The Ekmekji Industrial Initiative (Aleppo-Beirut, 1920-2016)
Loading...
Date
2022
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Հիմնուելով Էքմէքճի ընտանիքին երկրորդ եւ երրորդ սերունդի յուշերուն, վկայութիւններուն, փաստաթուղթերուն, լուսանկարներուն վրայ, այս յօդուածը կը վերակառուցուի էքմէքճի ընտանիքին ճարտարարուեստական հարիւրամեայ ընթացքը Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ։
Ընտանիքը ճարտարարուեստական իր առաջին քայլերը կ'առնէ Հալէպի մէջ,1920ականներուն, երբ Երուանդ Էքմէքճի կը նշանակուի Հալէպի նշանաւոր իրաւաբան Զահի Տէօքմէճի Հալէպի մէջ գործող արեւելեան գորգի գործարանին տնօրէն։
Կարճ ժամանակ ետք, Երուանդ կը խորացնէ իր գիտելիքն ու փորձառութիւնը կտաւի ներկումի ասպարէզին, ու գորգագործութեան գործարանը տակաւ կը վերածէ կտաւաներկումի գործարանի, որ ծաւալելով կ'ունենայ վաճառման գրասենեակ մը Պաղտասարի մէջ, եւ գործարան մը՝ Պէյրութի մէջ: Այս յաջողութեանց մէջ կարեւոր դեր կը խաղան եւրոպական նորագոյն մեքենաներու գնումն ու գործարաններոււն արդիականացումը։
Յօդուածը կը նկարագրէ այս ճարտարարուեստականներուն անցած ուղին, տնտեսական այլ մարզերու մէջ անոնց ներդրումներ կատարումը, դիմագրած մարտահրաւէրները, նախաձեռնած ծրագրերը եւ կ'աւարտի գործարանին փակումով՝ 2016ին, երբ այլեւս անկարելի կը դառնայ անոր գոյատեւումը, հակառակ բազմիցս կատարուած ճիգերու եւ զոհողութիւններու։
Ծ․Խ․- Նկատի առնելով որ կարելի չէ համապատկեր մը յառաջացնել լիբանանահայ ճարտարարուեստականներուն՝ Լիբանանի ճարտարարուեստին ունեցած նպաստին, նման առանձին պատումներու մէկտեղումը կրնայ օգնել յառաջիկայ ուսումնասէրին՝ գէթ մասամբ վերականգնել պատմութիւնը՝ հայօճախին ճարտարարուեստական նպաստին՝ Լիբանանի։
Description
Keywords
Citation
Ekmekji, D., "The Ekmekji Industrial Initiative (Aleppo-Beirut, 1920-2016)", "Haigazian Armenological Review", 2022, 42/1, Beirut, pp. 329-338