The Roles of Turkish and American Orphanages in Influencing Armenian Identities

Abstract
Յուշերու, Նիր Իսթ Րիլիֆի մամուլի արխիւային նիւթերու եւ այլեւայլ կողմնակի տուեալներու լոյսին տակ, հեղինակը լուսարձակի տակ կ'առնէ ամերիկեան եւ թրքական (Այնթուրա) որբանոցներու մէջ հայ որբանոցայիններուն ջամբուած ինքնութեան դաստիարակութիւնը։ Ըստ հեղինակին, լեզուի, կրօնքի, մարզանքի, երգի եւ երաժշտութեան, եւ այլ նիւթերու դասաւանդման դրդապատճառներն ու նպատակները տարբեր ելակէտեր ունէին։ Հայ որբանոցայիններուն հանդէպ մօտեցումն ալ ըստ տեղի ու ժամանակի եւ տնօրինող կազմակերպութեան՝ կը տարբերէր։ Կը պատահէր նաեւ, որ որբանոցի մը տնօրինումը ստանձնած մարմինը բարեփոխութեան ենթարկէ իր դաստիարակութեան մօտեցումը եւ ուսումնակրթական ծրագիրը։
Description
Keywords
Citation
Torossian, B., "The Roles of Turkish and American Orphanages in Influencing Armenian Identities", "Haigazian Armenological Review", 2016, Beirut, pp. 257-268
DOI
Collections