The Genesis of Armenian Evangelism
Loading...
Date
1994
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Մօտ հարիւր յիսուն տարի առաջ, 1 Յուլիս 1846-ին, Պոլսոյ Բերայի՝ Ամերիկեան Միսիոնարական մատուռին մէջ հիմը դրուեցաւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին: Քանի մը տարի ետք, 27 Նոյեմբեր 1850 թուակիր իր կայսերական հրովարտակով՝ Սուլթան Ապտիւլ Մեճիտ ճանաչում շնորհեց նոր եկեղեցիին եւ համայնքին:
Ծնած էր Հայ Աւետարանականութիւնը:
Նոր չէր շարժումը սակայն: Մօտ քսանամեակ մը կարգ մը ուժեր հիմնական դեր խաղացին Հայ Աւետարանական Շարժումի գոյառումին մէջ: Ծանօթ կամ անծանօթ այդ ուժերէն Վեր. Վահան Թութիկեան հոս ուսումնասիրութեան նիւթ կը դարձնէ երեք խմբաւորումներ, որոնք հեռուէն կամ մօտէն առընչուեցան հայոց մէջ Հայ Աւետարանական Շարժումին, անոր զարգացումին եւ կազմաւորումին: Անոնցմէ առաջինն էր բարեկարգիչներու այն խումբը, որ կը փափաքէր որոշ բարենորոգում մը իրագործել Հայ Եկեղցիէն ներս, երկրորդը՝ Արեւմուտքէն Օսմանեան Կայսրութիւն հասած ամերիկացի միսիոնարները, որոնք փոխանակ իրենց սկզբնական ծրագիրը իրագործելով մահմետականութեան եւ մովսիսականութեան քրիստոնէութեան լոյսը տանելու՝ դարձան Աւետարանականութիւնը տարածելու աշխատանքին արդէն իսկ քրիստոնեայ հայութենէն ներս, եւ երրորդը՝ Պատրիարքը, Պատրիարքարանը եւ պոլսահայութեան ամիրայական խաւը, որոնք հայ կրօնին, ազգին, անոր մշակոյթին եւ էութեան պահպանումին համար դարերու ընթացքին իրենց յառաջացուցած մեկուսացումով եւ պահպանողականութեամբ իրենք զիրենք գտան հակադրութեան մը մէջ նորածնունդ եւ կազմաւորուող ուժերու: Արդիւնքն եղաւ բախում մը ընդմէջ երեք այս ուժերուն՝ ի՞նչ փոյթ որ սկզբնական շրջանին Հայ Եկեղեցին հասկացողութեամբ մօտեցաւ միսիոնարականութեան բերած նորութիւններուն՝ մանաւանդ անոր կրթական, դաստիարակչական, ուսումնական, մշակութային եւ խնամատարական գործունէութեան:
Սակայն շուտով ի յայտ եկան տարբերութիւնները, որոնք անջատումի պիտի առաջնորդէին հայ բարեկարգիչները եւ Հայոց դարաւոր Եկեղեցին։ Այս անջատումին մէջ հիմնական դեր խաղաց միսիոնարութիւնը, որ թիկունք կանգնեցաւ բարեկարգիչներուն՝ իր ծայրայեղականութեամբ, եւ իրեն թիկունք կանգնող արեւմտեան դիւանագիտութեամբ:
Հոս ներկայացուող յօդուածը մանրամասն մէկ ուսումնասիրութիւնն է յարաբերութիւններուն, առընչութիւններուն եւ շարժումներուն, եւ այդ բոլորին ետին կեցող խմբաւորումներուն եւ կազմակերպութիւններուն։ Ժամանակակից սկզբնաղբիւրներու եւ տուեալներու հոծ ու ծանր բեռի մը յենած՝ յօդուածը մանրամասն քննարկումի կ'ենթարկէ դրական ու ժխտական, թեր ու դէմ, եւ լաւ կամ վատ այն բոլոր տուեալները, որոնք յառաջացուցին, զարգացուցին եւ ի վերջոյ ծնունդ տուին Հայ Աւետարանական Շարժումին՝ նախ որոշ շրջան մը ծոցէն ներս Հայ Առաքելական Եկեղեցիին, եւ ապա՝ որպէս անջատ շարժում ու եկեղեցի՝ անոնց կրօնական, ընկերային, դաստիարակչական եւ ուսումնական արտայայտութիւններով, ուսումնասիրութեան աւարտին՝ եզրակացնելու համար, թէ «ցաւալի է, որ Հայ Աւետարանականներն ու անոնց սիրած եկեղեցին այս ձեւով ստիպուեցան բաժնուելու: Շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար եթէ կարելի ըլլար որ բաժանում է տարբեր լուծում մը գտնուէր: Այն ատեն, կը թուի թէ, այս պայմաններուն տակ անկարելի եղաւ գտնել այդ փոխընտրութիւնը»:
Description
Keywords
Citation
Tootikian, V. H., "The Genesis of Armenian Evangelism", "Haigazian Armenological Review", 1994, Beirut, pp. 169-196