Browsing by Author "Khatchig Mouradian"
Now showing 1 - 2 of 2
Results Per Page
Sort Options
Item From Yeghern to Genocide Armenian Newspapers, Raphael Lemkin, and the Road to the UN Genocide Convention(2009) Khatchig MouradianՈւսումնասիրութիւնը կ'անդրադառնայ հայկական մամուլին կողմէ օգտագործուած եզրերուն՝ երբ անոնք կը գրէին հայոց պատմութեան մեծագոյն ողբերգութեան մասին, եւ թէ՛ ե՛րբ ու ինչպէ՛ս «ցեղասպանութիւն» եզրը ընդգրկուեցաւ նման նիւթերու: Ուսումնասիրութիւնը կ'անդրադառնայ նաեւ հայ մամուլի արձագանգներուն՝ երբ ՄԱԿի Ցեղասպանութեան Ուխտը ծնունդ կ'առնէր 1948ին, ապա եւ յաջորդող տարիներուն ան կը վաւերացուէր այնպիսի երկիրներու կողմէ ուր աշխոյժ հայկական համայնքներ գոյութիւն ունէին: Հեղինակը կը փորձէ պարզաբանել, ապա եւ կատարել հետեւութիւններ վերոյիշեալ հարցերուն մասին, ժամանակագրական կտրուածքով բաղդատելով Պէյրութի, Փարիզի ու Պոստոնի հայկական մամուլին մէջ 1920ականներէն մինչեւ մեր օրերը լոյս տեսած հայերէն ու անգլերէն յօդուածները: Ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ թէ հայկական համայնքներն ու մամուլը՝ Ատլանտեանի երկու կողմերուն ալ, այդ եզրին ստեղծումի ու ակաեմական եւ դատաիրաւական կալուած մուտքի գրեթէ առաջին իսկ օրէն աշխոյժ մասնակիցներ էին Ցեղասպանութեան Ուխտին եւ այդ եզրին շուրջ ծաւալած քննարկումներուն:Item Genocide and Humanitarian Resistance in Ottoman Aleppo, 1915-1916(2018) Khatchig MouradianԶեկոյցը կը քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին զոհերու դիմադրական գործունէութեան զանազան դրսեւորումները՝ 1915-16ին: Ձերբակալութեանց, տեղահանութեանց եւ ջարդերու գործողութիւններուն զուգահեռ նկատելի կը դառնան զոհերու կողմէ այլեւայլ դիմադրական արարքներ, որոնցմէ այստեղ լուսարձակի տակ կ'առնուին ոչ-զինեալ դիմադրական արարքները: Հեղինակը լուսարձակի տակ կ'առնէ օսմանեան գաւառներուն, Պոլսոյ օսմանեան գաւառներուն, Պոլսոյ արտասահմանի միջեւ գործող ընդյատակեայ հաղորդակցութեանց ցանցեր, որոնցմով արտաքին աշխարհ կը մաքսանենգուէին՝ ջարդերուն մասին տեղեկագրեր: Ասոնք հումք կը ծառայէին արտասահմանի հայ թէ օտար մամուլի դէմքերուն, օտար քաղաքական գործիչներուն՝ բացայայտելու Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայոց դէմ կատարուող ջարդերը, մանրամասնելու դէպքերուն եւ կոտորածներուն, արմատահանութիւններուն, քանդումներուն տարողութիւնը եւն.: Միւս կողմէն՝ այս ցանցերով նաեւ արտասահմանէն կը փոխանցուէին նիւթական նպաստներ, ապա գաւառներ եւ գաղթակայաններ կը յղուէին ատոնք՝ սնունդ գնելու, բժշկական հոգածութեան եւ գոյատեւումի նպատակներով: Հեղինակը կ'ընդգծէ որ աքսորավայրերուն, գաւառին եւ Պոլսոյ միջեւ հաղորդակցութեանց այս ցանցերուն կենսական օղակ կը հանդիսանար Հալէպը, ու կը ներկայացնէ այս ցանցերուն առնչուած անձերու եւ խնդիրներու մութ ծալքերը: Կը պարզուի նաեւ, որ ընդյատակեայ մարդկային այս ցանցերով ոչ միայն օտար, այլեւ հայ աջակցութիւն եւ նպաստ կը կատարուէր ցեղասպանութեան դիմադրութեան համար: