Armenians in Poland in the 20th century
Loading...
Date
2019
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Հայեր վաղուց հաստատուած են հարաւ-արեւելեան Լեհաստան:
ԺԸ. դարավերջէն հարաւ-արեւելեան Լեհաստանի տարածքները կցուեցան Աւստրիոյ, իսկ վերակցուեցան Լեհաստանին՝ Ա. Համաշխարհայինէն ետք, երբ այնտեղի հայութիւնը կը հաշուէր շուրջ 5000 հոգի: Հայերը կը բնակէին մանաւանդ Լվովի, Սթանիսլաւովի, Թիշմենիցայի, Շնիաթինի եւ Քութիի մէջ: Անոնցմէ շատեր կալուածատէրեր եւ գործարանատէրեր էին: Ուրիշներ՝ նշանաւոր մտաւորականներ ու արուեստագէտներ, նաեւ՝ քաղաքագէտներ: Անոնց ամէնէն նշանաւորը Եոզէֆ Թէոտորովիչն էր՝ Լեհաստանի հայ կաթողիկէ եկեղեցիին արքեպիսկոպոսը, որ նաեւ քաղաքագէտ էր եւ ականաւոր աստուածաբան:
Բ. Համաշխարհայինէն ետք, հայերու բնակած տարածքները գրաւուեցան Սովետ Միութեան կողմէ: Լեհահայերէն շատեր տեղահանուեցան եւ բնակութիւն հաստատեցին Լեհաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան տարբեր քաղաքներուն մէջ: Երկար տասնամեակներ անոնք մշակութային փոքր գործունէութիւն կը ծաւալէին միայն: Շատեր կը կարծէին որ անոնք ձուլուած են այլեւս: Սակայն 1960ականներուն անոնք ազգային զարթօնք ապրեցան, իսկ 1990ականներուն, հազարաւոր հայաստանահայեր հաստատուելով Լեհաստան ստուարացուցին Լեհաստանի հայօճախը:
Description
Keywords
Citation
Pelczynski, G., "Armenians in Poland in the 20th Century", "Haigazian Armenological Review", 2019, Beirut, pp. 571-585