A Turkish Proverb and its Tradition

Loading...
Thumbnail Image
Date
2008
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Հեղինակուհին կ'անդրադառնայ ընդհանրապէս ասացուածքի ծնունդին եւ անոր բնոյթին՝ իբր ժամանակի հաւաքական փորձառութեան խտացում, ապա կը ծանրանայ զայն ընկալող մարդոց մտասեւեռումներուն եւ ըմբռնումներուն, անոնց մտայնութեան եւ հոգեբանութեան վրայ առակին գործած ազդեցութեան վրայ: Ան կ'առարկէ որ առարկը կարծրատիպերու եւ ընդհանրացումներու կ'առաջնորդէ, որոնք ոչ անպայման ճիշդ ընդհանրացումներ են եւ յաճախ խոտոր կը համեմատին մտածող մարդու բանականութեան, բայց միաժամանակ գործնական են քանի որ կը փոխարինեն անձնապէս չշահուած փորձառութեան մը՝ ենթակային շնորհելով ձեռք բերուած ընդհանրացած «ճշմարտութիւն» մը կամ արժէչափ մը: Այս յենքին վրայ, Սըմաան կը դեգերի արեւմտաեւրոպական գրականութեան մէջ, ու ի յայտ կը բերէ «հրեայ մը կը գերազանցէ տաս քրիստոնեայ, եանքի մը կը խաբէ յիսուն հրեայ, իսկ մէկ հայր կը համապատասխանէ հարիւր եանքիի» առակին բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ տարբերակները: Սըմաան կը վիճարկէ որ նման ընկալման հետեւանքով յառաջացած է այն ըմբռնումը, որով կ'արդարացուէին հայկական ջարդերը, քանի որ անոնցմով կը վերանային խաբեբայ հայերն ու անոնց խաբեբայութիւնը, ջարդերը կը դիտուէին իբրեւ ինքնապաշտպանութեան եւ պատիժի միջոց հայոց խաբեբայութիւններուն դէմ: Հեղինակուհին աւելի հանգամանալից կ'անդրադառնայ գերմանացի գրող Քարլ Մէյի երկերուն, որոնք գերման ընթերցասէր մանուկներու բարեկամներն են եղած եւ որոնք որոշ մտայնութիւն մը յառաջացուցած են այդ մանուկներուն մէջ: Հուսկ, յօդուածագիր մանաւանդ Մէյը կը մեղադրէ «սեւացրէքեան» աշխատանքի մէջ, իբրեւ ստոր ու խաբեբայ ներկայացնելով հայերը: Ան նման հեղինակներ մեղսակից կը նկատէ հայկական ջարդերը ուղղակիօրէն իրականացնող թուրքերուն եւ քիւրտերուն, որովհետեւ անոնք «վստահեցան ասացուածքին իբրեւ ընդունուած ճշմարտութիւն: Ասիկա զիրենք մեղաւոր կը դարձնէ, որովհետեւ բառերով սպաննելը դեռեւս ոճիր է»:
Description
Keywords
Citation
Semaan, I., L., "A Turkish Proverb and its Tradition", "Haigazian Armenological Review", 2008, Beirut, pp. 391-405
DOI
Collections