Repository logo
  • English
  • Català
  • Čeština
  • Deutsch
  • Español
  • Français
  • Gàidhlig
  • Italiano
  • Latviešu
  • Magyar
  • Nederlands
  • Polski
  • Português
  • Português do Brasil
  • Suomi
  • Svenska
  • Türkçe
  • Tiếng Việt
  • Қазақ
  • বাংলা
  • हिंदी
  • Ελληνικά
  • Yкраї́нська
  • Log In
    New user? Click here to register.Have you forgotten your password?
Repository logo

Haigazian University

  • Communities & Collections
  • All of DSpace
  • English
  • Català
  • Čeština
  • Deutsch
  • Español
  • Français
  • Gàidhlig
  • Italiano
  • Latviešu
  • Magyar
  • Nederlands
  • Polski
  • Português
  • Português do Brasil
  • Suomi
  • Svenska
  • Türkçe
  • Tiếng Việt
  • Қазақ
  • বাংলা
  • हिंदी
  • Ελληνικά
  • Yкраї́нська
  • Log In
    New user? Click here to register.Have you forgotten your password?
  1. Home
  2. Browse by Author

Browsing by Author "Armin Kredian"

Now showing 1 - 1 of 1
Results Per Page
Sort Options
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    The Armenian Community in Egypt: World War I and Genocide 1914-1919
    (2015) Armin Kredian
    Ուսումնասիրութիւնը կը քննէ Եգիպտոսի Ազգային Գաւառական Ժողովին դերը հայոց տագնապին մէջ, Ա. Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին Եգիպտոսի ունեցած ռազմաքաղաքական դիրքին ենթախորքին վրայ: Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի առաջացուցած քաղաքական կարեւորագոյն փոփոխութիւններէն մին հանդիսացաւ Օսմանեան Կայսրութեան անկումը: Օսմանեան իշխանութիւններու որոշումը՝ ներքաշուելու Համաշխարհային Պատերազմ, նշանակեց ամբողջ Միջին Արեւելքի ընդգրկումը առաւելաբար եւրոպական պատերազմի մը մէջ: Միւս կողմէն, Սուէզի Ջրանցքին ռազմագիտական կարեւորութեան պատճառով, Մեծն Բրիտանիա պատերազմի մէջ քաշեց Եգիպտոսը, որ Օսմանեան Կայսրութեան անուանական գերիշխանութեան տակ էր: Ա. Համաշխարհային Պատերազմի վաղորդայնին, Եգիպտոսի մէջ գոյութիւն ունէր փոքր, բայց կազմակերպուած հայկական գաղութ մը: Պատերազմի խառնակ տարիներուն, Գահիրէի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջնորդարանը վճռական դեր ստանձնեց շրջանին մէջ, մինչ հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէր ազգային աննախադէպ Աղէտը: Եգիպտոսի ռազմագիտական դիրքը՝ Օսմանեան Պաղեստինի եւ Սուրիոյ ռազմաճակատին սահմանակցութիւնը, շեշտաւորեց Գահիրէի Առաջնորդարանին աշխարհագրաքաղաքական կարեւորութիւնը, իբրեւ լաւապէս հաստատութենականացած վարչական կեդրոն մը: Ան մօտ էր Օսմանեան տարածքին, ուր հայոց ոչնչացումի գործընթացը սկիզբ առած էր եւ հայութեան բնօրրանին ճակատագիրը կը վճռուէր: Աւելին, 1914ի սկիզբէն եւեթ, բրիտանական զինուորական իշխանութիւնները Միջին Արեւելքի մէջ թշնամիէն գրաւուած հողատարածքներու վրայ բնակող բոլոր հայերուն ազգային վարչական կեդրոնը նկատեցին Գահիրէի Հայոց Առաջնորդարանը: Ուստի, 1915էն սկսեալ, պատերազմի ամբողջ տեւողութեան եւ մինչեւ 1919, Եգիպտոսի Ազգային Գաւառական Ժողովը ծանրաբեռնուեցաւ շրջանի զանազան վայրերէն Գահիրէի Առաջնորդարանին վրայ տեղացող բազմաբազում դիմումներով: Օրինակ, Կովկասէն կը դիմէին օգնելու համար պատերազմի գօտիի գաղթականներուն եւ աջակցելու ռուսական բանակի կամաւորներուն: Կոստանդնուպոլիսէն, փրկուած աքսորեալներ անմիջական յատկացումներ կը խնդրէին՝ անխուսափելի մահէ ազատելու համար: Միւս կողմէն, Փորթ Սայիտի մէջ մուսալեռցի 4200 հայ գաղթականներ հոգածութեան կարիք ունէին: 1916ին սկիզբ առաւ Արեւելեան Լեգէոնին յառաջացման համար կամաւորներ զինուորագրելու հարցը:
Haigazian Repository
For further information, please contact: Library@haigazian.edu.lb