յղուէին ատոնք՝ սնունդ գնելու, բժշկական հոգածութեան եւ գոյատեւումի նպատակներով: Հեղինակը կ'ընդգծէ որ աքսորավայրերուն, գաւառին եւ Պոլսոյ միջեւ հաղորդակցութեանց այս ցանցերուն կենսական օղակ կը հանդիսանար Հալէպը, ու կը ներկայացնէ այս ցանցերուն առնչուած անձերու եւ խնդիրներու մութ ծալքերը: Կը պարզուի նաեւ, որ ընդյատակեայ մարդկային այս ցանցերով ոչ միայն օտար, այլեւ հայ աջակցութիւն եւ նպաստ կը կատարուէր ցեղասպանութեան դիմադրութեան համար:Item Musa Dagh During the Armenian Massacres of 1909 in Ottoman Northwestern Syria(2018) Shemmassian, Vahram L.Հեղինակը լուսարձակի տակ կ'առնէ 1909ի կիլիկեան կոտորածներուն զուգահեռ՝ Օսմանեան Կայսրութեան ենթակայ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան հայաբնակ վայրերուն մէջ տեղի ունեցած ջարդերն ու վնասները եւ անոնց հետեւանքները: Ներկայացնելէ ետք Անտիոքի, Քեսապի, Հալէպի եւ շրջակայքի հայոց դիմագրաւած սպանդն ու հետապնդումները, կողոպուտը, քանդումներն ու արտաքսումը, հեղինակը կը մանրամասնէ այդ շրջանի Մուսա Լեռան հայութեան դիմագրաւած ահաբեկումի վտանգը, ջարդ-կողոպուտ-աքսորի սարսափն ու սպառնալիքը, մուսալեռցիներու դիմադրութիւնը, օսմանեան տեղական իշխանութեանց մասնակցութիւնը սպանութիւններուն, օտար միջամտութիւնը՝ կանխարգիլելու-սահմանափակելու յարձակումներն ու սպանդը, ապա նաեւ՝ իւրաքանչիւր յարանուանութեան կրած զոհերուն թիւը, կը ներկայացնէ հետեւանքները՝ հրկիզուած տուն ու խանութներու, որբերու եւ այրիներու թիւերը, նիւթական վնասները՝ ըստ գիւղի: Հեղինակը կ'անդրադառնայ նաեւ կոտորածներուն եւ աւերին արտասահմանեան արձագանգին, Մուսա Լեռ փութացուած հայ (միութենական եւ եկեղեցական) թէ օտար նպաստներուն: Հուսկ, հեղինակը կ'արժեւորէ կոտորածէն ետք տեղի ունեցած եւ ջարդարարութեան տարողութեան չհամապատասխանող կեղծ դատավարութիւններուն:Item Reconstructing Aleppo(2018) Tokmadjian, ArmenakՍուրիոյ մէջ շարունակուող հակամարտութիւնը բազմաթիւ քաղաքներ ծանրօրէն աւերակեց: Պատմութիւնը կը հաստատէ, սակայն, որ մեծ քաղաքներ – ինչպէս Հալէպը – չեն մեռնիր: Ընդհակառակը, անմիջապէս որ բրտութեան ալիքը դադրի, լայնածիր վերակառուցման աշխատանքներ կը սկսին հոն: Հեղինակը կ'արծարծէ Հալէպի վերակառուցման ծրագրերը: Ան կ'ընդգծէ որ վերակառուցման ծրագիրը պէտք է լաւապէս սերտուի, մտածուի եւ քննարկուի՝ պատերազմի աւարտէն առաջ: Հեղինակը կը հիմնաւորէ իր այս տեսակէտը՝ բերելով օրինակները նախորդ փորձերու, ինչպիսիք են Սարայէւօն եւ Պէյրութը: Զեկոյցը կը մատնանշէ որ յետ-պատերազմեան շտապ վերակառուցումը բազմաթիւ ընկերային, տնտեսական եւ ճարտարապետական բարդութիւններ յառաջացուցած է, որոնցմէ վերոյիշեալ երկու քաղաքները ցարդ կը տառապին: Հեղինակը կը քննադատէ նման շտապողական եւ ոչ-խորապէս քննարկուած վերակառուցումը, ուր նախապատուութիւն կը տրուի տնտեսական շահերու, մինչ նախկին բնակչութեան մեծ շերտ կը մնայ դուրս, եւ մինչ շինարարական ընկերութիւնները կը կառուցեն փայլուն, ապակեպատ շէնքեր, անդին նախկին քաղաքաբնակները կը կառուցեն խրճիթներ՝ ու կ'ընդարձակեն քաղաքը: Հեղինակը կը միտի Պէյրութի եւ Սարայէւոյի փորձէն մեկնելով յառաջադրել վերակառուցման տարբեր ծրագիր մը Հալէպէն:Item Syria's Constitutions and their Relationships to Minorities(2018) Armajani, JonԶեկոյցը կը համեմատէ եւ կը հակադրէ Սուրիոյ 1973ի եւ 2012ի սահմանադրութիւններուն տրամադրութիւնները՝ փոքրամասնութիւններուն հանդէպ: Ան հակիրճ տեղեկութիւններ կը փոխանցէ թէ՛ նախապետական եւ թէ՛ յետանկախական Սուրիոյ սահմանադրւթիւններուն մասին: Զեկոյցը կը վերլուծէ Սուրիոյ սահմանադրութեան հինգ սկզբունքները, թէ՝ սուրիական յեղափոխութիւնը (այն, որ իշխանութեան հասցուց Պաաս Կուսակցութիւնը) արաբական լայնածիր յեղափոխութեան մաս մըն է, եւ թէ՝ արաբական