Woman to Woman: The American Missionary Wife and the Armenian Woman
Loading...
Date
1996
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Առաջին միսիոնարուհին դէպի Հայաստան եղաւ Նինոն (Նունէ*), որ Երուսաղէմի մէջ դաստիարակուելէ ետք դուինցի Նիափարա Սահա կոչուած հայուհիին կողմէ առաքուեցաւ արեւելք՝ քրիստոնէութիւնը տանելու համար վրացիներուն։ Աշխատանքի եւ առաքելութեան անոր առաջին հանգրուանն եղաւ Բիւզանդիոնի մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլիսը, ուր, սակայն, հալածուելով` իր ընկերուհիներով անցաւ Հայաստան, հոս ալ, սակայն, հալածուելով՝ նահատակուեցան ինք եւ իր ընկերուհիները (Հռիփսիմեանց կոյuե՞ր):
Դարերու անցքին հետ Նինան չմնաց առանձին, եւ անոր յաջորդելու եկան այլ առաքեալներ եւ մերթ` անոնց ընկերակցող իրենց տիկինները։ Նինայի յաջորդներուն մէջ կը գտնենք կաթողիկէ Յիսուսեանները, Անկլիքան Եկեղեցին, գերման Լուտերականները, եւ ուրիշներ, որոնց ներկայութիւնն զգալի դարձաւ եւ աշխատանքներն՝ արդիւնաէտ՝ մանաւանդ տասնիններորդ դարուն։
Այս բոլորին մէջ իրենց աշխատանքով, գործունէութեամբ եւ գործելակերպով հիմճական մնացին ամերիկեան Պորտ ընկերակցութեան առաքեալները, որոնք եթէ արեւելք հասան քրիստոնէութիւնը տանելու համար հրէային եւ մահմետականին՝ շուտով. սակայն, գտան որ կը գտնուէին պատին առջեւ անկարելիութեան մէկուն քարացած կրօնամոլութեան եւ միւսին՝ կրօնափոխութեան պարագային մահուան դատապարտումին պատճառով։
Ուղղակի գործունէութեան մը ձախողանքին դէմ յանդիման՝ անոնք որոշեցին անուղղակի միջոցը, նախ բարեկարգել եկեղեցին քրիստոնեայ հայուն, դաստիարակել զայն, անկէ ստեղծել ընդունելի տիպարը իսկական քրիստոնէային եւ անոր օրինակով քրիստոնէութիւնն ընդունելի դարձնել ոչ քրիստոնեային:
Սակայն, ըստ այս առաքեալներուն, խաթարուած էր քրիստոնէութիւնը քրիստոնեայ հայուն, եւ կը կրէր դարերու տգիտութեան բեռին ներքեւ:
Դիւրին չեղաւ Պորտի ներկայացուցիչներուն առաքելութեան իրագործումը, որովհետեւ անոնք իրենց դէմ գտան ծառացումը հայուն հետ եկեղեցիին։ Այս իրագործումին մէջ միսիոնարներուն թիկունք կանգնեցան նախ անոնց կիները, եւ ապա Միացեալ Նահանգներէն եւ այլ վայրերէն հաւաքագրուած այլ միսիոնարուհիներ:
Աստուծոյ խօսքը տանելու համար հայութեան՝ անհրաժեշտ էր նախ ուսումնառութիւնը անոր, որպէսզի անիկա կարենար կարդալ Մեծ Գիրքը եւ ջուրն ուղղակի խմէր ակէն։ Սա կը նշանակէ մէկ բան. հարուածել հայ եկեղեցին եւ անոր դարաւոր գործն ու վարկը:
Դիւրին չեղաւ մատչիլ հայութեան։ Օտարը միշտ ալ մնաց օտար եւ հալածուեցաւ, մերժուեցան եւ անգոսնուեցաւ։ Քրիստոնէութեան օտար ծառաներուն հազիւ թէ արտօնուեցաւ մատչիլ հայութեան: Հոս, ճիշդ հոս ալ մէջ մտան նախ անոնց կիները եւ ապա իրարայաջորդ սերունդները ամուրի առաքելուհիներուն, որովհետեւ անոնք էին որ կարողացան քանդել պատուարները եւ հալեցնել սառը՝ կինէ կին հաստատուած յարաբերութեամբ եւ իրենց անձնական օրինակով:
