Browsing by Author "Bedros Torosian"
Now showing 1 - 3 of 3
Results Per Page
Sort Options
Item A Reflection of the Constitutional Ramgavar Youth's Political Thinking During 1912-1913 Via Istanbul-Based Veradzenunt(2018) Bedros Torosian1912ին, իր հիմնադրութենէն քանի մը ամիս ետք, Հայ Սահմանադիր Ռամկավար Կուսակցութեան Համալասարանական Միութիւնը սկսաւ հրատարակել իր պաշտօնական օրկանը՝ Վերածնունդ ամսագիրը Պոլսոյ մէջ: Պարբերաթերթին կ'աշխատակցին արեւմտահայ երիտասարդ մտաւորականներ, ինչպէս՝ Ռուբէն Կամսարական, Լեւոն Աճէմեան, Արմենակ Հայկունի, Յովհաննէս Պօղոսեան, Միքայէլ Նաթանեան: Հեղինակը օգտագործելով Վերածնունդը իբրեւ սկզբնաղբիւր՝ կը ներկայացնէ քիչ ուսումնասիրուած հայ սահմանադիր ռամկավար երիտասարդութեան քաղաքական միտքը եւ անոր որդեգրած դիրքը օսմանեան հայրենիքին թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին քաղաքական իրադարձութիւններուն հանդէպ, «օսմանցիութեան» գաղափարախօսութեան եւ՝ սահմանադրութեան հանդէպ: Միաժամանակ, յօդուածը լուսարձակի տակ կ'առնէ սահմանադիր ռամկավարներու ըմբռնումները հայ ազգային կեանքին նկատմամբ:Item Different Ways of Interpreting the Armenian Genocide of 1915(2017) Bedros TorosianՀեղինակը կը ներկայացնէ պատմաբաններ Հիլմար Քայզէրի եւ Ստեփան Աստուրեանի տարբեր մօտեցումները 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան մեկնաբանման շուրջ: Երկու ուսումնասէրները կ'ընդունին Հայոց Ցեղասպանութեան գործադրումը իբրեւ պատմական ճշմարտութիւն: Քայզէր կը ծանրանայ քաղաքական եւ տնտեսական պատճառներուն, մասնաւորաբար՝ Պաղտատի Երկաթուղիին ունեցած կարեւոր դերին վրայ՝ Ցեղասպանութեան իրագործման մէջ, իսկ Աստուրեան կը շեշտէ Անատոլիոյ եւ Կիլիկիոյ մէջ հողին դերը՝ Ցեղասպանութեան գործադրման մէջ: Ան նաեւ կ'անդրադառնայ տեղական եւ միջազգային իրադարձութիւններուն, ընկերային եւ տնտեսական պարագաներուն: Աստուրեանի համաձայն Ցեղասպանութիւնը արդէն արմատ կ'առնէ 1860ականներէն, իր գագանթակէտին հասնելով 1915ին, իսկ ըստ Քայզէրի՝ Ցեղասպանութիւնը տեղի կ'ունենայ 1915ին:Item In Search of Haven and Seeking Fortune: The Economic Role of Ottoman Armenian Migrants in British-Occupied Egypt (1882-1914) (Part II)(2022) Bedros TorosianՊատմաբանները ընդհանրապէս կը խօսին Եգիպտոսի ԺԹ․ դարավերջ-Ի․ դարասկիզբի յոյն եւ հրեայ փոքրամասնութիւններու ունեցած տնտեսական դերին մասին, մինչ հարեւանցի կ'ակնարկեն եգիպտահայոց։ Իսկ Լորտ Քրոմը գրած էր, թէ հայերը մեծամասնութեամբ խանութպաններ էին։ Այստեղ լուսարձակի տակ կ'առնուի հայ ներդրումը Եգիպտոսի լուսանկարչական եւ ծխախոտի արդիւնաբերութեան, որոնց վրայ օսմանցի հայ գաղթականներ յաջողած էին գրեթէ մենաշնորհ հաստատել, հասնելով բարձր համբաւի տեղական (եգիպտական) եւ միջազգային շուկաներուն մէջ։