որեւէ պետութեան ուղղուած սպառնալիք կը վերաբերի ամբողջ արաբական աշխարհին, թէ՝ Սուրիան կը պայքարի սիոնականութեան եւ կայսերապաշտութեան դէմ, թէ՝ ազատութիւնը սրբազան իրաւունք է եւ ժողովրդավարութիւնը կառավարման իտէալական ձեւն է, եւ թէ՝ արաբական յեղափոխութիւնը մեկուսացուած երեւոյթ չէ, այլ՝ համաշխարհային շարժումի մը մէկ մասնիկը: 2012ի սահմանադրութիւնը չի յիշատակեր Պաաս Կուսակցութիւնը իբրեւ «ազգին եւ ընկերութեան ղեկավար»: Զեկոյցը կը վերլուծէ այս սահմանադրութեան տարբեր յատկանիշերը 1973ի սահմանադրութեան հինգ սկզբունքներուն եւ այլ յատկանիշերու կողքին, կը քննարկէ անոր դրոյթներուն հետեւանքները կրօնական փոքրամասնութիւններուն, ներառեալ՝ սուրիահայերուն վրայ: Ան կը վերլուծէ նաեւ արաբականութեան տարբեր՝ աշխարհիկ եւ կրօնական գաղափարախօսութիւնները, իսլամական Ահլ Ալ Քիթապ եւ Զիմմի հասկացութիւնները, ու անոնց հետեւանքները՝ կրօնական փոքրամասնութիւններուն վրայ: Այս յենքին վրայ, զեկոյցը կը քննարկէ սիւննի խումբերու դերը, ինչպէս՝ Տահէշի՝ Սուրիոյ մէջ, բաղդատելով սուրիահայերուն դիմագրաւածը՝ այս խմբակցութիւններէն՝ համիտեան ջարդերուն (1894-1896) եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ: Զեկոյցը կ'եզրափակուի քննարկելով կրօնական փոքրամասնութիւններուն հաւանական ապագան Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ:Item The Armenian Prelacy of Aleppo (Mid 1920s-late 20th Century)(2018) Payaslian, SimonՀեղինակը Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանին պատմութիւնը հակիրճ վերաքաղելէ ետք, կը կեդրոնանայ Ա. Համաշխարհայինէն մինչեւ ներկայ հանգրուանի առաջնորդարանին պատմութեան վրայ, մեկնելով իւրաքանչիւր առաջնորդի վարած քաղաքականութենէն ու գործունէութենէն: Սկզբնապէս հիմնուած Սալիպէի Հայ Առաքելական Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, առաջնորդարանը 1970ին տեղափոխուեցաւ մօտակայ նոր շէնք մը, եւ ցարդ հոն կը մնայ: Հայոց Ցեղասպանութիւնը շրջադարձային եղաւ առաջնորդարանի պատմութեան մէջ, երբ հազարաւոր գաղթականներու հոսքը՝ զայն մատնեց աննախադէպ տագնապներու: Առաջնորդարանը գործեց որպէս պաշտօնական կեդրոն՝ գաղթակայաններու վարման եւ նպաստներու մատուցման, նաեւ՝ կրթական, հոգեւոր, մշակութային վերաշինութեան, միջավայրին հետ բարուօք յարաբերութեանց զարգացման: Առաջնորդարանը, ամբողջ երկրին նման, դիմագրաւեց բազմաթիւ մարտահրաւէրներ՝ սուրիական քաղաքականութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու ծիրին մէջ: Հակառակ դժուարութիւններուն, առաջնորդարանը տասնամեակներով ունեցաւ կայուն վիճակ եւ աճեցաւ: Մասնակցելով համայնքի բոլոր աշխուժութիւններուն, առաջնորդարանը սերտ կապեր պահպանեց համայնքի բոլոր դասակարգերուն եւ հանրային ծառայողներուն հետ: Ան վերջին տարիներուն բազում հրատարակութիւններ իրագործեց: 1990ականներու կէսերէն, համայնքը իր կենսունակութիւնը վերագտնելու գործընթացին մէջ էր, սակայն պատերազմը եկաւ Ցեղասպանութենէն ետք համայնքը կերտելու եւ անոր ինքնութիւնը տարազելու տասնամեակներու ճիգը հարցականի տակ դնել:Item The Legacy of the Armenian Community in Syria: A Century of Diasporic Existence, 1915-2015(2018) Payaslian, SimonՀեղինակը կը ներկայացնէ սուրիահայութեան վերջին հարիւրամեակի աւանդը: Ան հակիրճ կ'անդրադառնայ գաղութին կազմաւորման՝ Ցեղասպանութենէն ետք, ապա եւ՝ կազմակերպման ու մշակութային վերելքին՝ մինչեւ Բ. Համաշխարհային Պատերազմ: Հիմնուելով սփիւռքագիտական տեսութիւններու վրայ, հեղինակը կը քննարկէ սփիւռքացման բարդութիւնները, ձեւափոխութիւնը՝ սկզբնական տարագիր փուլէն դէպի գաղութի եւ մշակոյթի կազմաւորումը, ինչպէս նաեւ փոփոխութիւնը՝ հայապահպանման հրամայականներուն հասկացութիւններուն մէջ: Զեկոյցը կը քննարկէ հայկական սփիւռքի գոյութիւնը