Articles
Permanent URI for this collection
Browse
Browsing Articles by Author "Isaac Kéchichian"
Now showing 1 - 1 of 1
Results Per Page
Sort Options
Item Saint Ephrem (+ 373) dans la Litterature Armenienne(1993) Isaac KéchichianՍուրբ Եփրեմի մահուան 1620-ամեակին առիթով տրուած այս հաղորդումով հեղինակը կը փորձէ յիշեցնել ներկայ ընթերցողին թարգմանական հսկայ այն աշխատանքը, զոր հայ թարգմանիչները կատարեցին Ե.-ԺԴ. դարերու ընթացքին, ասորական Եկեղեցիի սուրբերէն՝ Եփրեմի գրական, կրօնական, ուսուցողական, մեկնաբանական եւ իմացական գործերէն։ Հայերէն այս թարգմանութիւններն այժմ գրուած կը գտնուին Վենետիկի, Վիեննայի ու Զմմառի վանքերուն, Երուսաղէմի Սբ. Յակոբեան, Նոր Ջուղայի հաւաքածոներուն եւ մանաւանդ Երեւանի Մատենադարանին մէջ։ Եփրեմի գործերուն հայերէն առաջին համահաւաք հրատարակութիւնը՝ չորս հատորով լույս տեսած է 1836-ին եւ արդիւնքն է Վենետիկեան Հայրերու ճիգին։ Հ. Գարեգին Զարպհանելեան յականէ անուանէ կը թուէ եփրեմեան քառասուն գործ, որ, չի կրնար ըլլալ ամբողջութիւնը Սբ. Եփրեմի գրիչէն ելած գործերուն, տրուած ըլլալով որ ժամանակի ընթացքին բազմաթիւ ձեռագրեր կորսուեցան եւ փճացան, եւ այսօր Եփրեմի գործերէն շատեր կը մնան լոկ հայերէն թարգմանութեամբ։ Սիրուած հեղինակ մը եղաւ Սբ. Եփրեմ, ահա թէ ինչո՞ւ համար անոր ազդեցութեան կարելի է հանդիպիլ ոսկեդարի թէ միջնադարի հայ գրողներու մօտ: