A Piece of the Middle East in the North - The Armenian Community of Sweden

Loading...
Thumbnail Image
Date
2021
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
1950ականներուն Շուէտ չունէր այլեւս միատարր էթնիք բնակչութիւն: Յիրաւի, Ի. դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ մեծաթիւ օտարներ բնակութիւն հաստատեցին Շուէտի մէջ, այն համեմատութեամբ որ 2016ի Շուէտի բնակչութեան 17,8%ը օտարածին է, այսինքն չէ ծնած Շուէտի մէջ: 1950ականներէն սկսեալ հատուկենտ հայեր սկսած են հաստատուիլ Շուէտ: Անոնց թիւը աւելցաւ մանաւանդ վերջին տասնամեակներուն՝ Լիբանանի, Իրաքի, Սուրիոյ տագնապներուն եւ Հայաստանէն արտագաղթի հետեւանքով: Այսօր Շուէտի հայութիւնը կը հաշուէ 10-13,000 հոգի: Հեղինակը այս յօդուածով կը ներկայացնէ համառօտ դիմանկարը շուէատահայութեան, անոր կազմաւորումին, կազմակերպուածութեան, կազմակերպութեանց հարցերը, ինքնութենական խնդիրները, համարկում-ձուլում իրավիճակը, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչողական դրսեւորումները եւ՝ շարք մը նշանաւոր շուէտահայեր:
Description
Keywords
Citation
Lundgren, S., "A Piece of the Middle East in the North - The Armenian Community of Sweden", "Haigazian Armenological Review", 2021, Beirut, pp. 7-24
DOI
Collections