Armenian Musa Dagh as a Summer Resort in the Sanjak of Alexandretta during the 1920s-1930s

Abstract
Հիմնուելով յուշագրութիւններու, անձամբ կատարուած հարցազրոյցներու, արխիւային նիւթերու, մամուլի մէջ լոյս տեսած լրատուութիւններու եւ զբօսաշրջական բնոյթի գիրքերու վրայ, Շեմմասեան կը վերականգնէ Ալեքսանտրէթի Սանճաքի Մուսա Լեռան ամառանոցային պատկերը՝ 1920-30ականներուն: Ըստ հեղինակին, տեղի հայ բնակչութեան չորս հիմնական բնակավայրերէն (ծովափնեայ Ալեքսանտրէթ քաղաքը իր շրջակայքով, Քրըքխանն ու Րիհանիէն, Մուսա Լեռն ու Անտիոք քաղաքը եւ Քեսապն ու շրջակայքը) ամառանոցային բնոյթի զարգացում ապրեցան Ալեքսանտրէթ քաղաքի շրջակայքն ու Մուսա Լեռը: Անդին, Քրըքխանն ու Րիհանիէն չունեցան նման բախտաւորութիւն, մինչ Քեսապ ամառանոցային զարգացում ապրեցաւ 1939էն ետք: Հեղինակը անդրադառնալէ ետք Ալեքսանտրէթի շրջակայքի հայկական ամառանոցային վայրերուն՝ Նարկիզլիքին, Աթըքին, Պէյլանին ու Սողուքօլուքին, կը ծանրանայ Մուսա Լեռան եւ մասնաւորաբար՝ Պիթիասին ամառանոցային առաւելութիւններուն վրայ: Շեմմասեան կը հաւաստէ, որ շրջանը ունէր նաեւ այլ՝ պատմական հրապոյր մը: Մուսա Լեռը, ուր տեղի ունեցած էր նոյնանուն հերոսամարտը, չէր գտնուեր թրքական գերիշխանութեան տակ: Հեղինակը կարելի մանրամասնութեամբ կը պատկերէ Պիթիասի ամառանոցային վերելքը, կ'անդրադառնայ ճանապարհաշինութեան, երկրագործութեան բարիքներուն, կը նկարագրէ անոր ամառանոցային կեանքն ու պայմանները, մօտակայ պտոյտի եւ զբօսնելու վայրերը, աղբիւրները, մատակարարուող կենցաղային դիւրութիւննեը, պանդոկները, կեցութեան այլ հնարաւորութիւնները, ժամանցի վայրերը, գեղարուեստական երեկոները եւն.: Շեմմասեան կը հաւաստէ որ մեծ թիւով հայ եւ օտար ամառագնացներ կու գային Հալէպէն, Պէյրութէն, Եգիպտոսէն, Սուտանէն, Իրաքէն: Պիթիասի եւ անմիջական շրջակայքի այս ամառանոցային եռուն կեանքը իր կտրուկ աւարտը ունեցաւ, սակայն 1939ին, երբ Ֆրանսական Հոգատար Իշխանութիւնները շրջանը (բացի Քեսապի գօտիէն) կցեցին Թուրքիոյ:
Description
Keywords
Citation
Shemmassian, V. L., "Armenian Musa Dagh as a Summer Resort in the Sanjak of Alexandretta during the 1920s-1930s", "Haigazian Armenological Review", 2008, Beirut, pp. 209-232
DOI
Collections