Browsing by Author "Grzegorz Pelczynski"
Now showing 1 - 2 of 2
Results Per Page
Sort Options
Item Armenians in Jozef Lobodowski's The Ukrainian Trilogy(2024) Grzegorz PelczynskiՅօդուածը նուիրուած է լեհ աքսորական գրող Եոզէֆ Լոպոտովսքիի (1909-1988) ''Ուքրանական եռագրութիւն'' անուանուած վիպաշարքին մէջ հայկական ներկայութեան: Եռագրութիւնը - բաղկացած երեք վէպերէ - Komysze (Մացառուտ, 1955), W Stanicy (Յառաջագոյն դիրքը, 1958), Droga powrotna (Վերադարձի ճամփան, 1960), հիմնուած է փորձառութեան վրայ հեղինակին, որ իր պատանութիւնը՝ առաջին համաշխարհայինի եւ յաջորդող համայնավար յեղափոխութեան առաջին տարրիները անցուցած է Քուպանի մէջ: Այս վէպերը լոյս տեսած են նախ արտասահմանի մէջ, 1955-61 տարիներուն, եւ միայն վերջերս - Լեհաստանի ապախորհրդայնացումէն ետք - Լեհաստանի մէջ, 2016-20ին: Յօդուածագիրը կը վիճարկէ թէ եռագրութեան մէջ հայերը լոկ արեւելեան յարդարանք մը չեն: Այլ, Լոպոտովսքի աւելի խորունկ նպատակ մը հետապնդած է ընդգրկելով հայերը, ջանալով հաւաստել թէ վէպին հերոսին՝ Սթաշ Մայեւսքիին եւ հայ Կրիշա Աշվայեանցին միջեւ հաստատուած բարեկամութիւնը չ'ենթադրեր լոկ անհաւատալի արկածախնդրութիւններու շարք մը, այլ կ'արտացոլացնէ տկարներու դաշինք մը՝ սպառնացող ուժերու դէմ: Այս դաշինքը միայն անձնական-անհատական բնոյթ չունի, այլ՝ հաւաքական ու ընդհանրական:Item Armenians in Poland in the 20th century(2019) Grzegorz PelczynskiՀայեր վաղուց հաստատուած են հարաւ-արեւելեան Լեհաստան: ԺԸ. դարավերջէն հարաւ-արեւելեան Լեհաստանի տարածքները կցուեցան Աւստրիոյ, իսկ վերակցուեցան Լեհաստանին՝ Ա. Համաշխարհայինէն ետք, երբ այնտեղի հայութիւնը կը հաշուէր շուրջ 5000 հոգի: Հայերը կը բնակէին մանաւանդ Լվովի, Սթանիսլաւովի, Թիշմենիցայի, Շնիաթինի եւ Քութիի մէջ: Անոնցմէ շատեր կալուածատէրեր եւ գործարանատէրեր էին: Ուրիշներ՝ նշանաւոր մտաւորականներ ու արուեստագէտներ, նաեւ՝ քաղաքագէտներ: Անոնց ամէնէն նշանաւորը Եոզէֆ Թէոտորովիչն էր՝ Լեհաստանի հայ կաթողիկէ եկեղեցիին արքեպիսկոպոսը, որ նաեւ քաղաքագէտ էր եւ ականաւոր աստուածաբան: Բ. Համաշխարհայինէն ետք, հայերու բնակած տարածքները գրաւուեցան Սովետ Միութեան կողմէ: Լեհահայերէն շատեր տեղահանուեցան եւ բնակութիւն հաստատեցին Լեհաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան տարբեր քաղաքներուն մէջ: Երկար տասնամեակներ անոնք մշակութային փոքր գործունէութիւն կը ծաւալէին միայն: Շատեր կը կարծէին որ անոնք ձուլուած են այլեւս: Սակայն 1960ականներուն անոնք ազգային զարթօնք ապրեցան, իսկ 1990ականներուն, հազարաւոր հայաստանահայեր հաստատուելով Լեհաստան ստուարացուցին Լեհաստանի հայօճախը: