Armenian-Lebanese Youth and the Construction of Ethnic Identities
Loading...
Date
2009
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Լեզուն մեծ հումք է էթնիք խմբաւորումներու ինքնութեան ընկալումը սերտելու: Ինքնութիւնը, որ բազմազան եւ փոփոխական է, կ'արտացոլայ եւ կը կազմուի լեզուին միջոցաւ:
Յօդուածը կը սերտէ 18-23 տարեկան լիբանանահայ երիտասարդներու ինքնութեանց ընկալումը՝ ի մասնաւորի անոնց լեզուական եւ մշակութային վարքին ընդմէջէն, որ իր ազդեցութիւնը կ'ունենայ անոնց ինքնութեան բնութագրումին վրայ:
Ինքնութիւն պատկանելիութիւն կը նշանակէ. ան նաեւ առնչուած է ընկերային յարաբերութիւններու: Միւս կողմէ, լեզուի միջոցով է որ մարդ կը յարաբերի, կը սորվի ու կ'արտայայտուի: Ուստի, ինքնութիւնը ինքնին ինքնութիւններու ցանց մըն է, որ կ'արտացոլէ այն բազմաթիւ առնչութիւնները, յիշողութիւնները, նուիրուածութիւնները եւ չքմեղանքները, որոնց մէջէն անհատը կը փորձէ թիավարել՝ վերապրելու եւ ապրելու մանաւանդ հայրենիքէն դուրս տարբեր միջոցներ որդեգրելով:
Սփիւռքեան բազմալեզու հաւաքականութիւններ գոյատեւումի կրկնակի մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն: Լիբանանահայ երիտասարդներ հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն բառեր, դարձուածքներ կը գործածեն խօսակցութեան ընթացքին՝ պատկանելիութեան եւ բազմազան ինքնութիւններու խրթին վիճակ մը յառաջացնելով:
Յօդուածը կ'ընդգծէ լիբանանահայ երիտասարդներու տեսակէտերը, անոնց լեզուական, լիբանանեան, ազգային եւ սփիւռքեան փորձառութիւնները եւ պատկանելիութիւնները, եւ այդ բոլորին օգտագործումը՝ ինքնութիւն հիւսելու գործընթացին համար: Հայ, լիբանանցի եւ լիբանանահայ ըլլալ նոր նշանակութիւն կը ստանայ: Յստակ է, որ այս սերունդին կատարածը՝ իրենց տարբեր աշխարհներուն մէջ, իրենց տարբեր լեզուներով եւ պատկանելիութիւններով հաւասարակշռութիւն մը գտնելու փորձ է:
Description
Keywords
Citation
Jebejian, A., "Armenian-Lebanese Youth and the Construction of Ethnic Identities", "Haigazian Armenological Review", 2009, Beirut, pp. 249-270