Misattributions of Armenian Mafrashes and the Myth of the Shahsevan Pile Rug
Loading...
Date
2024
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Յօդուածագիրը, ինչպէս իր նախորդ յօդուածին մէջ («Յամեցող սխալապաւոումներ 20րդ դարու արեւմտեան գորգագիտութեան մէջ», ՀՀՀ,
ԽԳ(2):2023, էջ 439-48), այստեղ եւս կը ներկայացնէ արեւմտեան գորգագիտութեան մէջ տեղգտած այլ յատկանշական սխալ մը՝ Շահսեւան յորջորջուած
գորգերու եւ նախշատեսակներու մասին:
Հիմնուելով ամուր փաստերու եւ վկայութիւնն եր ու վրայ, հեղինակը կը վիճարկէ Փարուէզ Թանատլիին փաստարկները, որով վերջինս 18-19րդ գարուն հիւսուած
կարգ մը գորգեր «Շահսեւան» կը համարէ: Թատւքճեան կը հաւաստէ, թէ գորգ կրնայ հիւսուիլ միայն նստակեաց ժողովուրդներու կողմէ, մինչ թափառական
ցեղախումբեր կարճատեւ կը մնան որեւէ տարածքի վրայ, իսկ Շահսեւան ցեղախումբին բռնի նստակեացութիւն պարտադրուած է 1930ականներուն: Միաժամանակ, յօդուածագիրը 19րդ դարու հայկական գորգեր օրինակ բերելով ասպարէզ կը կարդայ Թանաւոլիի, որ ի յայտ բերէ գէթ մէկ հատիկ օրինակ' Շահսեւաններուն հիւսած 19րդ դարու այս գորգերէն:
Այդուհանդերձ, հեղինակը կը բացատրէ նաեւ այս յորջորջումին տարածումին շուկայական պատճառը, ընդգծելով որ գնորդին կամ հաւաքորդին համար աւելի գրաւիչ կը հնչէ ունենալ գորգը ցեղախումբի մը, որուն կիները լեռնային արօտավայրերուն վրայ գորգ կը հիւսեն քիչ ատենով նստակեաց ըլլալով հանդերձ...:
Description
Keywords
Citation
Tavukciyan, A., "Misattributions of Armenian Mafrashes and the Myth of the Shahsevan Pile Rug", "Haigazian Armenological Review", 2024, 44/2, Beirut, pp. 47-60