Articles
Permanent URI for this collection
Browse
Browsing Articles by Issue Date
Now showing 1 - 20 of 38
Results Per Page
Sort Options
Item The Legacy of the Armenian Community in Syria: A Century of Diasporic Existence, 1915-2015(2018) Payaslian, SimonՀեղինակը կը ներկայացնէ սուրիահայութեան վերջին հարիւրամեակի աւանդը: Ան հակիրճ կ'անդրադառնայ գաղութին կազմաւորման՝ Ցեղասպանութենէն ետք, ապա եւ՝ կազմակերպման ու մշակութային վերելքին՝ մինչեւ Բ. Համաշխարհային Պատերազմ: Հիմնուելով սփիւռքագիտական տեսութիւններու վրայ, հեղինակը կը քննարկէ սփիւռքացման բարդութիւնները, ձեւափոխութիւնը՝ սկզբնական տարագիր փուլէն դէպի գաղութի եւ մշակոյթի կազմաւորումը, ինչպէս նաեւ փոփոխութիւնը՝ հայապահպանման հրամայականներուն հասկացութիւններուն մէջ: Զեկոյցը կը քննարկէ հայկական սփիւռքի գոյութիւնը պատկերող գրական նմուշներ: Հակառակ տարբեր քաղաքական եւ տնտեսական դժուարութիւններու, սուրիահայութիւնը՝ մինչեւ 1960ականներու սկիզբը, ականատես եղաւ մշակութային հսկայ բերքի: Հիմնուեցան հայկական հրատարակչատուներ եւ տարբեր քաղաքական երանգներու օրաթերթեր: Զեկոյցը համապատկեր մը կը ներկայացնէ այն ճիգերուն, որոնք կատարուեցան կրթական եւ մշակութային հաստատութիւններու, համայնքային կազմակերպութիւններու, կուսակցութիւններու եւ եկեղեցիներու կողմէ՝ մշակոյթի պահպանման եւ գաղութային կեանքին համար: Սուրիահայութիւնը Միջին Արեւելքի այլ գաղութներու կողքին, իբրեւ շտեմարան ծառայեց հայ լեզուի եւ մշակոյթի: 1940-60ականներուն Լիբանան գաղթած սուրիահայեր, ինչպէս եւ Արեւմուտք գաղթած միջին արեւելքցի հայեր նպաստեցին Արեւմուտքի գաղութներուն մշակութային երիտասարդացման: Հեղինակը կը քննարկէ յարաբերութեան բնոյթը հայկական գաղութին եւ հիւրընկալ ընկերութեան միջեւ, եւ կը պնդէ, որ հակառակ տասնամեակներու ձեռքբերումներուն, ներկայ քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով մեծ սպառնալիք յառաջացած է գաղութի գոյատեւման: Սուրիահայութեան պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ ընտանիքը, գաղութի կրթական հաստատութիւնները, եկեղեցիները, քաղաքական կուսակցութիւնները եւ մտաւորականութիւնը միաձուլուած՝ կը ձեւաւորեն անհատական եւ հաւաքական ինքնութիւնը եւ ազգային գիտակցութիւնը՝ իբրեւ անբաժանելի բաղադրիչը Սփիւռքի գոյութեան: Սուրիահայութեան պարագան կը հաստատէ, թէ Սփիւռքի հայօճախի մը մշակութային եւ ֆիզիքական գոյատեւումը կախեալ է հիւրընկալ ընկերութեան քաղաքական փոփոխականութենէն եւ անոր կառավարութեան վարած ընդհանուր քաղաքականութենէն:Item Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Հալէպի Մէջ (ԺԶ.-ԺԷ. Դարեր)(2018) Keshishian, VartyArmenians have been acquainted with Aleppo from the earliest times. Basically due to trade, and sometimes for military reasons, Armenians gradually became established in Aleppo, particularly as of the 13th century. After the fall of the Cilician Armenian Kingdom in 1375, large numbers of Armenians left Cilicia and took refuge in Aleppo. The Aleppine Armenian community grew and developed in the 15th-16th centuries, when Armenian tradesman and Khodjas acquired significance and held powerful positions in Aleppo in trades and administration. The convergence of Armenian Khodjas coincided with the temporary relocation of the Sis Armenian Catholicosate to Aleppo in the 16th-17th centuries, at a time when the Great See and the whole area were under the menace and domination of Turkmen tribes. Particularly in the late 16th century the Sis Catholicosate was in danger due to the Djelali movement. Therefore, the Catholicosate was transferred to the premises of the Aleppo Karasnits Mangants and Surp Asdvadzadzin churches. Alongside the Catholicos other high-ranking clerics and cultural figures converged on Aleppo, which became a