Armenian-Lebanese Youth and the Construction of Ethnic Identities
| dc.contributor.author | Arda Jebejian | |
| dc.date.accessioned | 2025-11-27T06:59:20Z | |
| dc.date.available | 2025-11-27T06:59:20Z | |
| dc.date.issued | 2009 | |
| dc.description.abstract | Լեզուն մեծ հումք է էթնիք խմբաւորումներու ինքնութեան ընկալումը սերտելու: Ինքնութիւնը, որ բազմազան եւ փոփոխական է, կ'արտացոլայ եւ կը կազմուի լեզուին միջոցաւ: Յօդուածը կը սերտէ 18-23 տարեկան լիբանանահայ երիտասարդներու ինքնութեանց ընկալումը՝ ի մասնաւորի անոնց լեզուական եւ մշակութային վարքին ընդմէջէն, որ իր ազդեցութիւնը կ'ունենայ անոնց ինքնութեան բնութագրումին վրայ: Ինքնութիւն պատկանելիութիւն կը նշանակէ. ան նաեւ առնչուած է ընկերային յարաբերութիւններու: Միւս կողմէ, լեզուի միջոցով է որ մարդ կը յարաբերի, կը սորվի ու կ'արտայայտուի: Ուստի, ինքնութիւնը ինքնին ինքնութիւններու ցանց մըն է, որ կ'արտացոլէ այն բազմաթիւ առնչութիւնները, յիշողութիւնները, նուիրուածութիւնները եւ չքմեղանքները, որոնց մէջէն անհատը կը փորձէ թիավարել՝ վերապրելու եւ ապրելու մանաւանդ հայրենիքէն դուրս տարբեր միջոցներ որդեգրելով: Սփիւռքեան բազմալեզու հաւաքականութիւններ գոյատեւումի կրկնակի մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն: Լիբանանահայ երիտասարդներ հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն բառեր, դարձուածքներ կը գործածեն խօսակցութեան ընթացքին՝ պատկանելիութեան եւ բազմազան ինքնութիւններու խրթին վիճակ մը յառաջացնելով: Յօդուածը կ'ընդգծէ լիբանանահայ երիտասարդներու տեսակէտերը, անոնց լեզուական, լիբանանեան, ազգային եւ սփիւռքեան փորձառութիւնները եւ պատկանելիութիւնները, եւ այդ բոլորին օգտագործումը՝ ինքնութիւն հիւսելու գործընթացին համար: Հայ, լիբանանցի եւ լիբանանահայ ըլլալ նոր նշանակութիւն կը ստանայ: Յստակ է, որ այս սերունդին կատարածը՝ իրենց տարբեր աշխարհներուն մէջ, իրենց տարբեր լեզուներով եւ պատկանելիութիւններով հաւասարակշռութիւն մը գտնելու փորձ է: | |
| dc.identifier.citation | Jebejian, A., "Armenian-Lebanese Youth and the Construction of Ethnic Identities", "Haigazian Armenological Review", 2009, Beirut, pp. 249-270 | |
| dc.identifier.uri | https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/996 | |
| dc.title | Armenian-Lebanese Youth and the Construction of Ethnic Identities |
Files
Original bundle
1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
- Name:
- Arda Jebejian, Armenian-Lebanese Youth and the Construction of Ethnic Identities.pdf
- Size:
- 2.83 MB
- Format:
- Adobe Portable Document Format
License bundle
1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
- Name:
- license.txt
- Size:
- 1.71 KB
- Format:
- Item-specific license agreed to upon submission
- Description: