Browsing by Author "Roy Arakelian"
Now showing 1 - 1 of 1
Results Per Page
Sort Options
Item La Question Civique Dans L'Armenie Antique et ses Temoignages Numismatiques(2021) Roy Arakelian; Maxime K. YevadianԱրտաշէսեան Հարստութեան շրջանին, Մեծ Հայքի մէջ քաղաքային դրամներ տպուիլը երկար ատեն անհաւանական նկատուած էր գիտնականներու կողմէ: Այսօր, սակայն, պատկերը փոխուած է շնորհիւ նոր յայտնաբերումներու: Յօդուածը՝ պատմական յենքի վրայ, կու տայ Մեծ Հայքի մէջ կոխուած դրամներու համապատկերը, կ'աւելցնե նորայայտ դրամ մը եւ նորովի կը մեկնաբանէ փաստը: Հեղինակները կը վիճարկեն, թէ Արտաշատ քաղաքը քաղաքային նոր իրաւունքներ ստացաւ Ք.ա. 33ին, որոնց կարգին նաեւ մետրոպոլիս՝ ոստան կոչումը: Հուսկ, Ք.ա. 31-30ին՝ Հայաստանի վրայ հռոմէական տիրապետութեան երկրորդ շրջանին, առաջին դրամատպութիւն մը կատարուեցաւ Արտաշատի մէջ: Այնուհետեւ - աւելի քան դար մը - կոխուեցան նաեւ այլ դրամներ մինչեւ՝ Ք.ա. 28-29 եւ 26-27: