Browsing by Author "Vahan H. Tootikian"
Now showing 1 - 6 of 6
Results Per Page
Sort Options
Item Observations on the Theological Orientation of the Armenian Evangelical Church(1991) Vahan H. TootikianItem Our Relations with the Armenian Apostolic Church(1996) Vahan H. TootikianՀայ Աւետարանական Բարենորոգչական Շարժումի ծննդոցի առաջին իսկ օրէն անոր առաջնորդները հաւատացին, հաստատեցին եւ պնդեցին, թէ հայ էին իրենք եւ կը մնային անբաժան մէկ մասը հայութեան եւ Հայ Եկեղեցիին, ու եթէ յետագային յառաջացաւ բաժանումը՝ այդ եղաւ ակամայ: Սակայն տասնամեակներ ետք պատահող դէպքերն եկան ցոյց տալու, թէ հայը հայ էր՝ ի՛նչ գոյնի եւ երանգի, ի՞նչ հաւատքի եւ հաւատամքի, ի՛նչ եկեղեցիի եւ յարանուանութեան ալ պատկանէր: Իրականութեան մէջ հայը թշնամի չէր հայուն, ու եթէ պահ մը եղաւ այդպէս արուեստական էր անիկա եւ ժամանակաւոր: Իրականութեան մէջ բոլոր կողմերն ալ շուտով անդրադարձան, որ իրենք մէկ էին իրենց անցեալով, ազգային եւ մշակութային ժառանգով, իրենց ապրած եւ իրենց վիճակուած փորձանքներով եւ փորձութիւններով, դասերով եւ տառապանքներով, եւ վախով ու տագնապով։ Աւելին՝ Հայկական Եղեռնի Յիսնամեակը` 1965ին, եկաւ ցոյց տալու թէ նոյնն էին իրենք` հայերը, եւ այդ իսկ պատճառով անհրաժեշտ էր մօտենալ իրարու, ձեռք երկարել իրարու եւ համագործակցիլ որպէս մէկ մարմին, մէկ հոգի եւ մէկ ամբաղջութին։ Այսպէս էր որ 1965էն սկսեալ առաքելական եւ աւետարանական հատուածները հայութեան փորձեցին մօտենալ իրարու։ Արդարեւ՝ 1965ին Վեր. Յովհաննէս Ահարոնեանի պաշտօնական այցովը Էջմիածին՝ կոտրեցան ազգաբաժան սառցակոյտերը, եւ ճամբայ բացին Վեր. Սենեքերիմ Սիւլահեանին, որ Նիւ Եորքի մէջ կայացող Վարդանանց տօնակատարութեան մը ընթացքին հրապարակաւ եւ պաշտօնապէս խնդրէր Ամենայն Հայոց Հայրապետ Վազգէն Առաջինէն որ վերջ տայ հայ աւետարանականներու դէմ Պոլսոյ պատրիարք Մատթէոս Չուխաճեանի դրած բանադրանքին: Մերձեցումի սկզբնական այս արտայայտութիւններէն ետք էր, որ 1966ին իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ սկսան շարժիլ կողմերը եւ գոյութեան կոչեցին Սերձեցման Յանձնախումբ մը, որ զբաղէր մերձեցումի հարցով, եւ կարելիութեան պարագային կողմերը բերէր իրարու։ Յանձնախումբն իր առաջին հանդիպումն ունեցաւ 20 Մայիս 1970ին, որուն յաջորդեցին եօթը ուրիշներ, նոյն շրջանին կայացան նաեւ բազմաթիւ երկխօսութիւններ, աղօթքի եւ փոխհասկացողութեան համար խմբական առանձնացումներ 1974ին եւ 1975ին, այս վերջիններուն մասնակցեցան ինչպէս Աւետարանական եկեղեցիներու նոյնպէս նաեւ Առաքելական Մայր եկեղեցիի Էջմիածնական եւ Անթիլիասական Աթոռներու կրօնականներ: Տիրան Արք. Ներսոյեանի կարող ու ճկուն ղեկավարութեան տակ` Մերձեցման Յանձնախումբն ի վերջոյ 1972ի կէսերուն հասաւ որոշ եզրակացութիւններու եւ պատրաստեց իր տեղեկագիրը, որ նոյնհետայն յանձնուեցաւ կողմերու պատկան մարմիններուն: Լաւ սկսուած գործը, սակայն, անակնկալ կերպով կասեցաւ Վեհափառ հայրապետին 30 Դեկտեմբեր 1972 թուակիր նամակով որ ուղղուեցաւ յանձնախումբի ատենապետ Ներսոյեան Սրբազանին... Ըստ այդ գիրին՝ տեղեկագիրին բովանդակութիւնը չէր համապատասխաներ 1968ին Էջմիածինի մէջ կայացած Եպիսկոպոսական Ժողովի որոշումներուն, այսուհանդերձ, իր գիրով, Վեհափառը լայն կը բանար դուռը Հայ եկեղեցիին բոլոր անոնց առջեւ, որոնք անսակարկ կ՚ընդունէին անոր հիմնական կանոնական սկզբունքները եւ եկեղեցական կարգ ու սարքը։ 1972էն ասդին անցաւ մօտ քառորդ դար, եւ փոխուեցաւ շատ բան հայուն քաղաքական, ընկերային եւ ազգային կեանքէն ներս։ Այժմ կան կրօնական, ընկերային եւ ազգային նոր դէմքեր եւ նոր ղեկավարութիւն, ստեղծուած են նոր պայմաններ եւ յառաջ եկած՝ նոր տուեալներ, որոնք աւելի դիւրին կ'ընծայեն հայ համայնքներու եւ կողմերու մատչումն իրարու։ Էջմիածինի Սուրբ Աթոռին գահակալ Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը եւ Կիլիկեան Աթոռի գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսը յայտնի են ոչ միայն իրենց միջեկեղեցական յարաբերութիւններու սրտբացութեամբ` այլ մանաւանդ Հայ Աւետարանականութեան հանդէպ իրենց ունեցած կեցուածքով։ Ա՛լ չկան քաղաքական եւ գաղափարական տաք ու պաղ հովերը, եւ անկախ է հայրենիքը։ Այս բոլորը կը կազմեն գրաւականը կողմերու մատչումին եւ իրարհասկացողութեան կարելիութեան։ Աւելին՝ սփիւռքեան պայմանները եւ անոնցմէ յառաջացող «սպիտակ ջարդ»ը հրամայական կը դարձնեն կողմերու մօտեցումն իրարու՝ վասն որոնումին հասկացողութեան մը եզրերուն, որպէսզի ամփոփուի, միանայ եւ զօրանայ հայութիւնը։ Ի վերջոյ՝ այսօր շատ աւելի տուեալներ կան անջատ ինկած կողմերը իրարու հետ միացնելու եւ իրարու զօդելու քան թէ բաժնելու զանոնք կրօնականէն եւ համայնքայինէն մինչեւ կառուցուածքային եւ ընկերային տուեալները։ Անշուշտ անմիջական կարելիութիւն մը չէ ամբողջական եւ վերջնական միաձուլումը կողմերուն, սակայն անհրաժեշտ է միանգամընդմիշտ ընդունիլ, թէ հայ ժողովուրդն ստիպուած է ըլլալ մէկ եւ միասնական՝ առնուազն հոգեպէս, իմացականօրէն եւ ազգովին, որովհետեւ, ինչպես կ'եզրակացնէ յօդուածագիրը. «ա. Բոլոր հայ եկեղեցիներն ու հայերը մէկ են Քրիստոսով, [եւ] «բ. Անոնք կը պատկանին մէկ ազգի, միացած են ճակատագիրով եւ անհատանելի են որպէս ամբողջութիւն»։Item The Faith and Practice of the Armenian Evangelical Church(1996) Vahan H. TootikianՀայ Աւետարանական Շարժումը որ հիմնականին մէջ սկսաւ որպէս կրօնական շարժում կը ներկայացնէր թէ Քաղաքական Բարեկարգումի եւ յետագայ կրօնական շարժումներու եւ թէ ալ Հայ Առաքելական Եկեղեցիի աւանդութիւնները, սակայն Ժամանակի ընթացքին էր որ անիկա իւրացուց մէկ մեծ մասը Քաղաքական Շարժումի ուսուցումներուն, սկզբունքներուն եւ աստուածաբանութեան։ Այսպէս էր որ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի Հաւատամքի Յայտարարութիւնը որ կը բաղկանար 12 կէտերէ եւ ձեւով մը պատասխանն էր Չուխաճեան Պատրիարքին հաւատքի Նոր Հանգանակին՝ հաստատեց շատ մը կէտերը Հայ Եկեղեցիի սկզբունքներուն, այսուհանդերձ` մերժեց նաեւ կարգ մը ուրիշներ, որոնց հիմնականները