The Ekmekji Industrial Initiative (Aleppo-Beirut, 1920-2016)

dc.contributor.authorDikran Ekmekji
dc.date.accessioned2026-06-17T08:22:37Z
dc.date.available2026-06-17T08:22:37Z
dc.date.issued2022
dc.description.abstractՀիմնուելով Էքմէքճի ընտանիքին երկրորդ եւ երրորդ սերունդի յուշերուն, վկայութիւններուն, փաստաթուղթերուն, լուսանկարներուն վրայ, այս յօդուածը կը վերակառուցուի էքմէքճի ընտանիքին ճարտարարուեստական հարիւրամեայ ընթացքը Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ։ Ընտանիքը ճարտարարուեստական իր առաջին քայլերը կ'առնէ Հալէպի մէջ,1920ականներուն, երբ Երուանդ Էքմէքճի կը նշանակուի Հալէպի նշանաւոր իրաւաբան Զահի Տէօքմէճի Հալէպի մէջ գործող արեւելեան գորգի գործարանին տնօրէն։ Կարճ ժամանակ ետք, Երուանդ կը խորացնէ իր գիտելիքն ու փորձառութիւնը կտաւի ներկումի ասպարէզին, ու գորգագործութեան գործարանը տակաւ կը վերածէ կտաւաներկումի գործարանի, որ ծաւալելով կ'ունենայ վաճառման գրասենեակ մը Պաղտասարի մէջ, եւ գործարան մը՝ Պէյրութի մէջ: Այս յաջողութեանց մէջ կարեւոր դեր կը խաղան եւրոպական նորագոյն մեքենաներու գնումն ու գործարաններոււն արդիականացումը։ Յօդուածը կը նկարագրէ այս ճարտարարուեստականներուն անցած ուղին, տնտեսական այլ մարզերու մէջ անոնց ներդրումներ կատարումը, դիմագրած մարտահրաւէրները, նախաձեռնած ծրագրերը եւ կ'աւարտի գործարանին փակումով՝ 2016ին, երբ այլեւս անկարելի կը դառնայ անոր գոյատեւումը, հակառակ բազմիցս կատարուած ճիգերու եւ զոհողութիւններու։ Ծ․Խ․- Նկատի առնելով որ կարելի չէ համապատկեր մը յառաջացնել լիբանանահայ ճարտարարուեստականներուն՝ Լիբանանի ճարտարարուեստին ունեցած նպաստին, նման առանձին պատումներու մէկտեղումը կրնայ օգնել յառաջիկայ ուսումնասէրին՝ գէթ մասամբ վերականգնել պատմութիւնը՝ հայօճախին ճարտարարուեստական նպաստին՝ Լիբանանի։
dc.identifier.citationEkmekji, D., "The Ekmekji Industrial Initiative (Aleppo-Beirut, 1920-2016)", "Haigazian Armenological Review", 2022, 42/1, Beirut, pp. 329-338
dc.identifier.urihttps://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/1462
dc.titleThe Ekmekji Industrial Initiative (Aleppo-Beirut, 1920-2016)
Files
Original bundle
Now showing 1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
Name:
Dikran Ekmekji, "The Ekmekji industrial...".pdf
Size:
1.89 MB
Format:
Adobe Portable Document Format
License bundle
Now showing 1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
Name:
license.txt
Size:
1.71 KB
Format:
Item-specific license agreed to upon submission
Description:
Collections