The Experience of Musa Dagh Armenian Immigrants in the United States During the 1910s-1940s

dc.contributor.authorVahram L. Shemmassian
dc.date.accessioned2026-01-05T09:39:12Z
dc.date.available2026-01-05T09:39:12Z
dc.date.issued2011
dc.description.abstractՅօդուածը կ'ուսումնասիրէ Մուսա Լերան հայ պանդուխտ-գաղթականներու կեանքը՝ Մ. Նահանգներու մէջ, Ի. դարու առաջին կիսուն: Ան հիմնուած է ցարդ գրեթէ չօգտագործուած սկզբնաղբիւրներու վրայ, ներառեալ՝ արխիւներ, թերթեր, յուշեր, անձնական հարցազրոյցներ, նամակագրութիւններ, անձնական փաստաթուղթեր, կայքէջային տեղեկատուութիւններ, եւն.: Մուսա Լերան Մ. Նահանգներ պանդխտութիւնը ծայր առած է Ի. դարու սկիզբին, մանաւանդ՝ 1908ի երիտթուրք յեղափոխութենէն եւ անոր յաջորդող կիլիկեան եւ հիւսիսային Սուրիոյ ջարդերէն ետք: Յետագային անոնց միացած են Եգիպտոսի Փոր Սայիտի գաղթակայանէն, եւ 1916ին՝ Պուենոս Այրէսէն ժամանած գաղթականներ: Մուսա Լեռէն գաղթը վերսկսած է 1919ին՝ տեղահանուածներու Մուսա Լեռ վերադարձէն ետք: Պանդուխտ-գաղթականներուն մեծ մասը հաստատուած է Մ. Նահանգներու Արեւելեան Ափ, մասնաւորաբար Քընեթիքաթ, Նիւ Ճըրզի, Փենսիլվենիա, Մեսեչուսէց, Նիւ Եորք եւ Ֆլորիտա: Քիչեր բնակութիւն հաստատած են Քալիֆորնիա: Ասոնք գործի լծուած են մետաքսի գործարաններու, ուտեստեղէնի արտադրութեան եւ այլ մասնագիտութիւններու մէջ: Ոմանք հիմնած են իրենց անձնական գործերը: Մ. Նահանգներու հեռաւորութիւնը արգելք չէ եղած որ ամուր կապ պահպանուի ծննդավայր Մուսա Լերան հետ: Պանդուխտ-գաղթականները ներքին ցանց մը յառաջացուցած են, պահպանած իրենց աւանդոյթները եւ շարունակած հաղորդակցիլ իրենց բարբառով: Այդուհանդերձ, համարկումը անխուսափելի եղած է: Դպրոցներու, ակումբներու, եկեղեցիներու թէ կամաւորական ընկերակցութիւններու ընդմէջէն գաղթականները առնչուած են ամերիկեան կեանքին: Անոնցմէ ոմանք մաս կազմած են նաեւ ամերիկեան զինեալ ուժերուն՝ Համաշխարհային Բ. Պատերազմի տարիներուն: Յաջորդ սերունդէն շատեր խառն ամուսնութիւններ կնքելով սկիզբ դրած են ամբողջական ձուլման:
dc.identifier.citationShemmassian L., V., "The Experience of Musa Dagh Armenian Immigrants in the United States During the 1910s-1940s", "Haigazian Armenological Review", 2011, Beirut, pp. 195-226
dc.identifier.urihttps://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/1049
dc.titleThe Experience of Musa Dagh Armenian Immigrants in the United States During the 1910s-1940s
Files
Original bundle
Now showing 1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
Name:
Vahram L. Shemmassian, "The Experience of Musa Dagh Armenian Immigrants in the United States During the 1910s-1940s".pdf
Size:
271.81 KB
Format:
Adobe Portable Document Format
License bundle
Now showing 1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
Name:
license.txt
Size:
1.71 KB
Format:
Item-specific license agreed to upon submission
Description:
Collections