մնացին Եօթը Խորհուրդները։ Անոր համար անփոխարինելի մնաց հաւատքով փրկութիւնը։ Ժամանակի անցքին հետ, սակայն, Հայ Աւետարանական Եկեղեցին մեծապէս ազդուեցաւ բողոքական աատուածաբանութենէն, եւ հակառակ որ անիկա յայտարարեր էր որ չէր միտեր նոր եկեղեցի մը հաստատել՝ 1855ին ընդունեցաւ Ամերիկեան Բողոքական Միսիոնարութեան կողմէ պատրաստուած սահմանադրութիւն մը՝ Առաջնորդ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Անդամներունը, որ շեշտը կը դնէր հաւատքով փրկութեան վրայ։ Հակառակ հայ աւետարանական եկեղեցիներու արտաքնապէս բաժանուածութեան՝ անոնց բոլորն ալ ունին հիմնական որոշ արժէքներ եւ սկզբունքմեր, որոնց կը հաւատան անոնք եւ որոնք զանոնք կը զօդեն իրարու։ Այժմ անոնցմէ կարելի է նշել «լոկ հաւատքով փրկութիւնը», «բոլոր հաատացեալներու քահանայութինը», «քրիստոնեաներուն ազատութիւնը», «կոչումի գաղափարը» եւ «Աստուածաշունչի բաւարարութիւնը»։ Այս բոլորէն ետք՝ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին հիմնուած կը մնայ պաշտամունքի գաղափարին վրայ. այս մէկը մատչում մըն է Աստուծոյ։ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին չ'ընդունիր պաշտամունքի դասաւորուած դրութիւն մը, սակայն ժամանակի ընթացքին յառաջացուցեր է որոշ ընթացք մը պաշտամունքի, որ կը սկսի երաժշտական նախերգանքով մը. այս մէկը նախապատրաստութիւն մըն է անհատական պաշտամունքի եւ կեդրոնացումի, անկէ ետք իրարու կը յաջորդեն պաշտամունքի կոչը, հոգեւոր երգեցողութիւնը, զանազան բովանդակութեամբ աղօթքները, Սուրբ Գրային ընթերցումները, Աստուածաշունչէն կատարուող փոխասացութիւնները եւ փոխընթերցումները, միասնական ընթերցումը Առաքելական Հանգանակին, եւ փառաբանանքին, երգեցողութիւնները եւ այլազան ընթերցումներ: Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին պաշտամունքը ճկուն է, պարզ եւ ուղղակի ի հակադրութիւն կազմակերպուած եւ պաշտօնական արարողութեան, եւ կ'օգտագործէ աշխարհաբարը` փոխան գրաբարի: Հայ Աւետարանական որեւէ եկեղեցիի ղեկավարը որ հովիւ մըն է ունի որոշ պարտաւորութիւններ եւ պարտականութիւններ, անիկա կը քարոզէ, կ'ուսուցանէ, կը ղեկավարէ եւ կ'առաջնորդէ, հովուական այցելութիւններ եւ գործեր կը կատարէ, եւ կը նուիրուի միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու եւ պարտականութիւններու։ Այս բոլորէն անկախ, սակայն, պէտք չէ մտահան ընել, որ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին կը պատկանի ազգային հաւաքականութեան մը, եւ պայմաններու իսկ բերումով՝ ունի բազմաճիւղ եւ բազմածաւալ հաւատարմութիւն՝ ինչպէս հայութիւնն ի՛նք, եւ առ այդ անիկա կը պատկանի ո՛չ միայն համայնքային որոշ դրութեան մը այլ նաեւ ագգային: Այս իրականութիւնն իսկ կը պարտաւորեցնէ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին եւ համայնքը որ նուիրուին հայկական ժառանգին պահպանումին եւ յաւերժացումին։ Անհրաժեշտ է որ անիկա չհեռանայ իր արմատներէն եւ պատկանելիութեան գիտակցութենէն, եւ չտկարանայ։ Հովուութիւնը, սակայն, պարտքն է ամբողջ եկեղեցիին, եւ առ այդ եկեղեցիին առաքելութիւնը պարտականութիւնն է անոր բաղկացուցիչ բոլոր տարրերուն, ահա թէ ինչո՞ւ համար հայ աւետարանական դրութեան մէջ հովիւ մըն է պարզագոյն անհատն իսկ. այս իսկ պատճառով եկեղեցիի պաշտօնական հովիւին քովն ի վեր որպէս անոր օժանդակ կը կենան ոչ-կրօնական ծառայողներ եւ եկեղեցիին սպասարկողներ։ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին հաստատուած է ռամկապետական դրութեան մը վրայ. կազմակերպուած է այդ ձեւով եւ այդպէս ալ կը կառավարուի «մարդկային տեսանկիւնէ դիտուած անոր ուժն ու ազդեցութիւնը կը կայանան անոր ժողովուրդին նուիրումին, ղեկավարումին եւ գործօնութեան մէջ»։ Այսօր անուրանալի է Հայ Աետարանական Շարժումին ձգած աւանդը հայութեան: Անիկա վերակենդանացուց հոգեկան եւ բարոյական արժէքները. հաստատեց եկեղեցական ու կրօնական առաքելութիւնը ժողովուրդին, հիմը դրաւ ուսումնական եւ դաստիարակչական նախանձելի դրութեան մը, աշխարհաբարի թարգմանելով` ժողովրդականացուց Աստուածաշունչը, պատճառ հանդիսացաւ աշխարհաբարի զարգացումին, հարստացուց արդի հայ գրականութիւնը իր հրատարակած մամուլով եւ գիրքերով, շեշտը դրաւ քրիստոնէական կրթութեան եւ դաստիարակութեան վրայ, ինչպէս նաեւ անձնական պատասխանատուութեան եւ խիղճի անկապտելի ազատութեան, Մայր Եկեղեցիին համար օրինակ ծառայեց կիրակնօրեայ դպրոցներու հաստատումին, հիմը դրաւ հայ քրիստոնէական միսիոնական շարժումի մը, հայութեան տուաւ խել մը ընկերային, քաղաքական, գիտական, գրական, բարեսիրական եւ մարդկայնական արտայայտութեան առաջնորդներ, ղեկավարներ եւ կազմակերպիչներ, եւ ի վերայ այսր ամենայնի՝ քրիստոնէավարի կեանքի մը ոճը: Արդարեւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին ուժը աւելի քան գերակշռեց իր տկարութիւնները։ Անիկա իրագործեց հայ ժողովուրդի ծոցէն ներս արդէն իսկ սնուցուող ակնկալութիւնները։ Ժամանակի պահանջներու պարտադրանքին հետեւանքն էր անիկա։ Բազմաթիւ տասնամեակներ բազում ձեւերով Հայ Աետարանական Շարժումը ծառայեց հայ ժողովուրդին, հոգաց անոր կարիքները, բուժեց անոր վէրքերը, եւ ամոքեց անոր վիշտերը։ Շարժումը ծառայութեան սահմանագիծ մը չդրաւ, ոչ ալ խտրութիւն` դաւանանքներու միջեւ, ընդհակառակը` հաւասարապէս ծառայեց բոլոր անոնց որոնք կը կրէին հայ անունը։Item The Genesis of Armenian Evangelism(1994) Vahan H. TootikianՄօտ հարիւր յիսուն տարի առաջ, 1 Յուլիս 1846-ին, Պոլսոյ Բերայի՝ Ամերիկեան Միսիոնարական մատուռին մէջ հիմը դրուեցաւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին: Քանի մը տարի ետք, 27 Նոյեմբեր 1850 թուակիր իր կայսերական հրովարտակով՝ Սուլթան Ապտիւլ Մեճիտ ճանաչում շնորհեց նոր եկեղեցիին եւ համայնքին: Ծնած էր Հայ Աւետարանականութիւնը: Նոր չէր շարժումը սակայն: Մօտ քսանամեակ մը կարգ մը ուժեր հիմնական դեր խաղացին Հայ Աւետարանական Շարժումի գոյառումին մէջ: Ծանօթ կամ անծանօթ այդ ուժերէն Վեր. Վահան Թութիկեան հոս ուսումնասիրութեան նիւթ կը դարձնէ երեք խմբաւորումներ, որոնք հեռուէն կամ մօտէն առընչուեցան հայոց մէջ Հայ Աւետարանական Շարժումին, անոր զարգացումին եւ կազմաւորումին: Անոնցմէ առաջինն էր բարեկարգիչներու այն խումբը, որ կը փափաքէր որոշ բարենորոգում մը իրագործել Հայ Եկեղցիէն ներս, երկրորդը՝ Արեւմուտքէն Օսմանեան Կայսրութիւն հասած ամերիկացի միսիոնարները, որոնք փոխանակ իրենց սկզբնական ծրագիրը իրագործելով մահմետականութեան եւ մովսիսականութեան քրիստոնէութեան լոյսը տանելու՝ դարձան Աւետարանականութիւնը տարածելու աշխատանքին արդէն իսկ քրիստոնեայ հայութենէն ներս, եւ երրորդը՝ Պատրիարքը, Պատրիարքարանը եւ պոլսահայութեան ամիրայական խաւը, որոնք հայ կրօնին, ազգին, անոր մշակոյթին եւ էութեան պահպանումին համար դարերու ընթացքին իրենց յառաջացուցած մեկուսացումով եւ պահպանողականութեամբ իրենք զիրենք գտան հակադրութեան մը մէջ նորածնունդ եւ կազմաւորուող ուժերու: Արդիւնքն եղաւ բախում մը ընդմէջ երեք այս ուժերուն՝ ի՞նչ փոյթ որ սկզբնական շրջանին Հայ Եկեղեցին հասկացողութեամբ մօտեցաւ միսիոնարականութեան բերած նորութիւններուն՝ մանաւանդ անոր կրթական, դաստիարակչական, ուսումնական, մշակութային եւ խնամատարական գործունէութեան: Սակայն շուտով ի յայտ եկան տարբերութիւնները, որոնք անջատումի պիտի առաջնորդէին հայ բարեկարգիչները եւ Հայոց դարաւոր Եկեղեցին։ Այս անջատումին մէջ հիմնական դեր խաղաց միսիոնարութիւնը, որ թիկունք կանգնեցաւ բարեկարգիչներուն՝ իր ծայրայեղականութեամբ, եւ իրեն թիկունք կանգնող արեւմտեան դիւանագիտութեամբ: Հոս ներկայացուող յօդուածը մանրամասն մէկ ուսումնասիրութիւնն է յարաբերութիւններուն, առընչութիւններուն եւ շարժումներուն, եւ այդ բոլորին ետին կեցող խմբաւորումներուն եւ կազմակերպութիւններուն։ Ժամանակակից սկզբնաղբիւրներու եւ տուեալներու հոծ ու ծանր բեռի մը յենած՝ յօդուածը մանրամասն քննարկումի կ'ենթարկէ դրական ու ժխտական, թեր ու դէմ, եւ լաւ կամ վատ այն բոլոր տուեալները, որոնք յառաջացուցին, զարգացուցին եւ ի վերջոյ ծնունդ տուին Հայ Աւետարանական Շարժումին՝ նախ որոշ շրջան մը ծոցէն ներս Հայ Առաքելական Եկեղեցիին, եւ ապա՝ որպէս անջատ շարժում ու եկեղեցի՝ անոնց կրօնական, ընկերային, դաստիարակչական եւ ուսումնական արտայայտութիւններով, ուսումնասիրութեան աւարտին՝ եզրակացնելու համար, թէ «ցաւալի է, որ Հայ Աւետարանականներն ու անոնց սիրած եկեղեցին այս ձեւով ստիպուեցան բաժնուելու: Շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար եթէ կարելի ըլլար որ բաժանում է տարբեր լուծում մը գտնուէր: Այն ատեն, կը թուի թէ, այս պայմաններուն տակ անկարելի եղաւ գտնել այդ փոխընտրութիւնը»:Item The Organizational Structure of the Armenian Evangelical Church(1993) Vahan H. TootikianԳրեթէ հարիւրյիսունամեայ հաստատութիւն մըն է Հայ Աւետարանական Եկեղեցին, որ պաշտօնապէս գոյութեան կանչուեցաւ 27 Նոյեմբեր 1850-ին` Սուլթան Ապտիւլ Մեծիտի գիրով, որով կը յայտարարուէր գոյառումը Բրոթեսթանթ Միլլեթիին սահմաններէն ներս Օսմանեան Կայսրութեան: Սուլթանական սա գիրը վաւերացուց այն շարժումը որ սկսաւ 1 Յուլիս 1846-ին, եւ որ անյողդողդ կերպով կը շարունակուի անկէ ի վեր: Հոս տրուող յօդուածը կու տայ պատմութիւնը ո՛չ թէ կրօնական այս շարժումին՝ այլ անոր ֆիզիքական արտայայտութիւնը հանդիսացող եկեղեցական ու կրօնական կառոյցին։ Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեան մանրամասն կերպով վերլուծումի կ'ենթարկէ այս կառոյցը, անոր գործօնները, անոր խթան հանդիսացող եւ իմաստ պարգեւող պատճառները, եւ զայն կանգուն պահող կազմակերպչական եւ էութային դրոյթները՝ յայսկոյս թե յայնկոյս, ծովերէն ասդին թէ անդին, Մերձաւոր Արեւելքի, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, թէ հայրենի սահմաններէն ներս, մի՛շտ ալ շեշտը դնելով ոչ միայն անոր կրօնական ու եկեղեցական արտայայտութեան վրայ՝ այլ մանաւանդ անոր գործնական աւետարանչութեան, եւ կրթական, բարեսիրական, երիտասարդական եւ հրատարակչական գործունէութեան: Վերապատիւ հեղինակը կը խօսի տակաւին Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին միջյարանուանական, միջեկեղեցական, միջհամայնքային, եւ տիեզերական ու ընդհանրական փոխյարաբերութիւններուն մասին. աւելին՝ անիկա անիկա վերլուծումի սեղանին կը բերէ դերն ու պատրաստութիւնը, պարտաւորութիւններն ու պատասխանատուութիւնները Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի պաշտօնէութեան, որ միշտ չէ որ կրօնական է։ Հոն է նաեւ անհատ եկեղեցին կազմող ժողովուրդը, որ համայնքն է եւ ունի իր որոշ պարտաւորութիւնները հանդէպ եկեղեցիին. ահա թէ ինչո՞ւ կ'եզրակացնէ Վեր. Դոկտ. Թութիկեան, թէ «Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին բոլոր անդամները, կղերական թէ աշխարհական, ունին առանձնաշնորհումը Աւետարանը վկայելու: Անոնք մաս կը կազմեն աւետարանչութեան, եւ կոչուած են կատարելու ուսուցանելու, աւետարանելու, բժշկելու, քարոզելու եւ առաջնորդելու այնպիսի բարիքներ, զորոնք Աստուած շնորհած է իրենց աւելին՝ «Հայ Աւետարանական Եկեղեցին կը կառավարուի, անոր ծառայութիւնները կը կարգաւորուին ու գործը կը կազմակերպուի սահմանադրական եւ ռամկապետական խարիսխի մը վրայ, ուր վճռական դեր կը խաղան աշխարհականները», ի՞նչ փոյթ թէ, ինչպէս կը հաստատէ հեղինակը, «բաղդատած նուիրապետական այլ եկեղեցիներու՝ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին կրնայ տալ տպաւորութիւն մը անկարգութեան եւ բաժանուածութեան»:Item The Sacraments in the Armenian Apostolic and Evangelical Churches(1997) Vahan H. TootikianՀայ Առաքելական Եկեղեցին կ'ընդունի Քրիստոնէական եօթ խորհուրդներ՝ Մկրտութիւն, Դրոշմ, Ապաշխարութիւն, Հաղորդութիւն, Կարգ ձեռնադրութեան, Պսակ. Կարգ հիւանդաց/Վերջին օծում: Մինչ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին կ'ընդունի միայն երկու խորհուրդ` Մկրտութիւն եւ Հաղորդութիւն: Դեռ աւելին, երկու եկեղեցիները կը տարբերին ընդունուած կամ չընդունուած խորհուրդներու բացատրութեամբ, մեկնաբանութեամբ եւ գնահատութեամբ: Առկայ այս տարբերութիւններուն հետեւանքով եւս, տարբերութիւններ յառաջացած են նաեւ առընչեալ արարողութիւններուն միջեւ։