spiritual-cultural center for the Armenians. During the 16th and 17th centuries the Aleppo Armenian community had its golden age, as all aspects of Armenian medieval culture developed and reached new heights. Aleppo, thus, became a natural preserve of medieval Armenian arts and safeguarded the continuity of its rich traditions. Indeed, when in the 15th-16th centuries all of Asia Minor and Cilicia had become an area of operation for the Djelali brigands, Aleppo turned out to be a safe haven for the Cilicia Catholicosate and the Armenians of the region.Item Armenians in the 19th Century Aleppo(2018) Kuroki, HidemitsuՄարդահամարը միշտ ալ կարեւոր եղած է որեւէ խմբաւորումի մը ուսումնասիրութեան համար: Օսմանեան հարկային տոմարները հիմնականին մէջ հողերու կամ տնային տնտեսութիւններու կը վերաբերին: Միայն օսմանեան թանզիմաթէն ետք էր որ սկսան կատարուիլ պետական մարդահամարներ Սուրիոյ մէջ՝ զօրակոչի եւ տուրքերու հաւաքման նպատակով: Հեղինակը՝ հիմնուելով օսմանեան ճիզիա եւ բնակութեան արձանագրութիւններու տոմարներուն ու օտար ճանապարհորդներու թէ դիւանագէտներու տեղեկութիւններուն վրայ, կը վերականգնէ 1850ականներու Հալէպի հայ բնակչութեան թիւը, արհեստները, բնակութեան վայրերը, տեղածին թէ (ուրկէ)եկուոր ըլլալու պարագաները: Ան այս տուեալները կը համեմատէ հալէպաբնակ քրիստոնեայ միւս փոքրամասնութիւններուն հետ՝ այս բոլորը քննարկելով Հալէպի 1850ականներու բնակչութեան յենքին վրայ:Item Genocide and Humanitarian Resistance in Ottoman Aleppo, 1915-1916(2018) Mouradian, KhatchigԶեկոյցը կը քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին զոհերու դիմադրական գործունէութեան զանազան դրսեւորումները՝ 1915-16ին: Ձերբակալութեանց, տեղահանութեանց եւ ջարդերու գործողութիւններուն զուգահեռ նկատելի կը դառնան զոհերու կողմէ այլեւայլ դիմադրական արարքներ, որոնցմէ այստեղ լուսարձակի տակ կ'առնուին ոչ-զինեալ դիմադրական արարքները: Հեղինակը լուսարձակի տակ կ'առնէ օսմանեան գաւառներուն, Պոլսոյ օսմանեան գաւառներուն, Պոլսոյ արտասահմանի միջեւ գործող ընդյատակեայ հաղորդակցութեանց ցանցեր, որոնցմով արտաքին աշխարհ կը մաքսանենգուէին՝ ջարդերուն մասին տեղեկագրեր: Ասոնք հումք կը ծառայէին արտասահմանի հայ թէ օտար մամուլի դէմքերուն, օտար քաղաքական գործիչներուն՝ բացայայտելու Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայոց դէմ կատարուող ջարդերը, մանրամասնելու դէպքերուն եւ կոտորածներուն, արմատահանութիւններուն, քանդումներուն տարողութիւնը եւն.: Միւս կողմէն՝ այս ցանցերով նաեւ արտասահմանէն կը փոխանցուէին նիւթական նպաստներ, ապա գաւառներ եւ գաղթակայաններ կը յղուէին ատոնք՝ սնունդ գնելու, բժշկական հոգածութեան եւ գոյատեւումի նպատակներով: Հեղինակը կ'ընդգծէ որ աքսորավայրերուն, գաւառին եւ Պոլսոյ միջեւ հաղորդակցութեանց այս ցանցերուն կենսական օղակ կը հանդիսանար Հալէպը, ու կը ներկայացնէ այս ցանցերուն առնչուած անձերու եւ խնդիրներու մութ ծալքերը: Կը պարզուի նաեւ, որ ընդյատակեայ մարդկային այս ցանցերով ոչ միայն օտար, այլեւ հայ աջակցութիւն եւ նպաստ կը կատարուէր ցեղասպանութեան դիմադրութեան համար:Item Musa Dagh During the Armenian Massacres of 1909 in Ottoman Northwestern Syria(2018) Shemmassian, Vahram L.Հեղինակը լուսարձակի տակ կ'առնէ 1909ի կիլիկեան կոտորածներուն զուգահեռ՝ Օսմանեան Կայսրութեան ենթակայ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան հայաբնակ վայրերուն մէջ տեղի ունեցած ջարդերն ու վնասները եւ անոնց հետեւանքները: Ներկայացնելէ ետք Անտիոքի, Քեսապի, Հալէպի եւ շրջակայքի հայոց դիմագրաւած սպանդն ու հետապնդումները, կողոպուտը, քանդումներն ու արտաքսումը, հեղինակը կը մանրամասնէ այդ շրջանի Մուսա Լեռան հայութեան դիմագրաւած ահաբեկումի վտանգը, ջարդ-կողոպուտ-աքսորի սարսափն ու սպառնալիքը, մուսալեռցիներու դիմադրութիւնը, օսմանեան տեղական իշխանութեանց մասնակցութիւնը