The Armenian Community in Egypt: World War I and Genocide 1914-1919
Loading...
Date
2015
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Ուսումնասիրութիւնը կը քննէ Եգիպտոսի Ազգային Գաւառական Ժողովին դերը հայոց տագնապին մէջ, Ա. Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին Եգիպտոսի ունեցած ռազմաքաղաքական դիրքին ենթախորքին վրայ:
Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի առաջացուցած քաղաքական կարեւորագոյն փոփոխութիւններէն մին հանդիսացաւ Օսմանեան Կայսրութեան անկումը: Օսմանեան իշխանութիւններու որոշումը՝ ներքաշուելու Համաշխարհային Պատերազմ, նշանակեց ամբողջ Միջին Արեւելքի ընդգրկումը առաւելաբար եւրոպական պատերազմի մը մէջ: Միւս կողմէն, Սուէզի Ջրանցքին ռազմագիտական կարեւորութեան պատճառով, Մեծն Բրիտանիա պատերազմի մէջ քաշեց Եգիպտոսը, որ Օսմանեան Կայսրութեան անուանական գերիշխանութեան տակ էր:
Ա. Համաշխարհային Պատերազմի վաղորդայնին, Եգիպտոսի մէջ գոյութիւն ունէր փոքր, բայց կազմակերպուած հայկական գաղութ մը: Պատերազմի խառնակ տարիներուն, Գահիրէի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջնորդարանը վճռական դեր ստանձնեց շրջանին մէջ, մինչ հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէր ազգային աննախադէպ Աղէտը: Եգիպտոսի ռազմագիտական դիրքը՝ Օսմանեան Պաղեստինի եւ Սուրիոյ ռազմաճակատին սահմանակցութիւնը, շեշտաւորեց Գահիրէի Առաջնորդարանին աշխարհագրաքաղաքական կարեւորութիւնը, իբրեւ լաւապէս հաստատութենականացած վարչական կեդրոն մը: Ան մօտ էր Օսմանեան տարածքին, ուր հայոց ոչնչացումի գործընթացը սկիզբ առած էր եւ հայութեան բնօրրանին ճակատագիրը կը վճռուէր: Աւելին, 1914ի սկիզբէն եւեթ, բրիտանական զինուորական իշխանութիւնները Միջին Արեւելքի մէջ թշնամիէն գրաւուած հողատարածքներու վրայ բնակող բոլոր հայերուն ազգային վարչական կեդրոնը նկատեցին Գահիրէի Հայոց Առաջնորդարանը:
Ուստի, 1915էն սկսեալ, պատերազմի ամբողջ տեւողութեան եւ մինչեւ 1919, Եգիպտոսի Ազգային Գաւառական Ժողովը ծանրաբեռնուեցաւ շրջանի զանազան վայրերէն Գահիրէի Առաջնորդարանին վրայ տեղացող բազմաբազում դիմումներով: Օրինակ, Կովկասէն կը դիմէին օգնելու համար պատերազմի գօտիի գաղթականներուն եւ աջակցելու ռուսական բանակի կամաւորներուն: Կոստանդնուպոլիսէն, փրկուած աքսորեալներ անմիջական յատկացումներ կը խնդրէին՝ անխուսափելի մահէ ազատելու համար: Միւս կողմէն, Փորթ Սայիտի մէջ մուսալեռցի 4200 հայ գաղթականներ հոգածութեան կարիք ունէին: 1916ին սկիզբ առաւ Արեւելեան Լեգէոնին յառաջացման համար կամաւորներ զինուորագրելու հարցը:
Description
Keywords
Citation
Kredian, A., "The Armenian Community in Egypt: World War I and Genocide 1914-1919", "Haigazian Armenological Review", 2015, Beirut, pp. 201-248