Repository logo
  • English
  • Català
  • Čeština
  • Deutsch
  • Español
  • Français
  • Gàidhlig
  • Italiano
  • Latviešu
  • Magyar
  • Nederlands
  • Polski
  • Português
  • Português do Brasil
  • Suomi
  • Svenska
  • Türkçe
  • Tiếng Việt
  • Қазақ
  • বাংলা
  • हिंदी
  • Ελληνικά
  • Yкраї́нська
  • Log In
    New user? Click here to register.Have you forgotten your password?
Repository logo

Haigazian University

  • Communities & Collections
  • All of DSpace
  • English
  • Català
  • Čeština
  • Deutsch
  • Español
  • Français
  • Gàidhlig
  • Italiano
  • Latviešu
  • Magyar
  • Nederlands
  • Polski
  • Português
  • Português do Brasil
  • Suomi
  • Svenska
  • Türkçe
  • Tiếng Việt
  • Қазақ
  • বাংলা
  • हिंदी
  • Ελληνικά
  • Yкраї́нська
  • Log In
    New user? Click here to register.Have you forgotten your password?
  1. Home
  2. Browse by Author

Browsing by Author "Arda Jebejian"

Now showing 1 - 2 of 2
Results Per Page
Sort Options
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    Armenian-Lebanese Youth and the Construction of Ethnic Identities
    (2009) Arda Jebejian
    Լեզուն մեծ հումք է էթնիք խմբաւորումներու ինքնութեան ընկալումը սերտելու: Ինքնութիւնը, որ բազմազան եւ փոփոխական է, կ'արտացոլայ եւ կը կազմուի լեզուին միջոցաւ: Յօդուածը կը սերտէ 18-23 տարեկան լիբանանահայ երիտասարդներու ինքնութեանց ընկալումը՝ ի մասնաւորի անոնց լեզուական եւ մշակութային վարքին ընդմէջէն, որ իր ազդեցութիւնը կ'ունենայ անոնց ինքնութեան բնութագրումին վրայ: Ինքնութիւն պատկանելիութիւն կը նշանակէ. ան նաեւ առնչուած է ընկերային յարաբերութիւններու: Միւս կողմէ, լեզուի միջոցով է որ մարդ կը յարաբերի, կը սորվի ու կ'արտայայտուի: Ուստի, ինքնութիւնը ինքնին ինքնութիւններու ցանց մըն է, որ կ'արտացոլէ այն բազմաթիւ առնչութիւնները, յիշողութիւնները, նուիրուածութիւնները եւ չքմեղանքները, որոնց մէջէն անհատը կը փորձէ թիավարել՝ վերապրելու եւ ապրելու մանաւանդ հայրենիքէն դուրս տարբեր միջոցներ որդեգրելով: Սփիւռքեան բազմալեզու հաւաքականութիւններ գոյատեւումի կրկնակի մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն: Լիբանանահայ երիտասարդներ հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն բառեր, դարձուածքներ կը գործածեն խօսակցութեան ընթացքին՝ պատկանելիութեան եւ բազմազան ինքնութիւններու խրթին վիճակ մը յառաջացնելով: Յօդուածը կ'ընդգծէ լիբանանահայ երիտասարդներու տեսակէտերը, անոնց լեզուական, լիբանանեան, ազգային եւ սփիւռքեան փորձառութիւնները եւ պատկանելիութիւնները, եւ այդ բոլորին օգտագործումը՝ ինքնութիւն հիւսելու գործընթացին համար: Հայ, լիբանանցի եւ լիբանանահայ ըլլալ նոր նշանակութիւն կը ստանայ: Յստակ է, որ այս սերունդին կատարածը՝ իրենց տարբեր աշխարհներուն մէջ, իրենց տարբեր լեզուներով եւ պատկանելիութիւններով հաւասարակշռութիւն մը գտնելու փորձ է:
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    Patterns of Language Use Among Armenians in Beirut in the Last 95 Years
    (2011) Arda Jebejian
    Յօդուածը նախ կ'անդրադառնայ լեզուապահպանումի եւ լեզուափոխութեան տուն տուող ընկերային, տնտեսական, պատմական, մշակութային եւ այլ ազդակներու՝ ընդգծելու համար որոշ գործօններու ազդեցութիւնը փոքրամասնութիւններու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, եւ ներկայացնելու անոնց լեզուական անդրադարձը ներկայի եւ ապագայի սերունդներուն լեզուապահպանման ճիգերուն վրայ: Յօդուածը հակիրճ կը ներկայացնէ 1915էն ետք Լիբանան հաստատուած հայերուն ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ կրթական իրավիճակները: Ան կը վերլուծէ 18-80 տարեկան պէյրութաբնակ հայերու հայերէնի գործածութեան պարագաները՝ տարբեր միջավայրերու մէջ: Սերտողութիւնը ցոյց կու տայ թէ համայնքին լեզուներու գործածութիւնը փոփոխութեան ենթարկուած է՝ արաբերէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի գործածութիւնը աւելցած է, եւ 40 տարիքէն վար անձեր աւելի հաւանականութիւն ունին զանոնք գործածելու իրենց առօրեային մէջ, որովհետեւ անոնք աւելի առիթներ ունին ոչ-հայ ընկերութեան հետ շփումներ ունենալու՝ բնակութեան վայրի, հաղորդակցութեան, կրթութեան, գործի, եւ այլ պատճառներու բերումով: Հետեւաբար, ըստ ընկերալեզուաբաններու, մայրենի լեզուի պահպանման եւ յաջող փոխանցման համար անհրաժեշտ է որ փոքրամասնութեան անդամները յաճախ հանդիպին, տան մէջ գործածեն իրենց լեզուն, դրական կեցուածք ունենան իրենց մայրենի լեզուին հանդէպ, հեռու մնան օտար ամուսնութիւններէ, նեցուկ կանգնին իրենց դպրոցներուն եւ ամուր պահեն իրենց հաւատքը:
Haigazian Repository
For further information, please contact: Library@haigazian.edu.lb