սպանութիւններուն, օտար միջամտութիւնը՝ կանխարգիլելու-սահմանափակելու յարձակումներն ու սպանդը, ապա նաեւ՝ իւրաքանչիւր յարանուանութեան կրած զոհերուն թիւը, կը ներկայացնէ հետեւանքները՝ հրկիզուած տուն ու խանութներու, որբերու եւ այրիներու թիւերը, նիւթական վնասները՝ ըստ գիւղի: Հեղինակը կ'անդրադառնայ նաեւ կոտորածներուն եւ աւերին արտասահմանեան արձագանգին, Մուսա Լեռ փութացուած հայ (միութենական եւ եկեղեցական) թէ օտար նպաստներուն: Հուսկ, հեղինակը կ'արժեւորէ կոտորածէն ետք տեղի ունեցած եւ ջարդարարութեան տարողութեան չհամապատասխանող կեղծ դատավարութիւններուն:Item Անտիպ Փաստաթուղթեր 1909ի Կիլիկեան Կոտորածներու Օրերուն Ալեքսանտրէթի Հայութեան Վիճակին Մասին(2018) Minassian, MihranRelatively little has been written about the small Armenian community of the Alexandretta Sandjak. There are no separate monographs which shed light on the history of the Armenian-inhabited towns and villages of the region. Likewise, there is no separate study of the events that took place in the Sandjak during the 1909 Cilician Massacres. Though the centre of the Sandjak, the city of Alexandretta, was not directly subjected to massacres, nonetheless certain villages of the Sandjak were and had huge human and financial losses, like, for instance, the village of Kerekkhan. Most of its inhabitants was massacred, while some killings, looting and destruction took place in other villages of the Sandjak. These, however, did not become full scale carnage. After a brief overview of the Alexandretta Sandjak, the author highlights Armenian aspects of the region and produces - from the Aleppo Armenian Prelacy - three unpublished documents which shed light on the oppression and violence that the Armenians of the region faced during the Cilician Massacres. The documents are written by the local vice-prelate, Father Krikor Minasian. The first one is a letter describing the prevailing conditions in and around the cities of Alexandretta, Beylan and Chork Marzban and the massacres and looting that took place. The second document is a report about the killings that took place in the villages of the Sandjak, with the names of the victims. The third is a detailed answer to the questionnaire that was sent from Aleppo concerning the killings, looting and related acts that took place in the Sandjak during the atrocities. The documents shed new light on the events and enrich knowledge not only of the history of the Armenians of the Sandjak of Alexandretta but add up to a fuller picture and understanding of the Adana Massacres.Item Հայոց Ցեղասպանութեան Հետեւանքով Կորսուած Հարազատներու Փնտռտուքի Աշխատանքը Սուրիոյ Տարածքին(2018) Minassian, MihranA search operation started as soon as the survivors of the Armenian Genocide had arrived at their new stations. They started to ask questions and inquire about their family members, relatives, and co-villagers. Diverse means were used in this search operation: announcements with the heading "looking for" were printed in newspapers, letters were sent to different addresses, survivors were interrogated, some even returned to Aleppo and the Syrian deserts to conduct searches for their lost ones. Aleppo, as the main center of refugee settlement and as the first station on the road to the Syrian deserts, was the point of convergence for all the attention of those looking for surviving relatives. From all over the world Armenians sent inquiries to the Aleppo Prelacy, diverse compatriotic unions and individuals, always expecting "good news" for recovery of kin. The immense number of inquiries induced the Prelacy to adopt a special search system. Every inquiry was processed by designated personnel; the content of the letter was summarized and immediately communicated to assigned individuals. Alongside query letters addressed to the Prelacy, announcements were often made from the altar of the church by clerics and posted on the walls of the church and other public places. The information gathered was combined and sent to the inquirer. Notwithstanding this extensive and systematic effort, very few were able to find their relatives as most had perished and details of their deaths were unknown.Item Հայ Զինուորական Բժիշկներ. Օսմանեան Բանակից Սիրիահայ Գաղթօճախ(2018) Voskanian, AniThe paper focuses on the immense contribution of Armenian doctors in the development of the field of medicine in Syria. Right after Ottoman Turkey became embroiled in WWI, Ottoman Armenian physicians were conscripted into the Ottoman army. They served not only as doctors but as translators too, since most of them were graduates of European universities. Very few of these doctors survived the war and the Genocide. After the Mudros Armistice, several surviving doctors settled in Syria and joined humanitarian efforts. Some 60 Armenian doctors functioned in Aleppo from the early 1920s up to the end of WWII. Among the demobilized doctors, sergeant Avedis Djebedjian acquired prominence in Aleppo, where he and Dr. Philip Hovnanian established a hospital and contributed to the development of Syrian medicine. Another prominent figure in the field was Dr. Asadur Altounian, who was a champion of the development of medical sciences in the Middle East for over half a century. After establishing himself in Aleppo in the 1890s, Dr. Altounian revolutionised the field by incorporating medical equipment into his practice. He was the first in Syria to order and make use of an X-ray machine from London. With his daughter, Dr. Altounian made great efforts to save orphans and refugees. He was ordered to relocate to Istanbul to give medical support to the Ottoman army. In fact, Djemal Pasha was X-rayed and given medical treatment by Dr. Altounian. In 1927 Altounian established the first nursing school in Aleppo, which had its first graduates in 1931.Item ՀԲԸ Միութեան Հալէպի Ապաստանարան-Արհեստանոցը (1920-1927)(2018) Dakessian, AntranikBetween 1915 and 1917, during the Armenian Genocide, a number of Armenian women and teenage girls were ill-treated and raped on the deportation roads and in the desert camps. Others were kidnapped and still others were taken to houses where they were treated as slaves and physically molested. A small number of women were forced to trade their bodies for survival. The fate of these abused women and girls was critical and needed to be addressed as soon as WWI ended and the Allied Forces took control of the area. As early as 1918 shelter houses were established in different localities like Aleppo, Damascus, Baghdad and Alexandria. Some of these were run by the American Near East Relief Society and other non-Armenian philanthropic groups. The paper studies the Aleppo Shelter-Home. It was founded by the Oriortats Miyutiun in June 1919, sponsored by the AGBU and, as of January 1920, owned by the AGBU but administered and managed by the said Miyutiun. The paper is abused on the extensive (yet short-lived) correspondence and reporting, which existed between the shelter home and the AGBU periodical, and notes. The paper examines the inception and mission of the Shelter-Home, as well as life in it, those who were