Market Fundamentalism, Economic Hardship and Social Protest in Armenia (A Critical Perspective of the Polarization of Armenian Politics)
Loading...
Date
2011
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
1 Մարտ 2008ը դարձակէտ հանդիսացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական գործընթացին մէջ: Նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հետեւորդները նախաձեռնեցին բողոքի ցոյցերու՝ մերժելով 19 Փետրուար 2008ի նախագահական ընտրութեանց արդիւնքները, ըստ որոնց Սերժ Սարգսեան յաղթական դուրս եկած էր ընտրութեանց առաջին հանգրուանէն: Ոստիկանական ուժերու բռնի ճնշման հետեւանքով սպաննուեցաւ տասը հոգի եւ հարիւրաւոր ուրիշներ ձերբակալուեցան: Իրադարձութիւնը բացայայտեց Հայաստանի մէջ քաղաքական սուր բեւեռացումը, որ կը թուէր ըլլալ հետեւանքը Տէր Պետրոսեանի որոշման՝ վերջ տալու տասնամեայ իր լռութեան եւ դնելու իր թեկնածութիւնը՝ ընտրութիւններուն: Իր այս որոշման դրդապատճառներէն անկախ, յատկապէս ուշագրաւ էր իր կարողութիւնը՝ քանի մը ամսուայ քաղաքական գործունէութենէ ետք հաւաքելու քուէներու քսանմէկ տոկոսը, ըստ պաշտօնական տուեալներու:
Այս յօդուածը լուսարձակի տակ կ'առնէ Հայաստանի մէջ քաղաքական բեւեռացումը՝ քննադատական ակնոցով եւ իբրեւ վարկած կը հաստատէ, թէ այս երեւոյթը բարացուցական է իբրեւ ընկերային բեւեռացում, սակայն խեղաթիւրուած բնոյթով: Օգտագործելով Ալպերթ Հիրշմանի «ձայն, հեռացում եւ հաւատարմութիւն» քաղաքական տեսութիւնը, հեղինակը երեւոյթը կը բացատրէ իբրեւ «բարկութեան քուէ»ի դրսեւորում: Ուսումնասիրութիւնը կը բացայայտէ նաեւ Հայաստանի կառոյցային պայմանները որոնք արգելք կը հանդիսանան ժողովուրդի ընկերային արդարութեան պահանջներուն արձագանգող այլընտրանքային քաղաքական ծրագրի մը յառաջացման, որով կրնայ իրականացնել ներկայ իշխանակարգի փոփոխութիւնը:
Description
Keywords
Citation
Derghougassian, K., "Market Fundamentalism, Economic Hardship and Social Protest in Armenia (A Critical Perspective of the Polarization of Armenian Politics)", "Haigazian Armenological Review"