պատկերող գրական նմուշներ: Հակառակ տարբեր քաղաքական եւ տնտեսական դժուարութիւններու, սուրիահայութիւնը՝ մինչեւ 1960ականներու սկիզբը, ականատես եղաւ մշակութային հսկայ բերքի: Հիմնուեցան հայկական հրատարակչատուներ եւ տարբեր քաղաքական երանգներու օրաթերթեր: Զեկոյցը համապատկեր մը կը ներկայացնէ այն ճիգերուն, որոնք կատարուեցան կրթական եւ մշակութային հաստատութիւններու, համայնքային կազմակերպութիւններու, կուսակցութիւններու եւ եկեղեցիներու կողմէ՝ մշակոյթի պահպանման եւ գաղութային կեանքին համար: Սուրիահայութիւնը Միջին Արեւելքի այլ գաղութներու կողքին, իբրեւ շտեմարան ծառայեց հայ լեզուի եւ մշակոյթի: 1940-60ականներուն Լիբանան գաղթած սուրիահայեր, ինչպէս եւ Արեւմուտք գաղթած միջին արեւելքցի հայեր նպաստեցին Արեւմուտքի գաղութներուն մշակութային երիտասարդացման: Հեղինակը կը քննարկէ յարաբերութեան բնոյթը հայկական գաղութին եւ հիւրընկալ ընկերութեան միջեւ, եւ կը պնդէ, որ հակառակ տասնամեակներու ձեռքբերումներուն, ներկայ քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով մեծ սպառնալիք յառաջացած է գաղութի գոյատեւման: Սուրիահայութեան պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ ընտանիքը, գաղութի կրթական հաստատութիւնները, եկեղեցիները, քաղաքական կուսակցութիւնները եւ մտաւորականութիւնը միաձուլուած՝ կը ձեւաւորեն անհատական եւ հաւաքական ինքնութիւնը եւ ազգային գիտակցութիւնը՝ իբրեւ անբաժանելի բաղադրիչը Սփիւռքի գոյութեան: Սուրիահայութեան պարագան կը հաստատէ, թէ Սփիւռքի հայօճախի մը մշակութային եւ ֆիզիքական գոյատեւումը կախեալ է հիւրընկալ ընկերութեան քաղաքական փոփոխականութենէն եւ անոր կառավարութեան վարած ընդհանուր քաղաքականութենէն:Item The Syrian Armenian Rural Community of Ayn El-Arous(2018) Kellugian Baran, HasmigՀրատարակութիւններու, արխիւային նիւթերու, հարցազրոյցներու, յուշերու, անձնական յիշողութիւններու միջոցով հաւաքուած նիւթի հիմամբ հեղինակը կը վերականգնէ մինչեւ 1950ականներու աւարտը մեծամասնութեամբ հայաբնակ Այն Արուս գիւղին կեանքին պատումը: Հեղինակը կը ներկայացնէ հայոց այդ գիւղ հաստատուելուն նախաեղեռնեան հանգրուանը, ապա՝ Եղեռնէն ետք հոն հաստատուած հայ գաղթականութեան կեանքի պայմանները, կենցաղը, առօրեան, տան եւ առտնին աշխատանքային բաժանումը, այդ աշխատանքներուն ընթացքին տեղաբնիկ օգնականներուն առնչումը, անասնաբուծութիւնը, երկրագործութիւնը եւ հաւաքական աշխատանքներունը, մարանն ու հանդերձանքը, արհեստները, արաբ քոչուոր ցեղերու հետ յարաբերութիւնները, դպրոցական ու եկեղեցական կեանքը, մշակութային թէ մարզական միութիւններուն գործունէութիւնը, հանգստութեան ժամանցները, աւանդական տօնակատարութիւնները եւն.:Item Ակնարկ Պատերազմի Օրերու Հալէպահայ Գրականութեան (2012էն Այսօր)(2018) Yeramian, MarushNotwithstanding the fact that the Syrian crisis is having a very strong impact on Aleppine Armenian daily community life, the local leadership as well as social and volunteer groups are involved in a daily effort to maintain a flow of life-as-usual. The paper highlights Aleppine literature which can be given this status of "life-as-usual". Aleppine daily literature has started to reflect war in general and the daily fighting through poetry, short stories, diaries, essays, etc. Alongside the usual means of publishing materials, namely newspapers, books, etc., the internet and Facebook have been instrumental in giving broad exposure to Aleppine Armenian literature.Item Ակնարկ Վերջին Տասնամեակի Հալէպահայ Բանաստեղծութեան(2018) Yeramian, MarushThe paper focuses on the sinuous road Aleppene Armenian poetry has taken lately. It is said that Aleppo gives birth to writers but cannot keep them, because these fly away to other Armenian destinations at the first chance. In recent decades, however, right before the Syrian crisis, the young generation stayed in the city due to the relative stability of the country. This was conductive to the development of a small group of young authors trying to give shape to Armenian-Aleppene literature. The group used the literary pages of the Prelacy Kantsasar weekly, which is still functioning. Later on a broader group of upcoming and well-established authors gathered around a yearbook, Yert, which included both literary works and translations as well as research. Some Aleppene Armenian authors published their books themselves; others made use of the Cilicia Catholicosate-based Kevork Melidinetsi Literary prize, which published a number of their books.Item Անտիպ Փաստաթուղթեր 1909ի Կիլիկեան Կոտորածներու Օրերուն Ալեքսանտրէթի Հայութեան Վիճակին Մասին(2018) Minassian, MihranRelatively little has been written about the small Armenian community of the Alexandretta Sandjak. There are no separate monographs which shed light on the history of the Armenian-inhabited towns and villages of the region. Likewise, there is no separate study of the events that took place in the Sandjak during the 1909 Cilician Massacres. Though the centre of the Sandjak, the city of Alexandretta, was not directly subjected to massacres, nonetheless certain villages of the Sandjak were and had huge human and financial losses, like, for instance, the village of Kerekkhan. Most of its inhabitants was massacred, while some killings, looting and destruction took place in other villages of the Sandjak. These, however, did not become full scale carnage. After a brief overview of the Alexandretta Sandjak, the author highlights Armenian aspects of the region and produces - from the Aleppo Armenian Prelacy - three unpublished documents which shed light on the oppression and violence that the Armenians of the region faced during the Cilician Massacres. The documents are written by the local vice-prelate, Father Krikor Minasian. The first one is a letter describing the prevailing conditions in and around the cities of Alexandretta, Beylan and Chork Marzban and the massacres and looting that took place. The second document is a report about the killings that took place in the villages of the Sandjak, with the names of the victims. The third is a detailed answer to the questionnaire that was sent from Aleppo concerning the killings, looting and related acts that took place in the Sandjak during the atrocities. The documents shed new light on the events and enrich knowledge not only of the history of the Armenians of the Sandjak of Alexandretta but add up to a fuller picture and understanding of the Adana Massacres.Item Բերիոյ Հայոց Թեմի Մշակութային Վերելքը (1995-2015)(2018) Kaprielian, MariaThe paper describes the functional activities of the Armenian Orthodox Church Beria Prelacy in the last twenty years (1995-2015) and covers almost all geographic Syria, specifically the Aleppo, Coastal and Jezira districts. In brief, the paper presents the administrative structure of the Perelacy and its four basic types of organizational activities, namely education, public relations and publications, Christian education and nurturing the new generation. It details the extent of work done in these fields, as well as the purpose, results, trends, and difficulties that such an endeavor faces. The paper notes that due to the war in Syria, the Prelacy reshaped itself and made accommodations to deal with war emergencies and to address the growing challenges. The paper concludes with a brief description of the current conditions of the the Prelacy and the course which will be taken by the Prelacy in the post-war period.Item Գարեգին Քեսապցի Կաթողիկոսի Բառապաշարը Հայերէնի Հարստացման Միջոց(2018) Mesrobian, HayganushThe published sermons, interpretations and theological research of Karekin I, Catholicos of All Armenians, are among the best expressions of Armenian public speech. Answers are given to a multiplicity of questions in an encyclopedic manner that includes philosophical generalisations. The answers are significantly pictorial and have literary significance since they are expressed in different styles and at times by means of new words, particularly compound words. According to the paper, Catholicos Karekin I brought to life some 2000 new words in Armenian, thus enriching the Armenian lexicon. The paper analyses the formation and structure of these new words, which were molded according to the rules and regulations of Armenian word formation. Alongside these new words, the paper notes that certain other words are used with new connotations and usage. The paper also notes that a large number of these new words come from the Bible, where words like God, Jesus, Christ, Mesrob, light, Armenian, soul, gospel, prayer, saint, disciple, and self constitute the first part of the newly formed compound word. The paper ends by highlighting a number of examples of these new words, which are an interesting combination of Western and Eastern Armenian literary languages.Item Դամասկոսի Հայերը 1920-40ականներուն (Ակնարկ)(2018) Arissian, NoraNotwithstanding its small size, the Damascus Armenian community constitutes a historical part of the Syrian Armenian community. These Armenians settled in Damascus after the Genocide and revived the old community there. Based on diverse sources, archival materials, Prelacy registers, Arabic newspapers, and Syrian Arab memories and accounts, the paper sheds light on Damascus as an Armenian center and its history in the post-genocide era. The paper highlights the growth and formation of the community, its schools, voluntary organizations, and churches, as wells as its socio-cultural growth in the last one hundred years. It underlines the role of a number of prominent Damascene Armenians had in various aspects of Syrian politics, society, economy, and culture. Furthermore, the paper examines the relations of the community with local cultural circles and assesses the Damascene Armenian community from the local Arab perspective.Item Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ Հայերը. Գիտաժողովի Նիւթեր 1 (12-13 Ապրիլ եւ 29-30 Մայիս 2018)(2022) Dakessian, AntranikThe volume includes the proceedings of the conference entitled "Armenians of Egypt, Sudan and Ethiopia" Proceedings of the Conference" held at Haigazian University on April 12-13 and May 19-30, 2018.Item Իրաքի Հայերը. Գիտաժողովի Նիւթեր (29-31 Մայիս 2017)(2021) Dakessian, AntranikThe volume compiles the materials of the conference series "Armenians of Iraq" (May 29-31, 2017) organized by Haigazian University.
- «
- 1 (current)
- 2
- 3
- »