accepted, the process of their rehabilitation, the care given, the crafts taught (so that the women could make a living) and their eventual reintegration into the Armenian space at large.Item A Brief History of the Khasho Family(2018) Khasho, Yousef AdnanԽաշօ ընտանիքին, ինչպէս նաեւ հայկական ծագում ունեցող այլ ընտանիքներու (Շահին, Թոքաթ, Խուքազ, Թըրք, Խլաթ, Սիքիաս, Մուրատ, Հանունիկ եւն.) անուններուն կը հանդիպինք Սուրիա-Լիբանանի նախաեղեռնեան հայապատումներու մէջ: Հեղինակը՝ ծնունդը Խաշօ ընտանիքին, կը պեղէ պատմութիւնը իր ընտանիքին, որուն անունը տարածուած էր արդէն նախաեղեռնեան Սուրիա-Լիբանանի մէջ: Հիմնուելով ընտանեկան նիւթերու, վկայութիւններու բնակավայր-գիւղի տուեեալներու, ընտանիքի այլ անդամներու թէ ընտանիքի երէց բարեկամներու յիշողութիւններուն վրայ, հեղինակը կ'ընէ կարելի համապարփակ պատումը Խաշօ ընտանիքին: Ան կը բաժնէ ընտանիքին պատմութիւնը հինգ հանգրուաններու՝ սկսելով ընտանիքի ծննդոցէն՝ 1750ականներու Ուրֆայի մէջ, ուրկէ ընտանիքի անդամները պահ մը կ'ուղղուին Կիլիկիա, ապա կ'անցնին Ղնեմիէ, ուրկէ կը տարածուին Լաթաքիա եւ այլուր: Հեղինակը կը մանրամասնէ ընտանիքին դիմագրաւած Եղեռնի մարտահրաւէրները, կը նկարագրէ ընտանիքի տարբեր սերունդներուն ասպարէզային ընդգրկումը, կենսագործունէութիւնը եւ յառաջացուցած փոփոխութիւնը գերդաստանին, անոր ինքնութեան, ընտանեկան պատմութիւնը հասցնելով մինչեւ մեր օրերը:Item Սուրիական Ճեզիրէն եւ Հայերը 1920ականներուն. Ֆրանսական Հոգատարութեան Գաղութատիրական Դրուագ մը(2018) Tachjian, VaheIn the early 1920s thousands of Armenian refugees were settled in the Syrian Jezira district. These new settlements were established at a time when thousands of Armenians had already been settled and had started to make a living in Aleppo, Beirut and Alexandretta refugee camps. These newest refugees coming from Turkey were settled in little known localities like Jezira and elsewhere, far from other Syrian Armenian settlements. The new arrivals were mostly Kurdish-speaking Armenians who had been uprooted from rural regions east of Diarbekir as well as from areas southwest of Bitlis. The paper highlights the settlement of these new incoming refugees and examines their treatment by the French mandate authorities, who had adopted a colonization policy concerning Jazira. The settlement of the refugee Armenians in that area was planned to provide strong leverage for the success of this colonization policy. This is the time when new Armenian settlements like Hasake and Kamishli mushroomed in Syrian Jezira, where the Assyrian and Armenian settlements were envisaged as playing a pivotal role in the adoption of the policy.Item From Refugees to Decent Syrian Citizens: Armenians in Syria Under the French Mandate(2018) Altuğ, SedaՅօդուածը հարցադրումի տակ կ'առնէ պաշտօնական պատմագրութիւնը թէ գաղթական հայերը գրկաբաց ընդունուեցան Սուրիա: Ընդհակառակը, վերլուծական փաստարկներով հեղինակը կ'առարկէ այս փաստերուն, բացայայտելով զարգացումները դէպքերու, իրադարձութիւններու, արաբ ազգայնական եւ կրօնական դէմքերու արտայայտութեանց որոնք սկզբնական ոչ-բարեացակամ ընթացքէ բարեփոխուեցան դրական վերաբերումի: Հեղինակը կը լուսաբանէ ներքին ծալքերը տեղական ընդվզումին դրդապատճառներուն, ինչպէս նաեւ՝ հետեւանքները, ապա նաեւ յառաջացած փոփոխութիւններուն պատճառները եւ այն լուսաբանական եւ հանդարտեցնող դերը զոր հայ կրօնական առաջնորդները ունեցան՝ թիւրիմացութեանց եւ յաւելեալ գրգռութիւններու առաջքը առնելու առումով:Item Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Գործունէութիւնը (2005-2017ի Ամփոփ Պատկեր)(2018) Selimian, HaroutiounThe Armenian evangelical community of Syria has a significant presence in the Armenian spiritual, cultural, and