From Yeghern to Genocide Armenian Newspapers, Raphael Lemkin, and the Road to the UN Genocide Convention

Abstract
Ուսումնասիրութիւնը կ'անդրադառնայ հայկական մամուլին կողմէ օգտագործուած եզրերուն՝ երբ անոնք կը գրէին հայոց պատմութեան մեծագոյն ողբերգութեան մասին, եւ թէ՛ ե՛րբ ու ինչպէ՛ս «ցեղասպանութիւն» եզրը ընդգրկուեցաւ նման նիւթերու: Ուսումնասիրութիւնը կ'անդրադառնայ նաեւ հայ մամուլի արձագանգներուն՝ երբ ՄԱԿի Ցեղասպանութեան Ուխտը ծնունդ կ'առնէր 1948ին, ապա եւ յաջորդող տարիներուն ան կը վաւերացուէր այնպիսի երկիրներու կողմէ ուր աշխոյժ հայկական համայնքներ գոյութիւն ունէին: Հեղինակը կը փորձէ պարզաբանել, ապա եւ կատարել հետեւութիւններ վերոյիշեալ հարցերուն մասին, ժամանակագրական կտրուածքով բաղդատելով Պէյրութի, Փարիզի ու Պոստոնի հայկական մամուլին մէջ 1920ականներէն մինչեւ մեր օրերը լոյս տեսած հայերէն ու անգլերէն յօդուածները: Ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ թէ հայկական համայնքներն ու մամուլը՝ Ատլանտեանի երկու կողմերուն ալ, այդ եզրին ստեղծումի ու ակաեմական եւ դատաիրաւական կալուած մուտքի գրեթէ առաջին իսկ օրէն աշխոյժ մասնակիցներ էին Ցեղասպանութեան Ուխտին եւ այդ եզրին շուրջ ծաւալած քննարկումներուն:
Description
Keywords
Citation
Mouradian, K., "From Yeghern to Genocide Armenian Newspapers, Raphael Lemkin, and the Road to the UN Genocide Convention", "Haigazian Armenological Review", 2009, Beirut, pp. 127-137
DOI
Collections