The Armenian Genocide in American Presidency Discourses from George W. Bush to Barack Obama: A Political Discourse Analysis Study

dc.contributor.authorVicky Tchaparian
dc.date.accessioned2026-02-02T07:11:58Z
dc.date.available2026-02-02T07:11:58Z
dc.date.issued2014
dc.description.abstractՎերջին տասնամեակներուն, Ա. Մ. Նահանգներու նախագահութեան թեկնածուները ընդհանրապէս նախագահական ընտրապայքարի ընթացքին խոստումներ կը շռայլեն նաեւ ամերիկահայերուն՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդրով, սակայն ընտրուելէ ետք կը դրժեն իրենց խոստումը։ Այս ուսումնասիրութիւնը բնագրային քննավերլուծութեան կ'ենթարկէ Ա. Մ. Նահանգներու վերջին երկու նախագահներու Ճորճ Ու. Պուշի եւ Պարաք Օպամայի նախընտրական խոստումները ամերիկահայութեան: Ապա, ուսումնասիրութիւնը կը վերլուծէ նաեւ Ապրիլ 24ի ամէնամեայ յիշատակութեան օրուան առթիւ անոնց արտասանած յետ-ընտրական չքմեղանքի ու խուսափողական ելոյթները։ Այս առումով, ուսումնասիրութեան նիւթ կը դառնան Թեքսասի կառավարիչ Ճորճ Ու. Պուշի 19 Փետրուար 2000ին Էտկար Յակոբեանին ու Վազգէն Սեդրակեանին ուղղած նամակը, 10 Հոկտեմբեր 2007ին նախագահ Ճորճ Ու. Պուշի ելոյթը, ինչպէս նաեւ 19 Յունուար 2008ին Քալիֆորնիոյ նախընտրական արշաւին ընթացքին Իլինոյի ծերակուտական Պարաք Օպամայի, եւ 7 Ապրիլ 2009 ին Շիքակօ Թրիպիունի թղթակից Քրիսթի Փարսընզին հետ նախագահ Օպամայի ունեցած հարցազրոյցն ու 24 Ապրիլ 2009ին, 24 Ապրիլ 2010ին եւ 23 Ապրիլ 2011ին արտասանած իր ելոյթ-խօսքերը։ Ըստ յօդուածագրին, խոստումի այս դրժումը աւելի հակասական կը հնչէ երբ խորապատկերին վրայ կը պարզուի թէ Ա. Մ. Նահանգներու 43 նահանգներ (բացի Էլըպամա, Միսիսիփի, Ուեսթ Վըրճինիա, Ինտիանա, Այօուա, Ուայոմինկ եւ Սաութ Տաքոթա նահանգներէն) ճանչցած են հայոց դէմ գործուած Ցեղասպանութիւնը։ Ուսումնասիրութիւնը քերականական, ձեւաբանական եւ իմաստաբանական վերլուծութեան կ'ենթարկէ վերոյիշեալ ելոյթները, ապացուցելով որ կատարուածը բառախաղի շնորհիւ ամերիկահայութեան քուէները շահելու փորձ մըն է, մատնանշելով նաեւ որ սպասուած «Ցեղասպանութիւն» բառին փոխարէն նախագահ Օպամա կը գործածէ «Մեծ Եղեռն» արտայատութիւնը: Ուսումնասիրութիւնը կը փորձէ նաեւ լուսարձակի տակ բերել այն իրական ու պարագայական պատճառները որոնք մղած են ամերիկացի այս երկու նախագահները՝ խուսափելու իրենց նախընտրական խոստումները յարգելէ։
dc.identifier.citationTchaparian, V., "The Armenian Genocide in American Presidency Discourses from George W. Bush to Barack Obama: A Political Discourse Analysis Study", "Haigazian Armenological Review", 2014, Beirut, pp.
dc.identifier.urihttps://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/1142
dc.titleThe Armenian Genocide in American Presidency Discourses from George W. Bush to Barack Obama: A Political Discourse Analysis Study
Files
Original bundle
Now showing 1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
Name:
Vicky Tchaparian, The Armenian Genocide in American Presidency discourses from George W. Bush To Barack Obama.pdf
Size:
308 KB
Format:
Adobe Portable Document Format
License bundle
Now showing 1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
Name:
license.txt
Size:
1.71 KB
Format:
Item-specific license agreed to upon submission
Description:
Collections