national space of Syria. From the early 1990’s, the community was further and more actively incorporated into the Syrian Armenian space. The community is present in Aleppo, Kesab, Homs and Damascus and is administered by the Central Committee of the Near East Armenian Evangelical Church Union, the Administrative Body of the Armenian Evangelical Community and the Educational Council of the Armenian Evangelical Community. The report highlights the milestones of the community in Syria and describes the socio-cultural, national and spiritual activities of the community prior to and during the war years in Syria. Prior to the war years considerable emphasis was put on Christian education; school buildings as well as the content and quality of the education and learning provided was revised in line with changes in school structure policies by the ministry of education. Tuition fees and financial aid were revised and a secondary section started in 2009. On the cultural side a music school, library and reading hall were launched in 2006. War realities, however, imposed a different agenda. The community became geared more towards social and economic relief by providing food, financial help, medical care, everyday life utilities (gas, water, etc.), and it organized gatherings for children and the elderly. An infirmary was inaugurated in 2013. Due to danger in war zones, certain schools were relocated or had to send their students to other schools. Nonetheless, school jubilees were celebrated, yearbooks were published, and both inter- and intra-communal relations and relations with the Republic of Armenia, the Diaspora and the global Christian community were maintained. In a nutshell, the report emphasizes the fact that against the odds of war the community survived and did its utmost to bear the impact and consequences of the war with strength.Item Սիրիայի Հայ Համայնքի Հետ Տարուող Աշխատանքները(2018) Zakarian, FirdusSome 15-20,000 Syrian-Armenians have taken refuge from the war waging in Syria in the Republic of Armenia. Currently there are 13,000 Syrian-Armenians in Armenia. The paper is an extensive report on the work the Ministry of the Diaspora of the Republic of Armenia, conducted between 2008 and 2015 with the Syrian-Armenians who left Syria because of the ongoing fighting in the country. The Ministry’s initial efforts targeted certain basic issues, namely how to cooperate with the community, survey the difficulties, analyze them and develop methods to resolve them, and incorporate their results in pan-Armenian projects like youth activities, pan-Armenian conferences, and publishing of studies on the issues the community faces. The report details the efforts the state has made regarding the Syrian-Armenian community of Armenia through the Ministry of the Diaspora, which is the coordinator of the efforts and projects produced and conducted by various departments of the government. The efforts include the establishment of an ad hoc team, an interministerial commission, and a coordinating body composed of Syrian-Armenians. Among the practical efforts, the report highlights the easing of visa and naturalization procedures, entitling Syrian-Armenians to use their Syrian cars in Armenia for a period of time without any taxation, providing them with accommodation, health services, job placement services, and legal advice, channeling financial aid and relief to the needy, providing credit to launch businesses, providing free courses to help them integrate into local society, settling