Ուսեալ եւ զարգացած այս օտարուհիներն էին, որ շուտով գտան իրենց ընկերներուն հետ թէ եթէ պիտի յառաջացուէր որեւէ փոփոխութիւն հայութեան, անոր եկեղեցիին եւ հաւատալիքներուն մէջ՝ անհրաժեշտ էր նախ դաստիարակել հայ անհատը, սորվեցնել եւ ուսում ջամբել անոր, որպէսզի կարելի ըլլար անոր ձեռքը տալ Աստուածաշունչը: Ընել կարենալու համար այսպէս՝ անոնք հաստատեցին զանազան մակարդակի ուսումնարաններ, որոնք, ի՞նչ խօսք, առջի օրերուն եղան լոկ մանչերու համար։ Դիրին չեղաւ աղջիկներն ալ ներգրաւել ուսումնական եւ դաստիարակչական համակարգ, այսուհանդերձ ժամանակը եկաւ լուծելու շատ բան, եւ հետզհետէ, դպրոցներ հաստատուեցան հայուհիներու համար եւայլն: Եւ հեղ մը որ հայուհին առաւ համն ու բոյրը ուսումին եւ դաստիարակութեան՝ ալ չկեցաւ ետ հայ տղամարդէն, եւ անոր հետ քալեց անվախ եւ ճակատը բաց՝ հասնելու համար բարձրագոյն աստիճաններուն ուսումնառութեան, եւ ապա ինքն իր կարգին, դառնալու դաստիարակչուհին եւ ուսուցչուհին իրարայաջորդ հայ սերունդներուն:
Տալու համար մէկ պատումը հայուն եւ հայուհիին ուսումնական եւ կրթական այս գործընթացին՝ Դկ. Սըմաան առաւելաբար կը յենի տուեալներուն վրայ Պոսթոն հաստատուած Ամերիկեան Միսիոնարական Պորտի Սիշընըրի Հերըլտին, որոնք, սակայն, միշտ չեն որ կ'ենթարկուին մանրազնին քննութեան եւ դատումի։ Հակառակ սա իրողութեան, սակայն, այդ տուեալներով է, որ հեղինակը կը փորձէ, գծել ու տալ մէկ պատկերը տասնիններորդ դարու հայ դպրոցին, անոր գոյառումին, դիմակայած դժուարութիւններուն եւ վերջնական յաղթանակին, որոնց մէջ մեծ դեր խաղացին առաքելուհիները, եւ օրինակ ծառայեցին հայութեան եւ հայուհիներուն, որ իրենց վրայ վերցնեն դաստիարակութիւնն ու կրթումը հայ տղոց եւ աղջիկներու յաջորդական սերունդներուն:
Մասնաւորելով իր խօսքն ու գնահատականը ամերիկացի եւ ազգային այլ պատկանելիութեամբ այս կիներուն եւ օրիորդներուն Դկ. Սըմաան կը հաստատէ, թէ «անոնք պատիւ բերին իրենց դաստիարակի կոչումին... Նուիրեալ ուսուցչուհիներ էին անոնք եւ ուրախութեամբ բաժնեկցեցան այն ինչ որ գիտէին իրենք։ Անոնց հաստատած դպրոցներէն բոլորը չէին որ տեւեցին սակայն ի՞նչ կը նշանակէ այս մէկը։ Իրենց ներկայութիւնը հայուհիներու միջեւ եւ անոնց հետ իրենց բարեկամութեան եւ գաղափարներուն փոխանակումն էին կարեւոր: Իրենց գործին ընդմէջէն անոնք կարողացան հասնիլ եւ օգնել բազմաթիւ կիներու, կարողացան արբեցնել անոնց իմացականութիւնը, ներշնչել զանոնք ինքնավստահութեամբ, (եւ) նոյնիսկ կարողացան զգացնել ամբողջ ընկերութեան մը անհրաժեշտութիւնը փոփոխութեան»։
Description
Keywords
Citation
Semaan, I., L., "Woman to Woman: The American Missionary Wife and the Armenian Woman", "Haigazian Armenological Review", 1996, Beirut, pp. 233-263