Repository logo
  • English
  • Català
  • Čeština
  • Deutsch
  • Español
  • Français
  • Gàidhlig
  • Italiano
  • Latviešu
  • Magyar
  • Nederlands
  • Polski
  • Português
  • Português do Brasil
  • Suomi
  • Svenska
  • Türkçe
  • Tiếng Việt
  • Қазақ
  • বাংলা
  • हिंदी
  • Ελληνικά
  • Yкраї́нська
  • Log In
    New user? Click here to register.Have you forgotten your password?
Repository logo

Haigazian University

  • Communities & Collections
  • All of DSpace
  • English
  • Català
  • Čeština
  • Deutsch
  • Español
  • Français
  • Gàidhlig
  • Italiano
  • Latviešu
  • Magyar
  • Nederlands
  • Polski
  • Português
  • Português do Brasil
  • Suomi
  • Svenska
  • Türkçe
  • Tiếng Việt
  • Қазақ
  • বাংলা
  • हिंदी
  • Ελληνικά
  • Yкраї́нська
  • Log In
    New user? Click here to register.Have you forgotten your password?
  1. Home
  2. Browse by Author

Browsing by Author "Khatchik Derghougassian"

Now showing 1 - 2 of 2
Results Per Page
Sort Options
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    Market Fundamentalism, Economic Hardship and Social Protest in Armenia (A Critical Perspective of the Polarization of Armenian Politics)
    (2011) Khatchik Derghougassian
    1 Մարտ 2008ը դարձակէտ հանդիսացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական գործընթացին մէջ: Նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հետեւորդները նախաձեռնեցին բողոքի ցոյցերու՝ մերժելով 19 Փետրուար 2008ի նախագահական ընտրութեանց արդիւնքները, ըստ որոնց Սերժ Սարգսեան յաղթական դուրս եկած էր ընտրութեանց առաջին հանգրուանէն: Ոստիկանական ուժերու բռնի ճնշման հետեւանքով սպաննուեցաւ տասը հոգի եւ հարիւրաւոր ուրիշներ ձերբակալուեցան: Իրադարձութիւնը բացայայտեց Հայաստանի մէջ քաղաքական սուր բեւեռացումը, որ կը թուէր ըլլալ հետեւանքը Տէր Պետրոսեանի որոշման՝ վերջ տալու տասնամեայ իր լռութեան եւ դնելու իր թեկնածութիւնը՝ ընտրութիւններուն: Իր այս որոշման դրդապատճառներէն անկախ, յատկապէս ուշագրաւ էր իր կարողութիւնը՝ քանի մը ամսուայ քաղաքական գործունէութենէ ետք հաւաքելու քուէներու քսանմէկ տոկոսը, ըստ պաշտօնական տուեալներու: Այս յօդուածը լուսարձակի տակ կ'առնէ Հայաստանի մէջ քաղաքական բեւեռացումը՝ քննադատական ակնոցով եւ իբրեւ վարկած կը հաստատէ, թէ այս երեւոյթը բարացուցական է իբրեւ ընկերային բեւեռացում, սակայն խեղաթիւրուած բնոյթով: Օգտագործելով Ալպերթ Հիրշմանի «ձայն, հեռացում եւ հաւատարմութիւն» քաղաքական տեսութիւնը, հեղինակը երեւոյթը կը բացատրէ իբրեւ «բարկութեան քուէ»ի դրսեւորում: Ուսումնասիրութիւնը կը բացայայտէ նաեւ Հայաստանի կառոյցային պայմանները որոնք արգելք կը հանդիսանան ժողովուրդի ընկերային արդարութեան պահանջներուն արձագանգող այլընտրանքային քաղաքական ծրագրի մը յառաջացման, որով կրնայ իրականացնել ներկայ իշխանակարգի փոփոխութիւնը:
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    The Armenian Genocide on the International Agenda: The Case for Diplomatic Engagement
    (2012) Khatchik Derghougassian
    Ուսումնասիրութիւնը կը վերլուծէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին յառաջացումը՝ իբրեւ միջազգային օրակարգի քաղաքական խնդիր: Ան լուսարձակի տակ կ'առնէ կառուցային պայմաններն ու տարբեր դերակատարներուն նպաստը՝ պետական եւ ոչ-պետական ոլորտներուն, ուր ձեւաւորուած են ճանաչման, հատուցման եւ հաշտութեան պահանջները: Ուսումնասիրութեան առաջնային վարկածը կը հաւաստէ, որ Ցեղասպանութեան հարցին միջազգային օրակարգ բերուիլը նախ արդիւնքն էր ե՛ւ Սփիւռքի ե՛ւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ ազգային ինքնութեան պահպանութեան նկատառոմներու: Այդուհանդերձ, Հայաստանի անկախացումէն (1991) ետք, իբէեւ պետական քաղաքականութիւն, ան վերածուեցաւ խնդրայարոյց հիմնահարցի: Ուսումնասիրութիւնը կը քննարկէ Ցեղասպանութեան խնդրին հոլովոյթը՝ անկախութենէն ասդին, կ'ընդգծէ հարցին ռազմավարական եւ բարոյական երեսակները եւ անոնց հակասութիւնները վերացնելու մարտահրաւէրները, հուսկ՝ կը նպատակադրէ ապացուցել որ հարցին դիւանագիտական ստանձնումը՝ իբրեւ պետական քաղաքականութեան ուղեգիծ, անհրաժեշտութիւն է, եւ կրնայ բանաձեւուիլ իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական քաղաքականութեան եւ Սփիւռքի քաղաքացիական զօրաշարժի փոխ-լրացման տեսութիւն մը:
Haigazian Repository
For further information, please contact: Library@haigazian.edu.lb