them in agricultural areas for land cultivation, providing the children with relevant education and covering the tuition fees of 350 university students, incorporating Syrian-Armenian youth in relevant projects, organizing fund raising cultural events, etc.Item Reconstructing Aleppo(2018) Tokmadjian, ArmenakՍուրիոյ մէջ շարունակուող հակամարտութիւնը բազմաթիւ քաղաքներ ծանրօրէն աւերակեց: Պատմութիւնը կը հաստատէ, սակայն, որ մեծ քաղաքներ – ինչպէս Հալէպը – չեն մեռնիր: Ընդհակառակը, անմիջապէս որ բրտութեան ալիքը դադրի, լայնածիր վերակառուցման աշխատանքներ կը սկսին հոն: Հեղինակը կ'արծարծէ Հալէպի վերակառուցման ծրագրերը: Ան կ'ընդգծէ որ վերակառուցման ծրագիրը պէտք է լաւապէս սերտուի, մտածուի եւ քննարկուի՝ պատերազմի աւարտէն առաջ: Հեղինակը կը հիմնաւորէ իր այս տեսակէտը՝ բերելով օրինակները նախորդ փորձերու, ինչպիսիք են Սարայէւօն եւ Պէյրութը: Զեկոյցը կը մատնանշէ որ յետ-պատերազմեան շտապ վերակառուցումը բազմաթիւ ընկերային, տնտեսական եւ ճարտարապետական բարդութիւններ յառաջացուցած է, որոնցմէ վերոյիշեալ երկու քաղաքները ցարդ կը տառապին: Հեղինակը կը քննադատէ նման շտապողական եւ ոչ-խորապէս քննարկուած վերակառուցումը, ուր նախապատուութիւն կը տրուի տնտեսական շահերու, մինչ նախկին բնակչութեան մեծ շերտ կը մնայ դուրս, եւ մինչ շինարարական ընկերութիւնները կը կառուցեն փայլուն, ապակեպատ շէնքեր, անդին նախկին քաղաքաբնակները կը կառուցեն խրճիթներ՝ ու կ'ընդարձակեն քաղաքը: Հեղինակը կը միտի Պէյրութի եւ Սարայէւոյի փորձէն մեկնելով յառաջադրել վերակառուցման տարբեր ծրագիր մը Հալէպէն:Item Սուրիահայութիւնն Ու Յետպատերազմեան Սուրիան(2018) Hagopjian, KevorkTaking the Syrian’s minorities’ perspectives into consideration, one may argue that neither “Islamism” nor “Arabism” seems likely to unite the diverse communities of Syria. Sectarian tensions among the Muslims; non-Muslim minorities’ and Muslim moderates’ fears of the emergence of an Islamic state; Kurdish (and other ethnic minorities’) concerns about Arabisation are issues that should be taken seriously. Therefore, the adoption of Syrian state citizenship as a unifying factor may lead the diverse multinational and multi-ethnic communities of Syria to reconcile their disagreements. Bearing in mind the integrating role various ethnic and religious minorities played in building modern Syria, Syrian citizenship can serve as a common denominator and ensure equality and the rule of law to all Syrians without any sort of discrimination. In this context, the paper highlights the preoccupations of the Syrian Armenian community concerning the current political instability and Syria’s ambiguous future. The paper notes a number of matters of principle which, arguably, could guarantee minority rights and their sustainability in the Syrian state. These include protection of Armenian identity; equality and non-discrimination; active participation in political social and economic life; respect for human rights provisions; minority group rights vis-à-vis historical or cultural places and transactional considerations; measures against marginalization and exclusion in all walks of Syrian socio-political, cultural and economic life.Item Հալէպահայութեան Կրած Վնասները (Ակնարկ)(2018) Katerdjian, AvoThe author briefly reports on the losses the Armenian community of Syria faced during the war years. Against the backdrop of a general overview of the Armenians of Syria, the report highlights specifically the financial, demographic, cultural, business, and educational losses and implications of the war on the Aleppo Armenians, the new demographic map of the Armenians of Syria and their future prospects.Item Գարեգին Քեսապցի Կաթողիկոսի Բառապաշարը Հայերէնի Հարստացման Միջոց(2018) Mesrobian, HayganushThe published sermons, interpretations and theological research of Karekin I, Catholicos of All Armenians, are among the best expressions of Armenian public speech. Answers are given to a multiplicity of questions in an encyclopedic manner that includes philosophical generalisations. The answers are significantly pictorial and have literary significance since they are expressed in different styles and at times by means of new words, particularly compound words. According to the paper, Catholicos Karekin I brought to life some 2000 new words in Armenian, thus enriching the Armenian lexicon. The paper analyses the formation and structure of these new words, which were molded according to the rules and regulations of Armenian word formation. Alongside these new words, the paper notes that certain other words are used with new connotations and usage. The paper also notes that a large number of these new words come from the Bible, where words like God, Jesus, Christ, Mesrob, light, Armenian, soul, gospel, prayer, saint, disciple, and self constitute the first part of the newly formed compound word. The paper ends by highlighting a number of examples of these new words, which are an interesting combination of Western and Eastern Armenian literary languages.Item The Syrian Armenian Rural Community of Ayn El-Arous(2018) Kellugian Baran, HasmigՀրատարակութիւններու, արխիւային նիւթերու, հարցազրոյցներու, յուշերու, անձնական յիշողութիւններու միջոցով հաւաքուած նիւթի հիմամբ հեղինակը կը վերականգնէ մինչեւ 1950ականներու աւարտը մեծամասնութեամբ հայաբնակ Այն Արուս գիւղին կեանքին պատումը: Հեղինակը կը ներկայացնէ հայոց այդ գիւղ հաստատուելուն նախաեղեռնեան հանգրուանը, ապա՝ Եղեռնէն ետք հոն հաստատուած հայ գաղթականութեան կեանքի պայմանները, կենցաղը, առօրեան, տան եւ առտնին աշխատանքային բաժանումը, այդ աշխատանքներուն ընթացքին տեղաբնիկ օգնականներուն առնչումը, անասնաբուծութիւնը, երկրագործութիւնը եւ հաւաքական աշխատանքներունը, մարանն ու հանդերձանքը, արհեստները, արաբ քոչուոր ցեղերու հետ յարաբերութիւնները, դպրոցական ու եկեղեցական կեանքը, մշակութային թէ մարզական միութիւններուն գործունէութիւնը, հանգստութեան ժամանցները, աւանդական տօնակատարութիւնները եւն.:Item Քեսապը Հայ Գրականութեան Մէջ(2018) Apelian, SilviKesab is an ancient Armenian settlement and a community that has gradually attracted ethnographic interest, particularly during the second half of the 20th Century. During the last six decades Kesab’s dialect, ethnography and folklore have been extensively studied. Kesab and its Armenian community have become the subject of several literary works, too, both poetry and prose. The paper focuses on the presence of Kesab and the Kesab Armenian community in literature. As of the 1940s Kesab is included in informative almanacs and handbooks. Several ethnographic books dedicated to the area were published. Dikran Mandjigian, Mihran Minasian and Hagop Cholakian indulged in the collection of Kesab Armenian folklore and published it. Cholakian published several volumes of his scientific research on Kesab ethnography as well as its dialects, fairy tales, sayings, proverbs, songs, etc. Another significant work is that of Albert Apelian, which was published posthumously. The paper studies the literature which is dedicated to Kesab, grouping the authors as native-born and other. It analyses the content of these writings and the reasons for the authors’ interest. The paper groups these writings in different categories of poetry and prose.