Browsing by Author "Bedros Torossian"
Now showing 1 - 2 of 2
Results Per Page
Sort Options
Item In Search of a Haven and Seeking Fortune: The Economic Role of Ottoman Armenian Migrants in British-Occupied Egypt (1882-1914) (Part I.)(2020) Bedros TorossianՊատմաբանները ընդհանրապէս կը խօսին Եգիպտոսի ԺԹ. դարավերջ-Ի. դարասկիզբի յոյն եւ հրեայ փոքրամասնութիւններու ունեցած տնտեսական դերին մասին, մինչ հարեւանցի կ'ակնարկեն եգիպտահայոց: Իր գիրքին մէջ Modern Egypt (1908), Եգիպտոսի անգլիական տիրապետութեան ներկայացուցիչ եւ լիազօր յանձնակատար՝ Լորտ Քրոմըր, նսեմացնելով հայոց տնտեսական դերը գրած էր, թէ հայերը մեծամասնութեամբ խանութպաններ էին: Այս յօդուածը հակադրուելով այդ տեսակէտին, լուսարձակի տակ կ'առնէ հայոց բազմակողմանի եւ կարեւոր ներդրումը Եգիպտոսի տնտեսութեան: Ի տարբերութիւն ԺԹ. դարասկիզբին, դարավերջին արդէն հայերը ո՛չ միայն պետական պաշտօնեաներ էին, այլեւ՝ անոնց ճաշարանատէրեր, բժիշկներ, իրաւաբաններ, ճարտարապետեր, լուսանկարիչներ, խմբագիրներ եւ լրագրողներ, ոսկերիչներ, արհեստաւորներ, դերձակներ եւ կօշկակարներ: Անոնցմէ ոմանք մինչեւ իսկ յաջողած էին մուտք գործել ծխախոտի արդիւնաբերութեան մարզ, հիմնելով բազմաթիւ գործարաններ: Այս բոլորը ամուր վկայութիւնն են եգիպտահայութեան՝ Եգիպտոսի տնտեսութեան ունեցած բազմաբնոյթ նպաստին:Item The Roles of Turkish and American Orphanages in Influencing Armenian Identities(2016) Bedros TorossianՅուշերու, Նիր Իսթ Րիլիֆի մամուլի արխիւային նիւթերու եւ այլեւայլ կողմնակի տուեալներու լոյսին տակ, հեղինակը լուսարձակի տակ կ'առնէ ամերիկեան եւ թրքական (Այնթուրա) որբանոցներու մէջ հայ որբանոցայիններուն ջամբուած ինքնութեան դաստիարակութիւնը։ Ըստ հեղինակին, լեզուի, կրօնքի, մարզանքի, երգի եւ երաժշտութեան, եւ այլ նիւթերու դասաւանդման դրդապատճառներն ու նպատակները տարբեր ելակէտեր ունէին։ Հայ որբանոցայիններուն հանդէպ մօտեցումն ալ ըստ տեղի ու ժամանակի եւ տնօրինող կազմակերպութեան՝ կը տարբերէր։ Կը պատահէր նաեւ, որ որբանոցի մը տնօրինումը ստանձնած մարմինը բարեփոխութեան ենթարկէ իր դաստիարակութեան մօտեցումը եւ ուսումնակրթական ծրագիրը։