Browsing by Author "Svante Lundgren"
Now showing 1 - 3 of 3
Results Per Page
Sort Options
Item A Piece of the Middle East in the North - The Armenian Community of Sweden(2021) Svante Lundgren1950ականներուն Շուէտ չունէր այլեւս միատարր էթնիք բնակչութիւն: Յիրաւի, Ի. դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ մեծաթիւ օտարներ բնակութիւն հաստատեցին Շուէտի մէջ, այն համեմատութեամբ որ 2016ի Շուէտի բնակչութեան 17,8%ը օտարածին է, այսինքն չէ ծնած Շուէտի մէջ: 1950ականներէն սկսեալ հատուկենտ հայեր սկսած են հաստատուիլ Շուէտ: Անոնց թիւը աւելցաւ մանաւանդ վերջին տասնամեակներուն՝ Լիբանանի, Իրաքի, Սուրիոյ տագնապներուն եւ Հայաստանէն արտագաղթի հետեւանքով: Այսօր Շուէտի հայութիւնը կը հաշուէ 10-13,000 հոգի: Հեղինակը այս յօդուածով կը ներկայացնէ համառօտ դիմանկարը շուէատահայութեան, անոր կազմաւորումին, կազմակերպուածութեան, կազմակերպութեանց հարցերը, ինքնութենական խնդիրները, համարկում-ձուլում իրավիճակը, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչողական դրսեւորումները եւ՝ շարք մը նշանաւոր շուէտահայեր:Item Scandinavian Women Missionaries as Part of the Armenophile Movement(2019) Svante Lundgren1890ականներու համիտեան կոտորածները խթան հանդիսացան որ Եւրոպայի եւ Մ. Նահանգներու մէջ կարեկցանք շեշտաւորուի «արեան եւ արցունքի երկր» հայերուն հանդէպ: Արեւմուտքի քաղաական մեծ դէմքեր քաղաքական ելոյթներով, ճառերով եւ կոչերով լուսարձակի տակ առին այս վայրագութիւնները: Կարճ ժամանակի մէջ կարեկցանքը վերաճեցաւ մարդասիրական եւ հայասիրական շարժումի, կազմակերպուեցան միութիւններ, եղան հանգանականութիւններ, մշակուցան միսիոնարական առաքելութիւններ՝ օգնութեան փութալու նահատակող հայութեան: