Repository logo
  • English
  • Català
  • Čeština
  • Deutsch
  • Español
  • Français
  • Gàidhlig
  • Italiano
  • Latviešu
  • Magyar
  • Nederlands
  • Polski
  • Português
  • Português do Brasil
  • Suomi
  • Svenska
  • Türkçe
  • Tiếng Việt
  • Қазақ
  • বাংলা
  • हिंदी
  • Ελληνικά
  • Yкраї́нська
  • Log In
    New user? Click here to register.Have you forgotten your password?
Repository logo

Haigazian University

  • Communities & Collections
  • All of DSpace
  • English
  • Català
  • Čeština
  • Deutsch
  • Español
  • Français
  • Gàidhlig
  • Italiano
  • Latviešu
  • Magyar
  • Nederlands
  • Polski
  • Português
  • Português do Brasil
  • Suomi
  • Svenska
  • Türkçe
  • Tiếng Việt
  • Қазақ
  • বাংলা
  • हिंदी
  • Ελληνικά
  • Yкраї́нська
  • Log In
    New user? Click here to register.Have you forgotten your password?
  1. Home
  2. Browse by Author

Browsing by Author "Arto Tavukciyan"

Now showing 1 - 3 of 3
Results Per Page
Sort Options
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    Armenians and Oriental Carpets in the Late Ottoman Empire (1890s-1910s)
    (2022) Arto Tavukciyan
    Յօդուածը կը զարգացնէ փրոֆեսոր Եաշար Թոլկա Քորայի վերջերս լոյս ընծայած տեսական յօդուածը եւ կը հարստացնէ զայն նոր աղբիւրներով, փաստարկներով ու երեսակներով: Քորա իր տեսական յօդուածին մէջ ("The Market as a Means of Post-Violence Recovery: Armenians and Oriental Carpets in the Late Ottoman Empire (c. 1890s-1910s)"), կը հաւաստէ թէ նիւթապէս խոցելի եւ խեղճ հաւաքականութիւններու համար գորգագործութիւնը էական աղբիւր մը եղած է եկամուտի եւ տնտեսական վերականգնումի: Այս վարկածին իբրեւ ապացոյց, Քորա կը բերէ օրինակը մանաւանդ համիտեան ջարդերու հետեւանքով արեւմտահայ ընտանիքներու տնտեսական խղճալի վիճակին, երբ այդ ընտանիքներու այրերը՝ եկամտաբեր անձը, սպանուած էր ու ընտանիքը զրկուած՝ նիւթական աղբիւրէ, մատնուած անճարութեան: Քորա կը հաւաստէ, թէ այս պայմաններուն մէջ արեւմտեան միսիոնարները օժանդակեցին այրի հայ ընտանիքներուն որ լծուին գորգագործութեան, օգնեցին զարգացնել այդ արհեստը, որուն հետեւանքով ալ Օսմանեան կայսրութեան գորգագործական հակակշիռն ու ծանրութիւնը անցան արեւմտեան միքանի նահանգներէ արեւելեան նահանգներ, մանաւանդ հայկական վեց վիլայէթներ ու Կիլիկիա: Թաւուքճեան կը զարգացնէ Քորայի այս գաղափարը, կը բերէ յաւելեալ ապացոյցներ Արշակ Ալպօյաճեանի եւ այլոց աշխատասիրութիւններէն, առաւել հիմնաւորելու համար զայն: Ան կը վիճարկէ թէ այրի հայ ընտանիքները մեծ կարիքն ունէին վերապրելու եւ գոյատեւելու: Այս պատճառով ալ անոնք լծուեցան աժան ձեռավարձքով գորգագործւոթեան: Ասոր հետեւանքով այրի հայ ընտանիքներու գորգերը մրցունակ դարձան՝ նիւթապէս: Պէտք է աւելցնել նաեւ, թէ գորգագործութեամբ բանեցան ոչ միայն այրի կանանց նուրբ ձեռքերը, այլեւ որբ մնացած աղջիկներու փոքր մատները՝ որով այս գորգերը հիւսուեցան աւելի խիտ ու դարձան որակապէս առաւել մրցունակ: Միւս կողմէ, բացատրելով թէ օտար մարդուն արգիլուած էր թուրք տուն մտնել եւ շփուիլ թուրք կնոջ հետ, Թաւուքճեան կը պնդէ թէ հետեւաբար թուրք կինը չէր կրնար գորգ գործել, մինչ հայ կինը չունէր գորգագործութեան խնդրով օտար մարդ ընդունելու արգելքը: Ուսումնասիրութիւնը յաւելեալ թափ կու տայ մանաւանդ վերջին տասնամեակներուն՝ «օսմանեան» գորգերը «թրքական» վերակոչելու հակագիտական համակարգուած ճիգերու հերքումին:
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    Misattributions of Armenian Mafrashes and the Myth of the Shahsevan Pile Rug
    (2024) Arto Tavukciyan
    Յօդուածագիրը, ինչպէս իր նախորդ յօդուածին մէջ («Յամեցող սխալապաւոումներ 20րդ դարու արեւմտեան գորգագիտութեան մէջ», ՀՀՀ, ԽԳ(2):2023, էջ 439-48), այստեղ եւս կը ներկայացնէ արեւմտեան գորգագիտութեան մէջ տեղգտած այլ յատկանշական սխալ մը՝ Շահսեւան յորջորջուած գորգերու եւ նախշատեսակներու մասին: Հիմնուելով ամուր փաստերու եւ վկայութիւնն եր ու վրայ, հեղինակը կը վիճարկէ Փարուէզ Թանատլիին փաստարկները, որով վերջինս 18-19րդ գարուն հիւսուած կարգ մը գորգեր «Շահսեւան» կը համարէ: Թատւքճեան կը հաւաստէ, թէ գորգ կրնայ հիւսուիլ միայն նստակեաց ժողովուրդներու կողմէ, մինչ թափառական ցեղախումբեր կարճատեւ կը մնան որեւէ տարածքի վրայ, իսկ Շահսեւան ցեղախումբին բռնի նստակեացութիւն պարտադրուած է 1930ականներուն: Միաժամանակ, յօդուածագիրը 19րդ դարու հայկական գորգեր օրինակ բերելով ասպարէզ կը կարդայ Թանաւոլիի, որ ի յայտ բերէ գէթ մէկ հատիկ օրինակ' Շահսեւաններուն հիւսած 19րդ դարու այս գորգերէն: Այդուհանդերձ, հեղինակը կը բացատրէ նաեւ այս յորջորջումին տարածումին շուկայական պատճառը, ընդգծելով որ գնորդին կամ հաւաքորդին համար աւելի գրաւիչ կը հնչէ ունենալ գորգը ցեղախումբի մը, որուն կիները լեռնային արօտավայրերուն վրայ գորգ կը հիւսեն քիչ ատենով նստակեաց ըլլալով հանդերձ...:
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    The Persistence of Misleadign Western Narratives in 20th Century Rug Scholarship
    (2023) Arto Tavukciyan
    Յօդուածը կ'անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք արեւելեան գորգարուեստին մէջ հայկական ազդեցութեան շուրջ գիտական փաստագրութեան դիմափոխումին: Ան կը բացատրէ, թէ ԺԹ. դարուն, արեւելեան գորգարուեստին վրայ հայկական ազդեցութեան փաստը գիտական շրջանակներու կողմէ ընդունուած էր ամէնուրեք: Սակայն Ի. դարուն եւ Հայոց ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք, շրջադարձ մը կատարուեցաւ եւ նոր պատում մը յառաջացաւ, ուր լուսարձակի տակ առնուեցաւ ԺԲ. դարէն սկսեալ Կեդրոնական Ասիայէն Փոքր Ասիա ներխուժող ու հաստատուող թուրք թափառաշրջիկ ցեղախումբերու կողմէ իբր թէ գործուած գորգերու ազդեցութիւնը: Յիրաւի, հայկական նպաստը վերագրուեցաւ ասոնց, անտեսումի ու մոռացումի մատնելով հայութեան նպաստը գորգագործութեան: Յօդուածը կը հակադարձէ այս պատումին եւ իբրեւ օրինակ կը բերէ արեւելեան գորգերու վրայ յաճախ գործուած երեք՝ խեչաբարի, 'տերեւ ու բաժակ'ի (կամ գինեբաժակի եզերքի) ու թալիշեան վարդակի զարդանախշերը: Հեղինակը կը քննէ ու կը վերլուծէ ասոնք եւ ասոնց աղբիւրները կը մատնանշէ ուրարտական ու վաղմիջնադարու հայկական մշակութային այլեւայլ դրսեւորումներու մէջ:
Haigazian Repository
For further information, please contact: Library@haigazian.edu.lb