Harry Potter and the Proverbial Armenian Merchant

Loading...
Thumbnail Image
Date
2000
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Հեղինակը իր յօդուածին նիւթ կը դարձնէ օտար՝ անգլիական, ֆրանսական եւ գերմանական անցեալի թէ ժամանակակից գրական ճանապարհորդական հատորներու մէջ ներկայացուած հայու ընդհանրական կերպարը: Ան կը խմբաւորէ հայու կերպարներու մի քանի տարբերակ. վաճառականը, նորջուղայեցին, հայ կինը՝ բոլորն ալ ներկայացուած ընդհանրապէս ժխտական գիծերով։ Օտար հեղինակներու շարքին ան կ'առանձնացնէ մանաւանդ գերմանացի Քարլ Մայը, որուն բազմաթիւ հատորներուն մէջ միշտ ալ հայը ներկայացուած է իբրեւ Ժխտական կերպար: Յատկանշական է այն որ Մայի հատորները իբրեւ ընթերցող նկատի ունին պատանիներն ու տակաւին մտային կազմաւորման տարիքի մէջ գտնուող գերմանացի պատանի սերունդները: Հեղինակը հարց կու տայ այն մնայուն տպաւորութեան որ այդ սերունդները կը գոյացնեն երբ աշխարհի հեռու անկիւններու եւ տարբեր ժողովուրդներու մասին կարծիք կը գոյացնեն հայու կերպարը ժխտապէս ներկայացնող Մայի հատորներէն։ Ան իրաւամբ կը մատնանշէ թե նոյնինքն Հիթլէր զօրաւոր ազդեցութիւնը կրած է Մայի հատորներուն: Ինկրիտ Սըմաան ընդհանուր գիծերու մէջ կը ներկայացնէ Մայի կեանքի ու կազմաւորման զանազան հանգամանքները` բանտին մէջ թէ այլուր։ Ան կը մէջբերէ նաեւ այն բազմաթիւ մեկնաբանութիւններն ու դրդապատճառները որոնք առիթ հանդիսացած կրնան ըլլալ Մայի այս վերաբերումին: Սըմաան, մեկնելով հեղինակներու՝ հայ կերպարներուն տուած ընդհանրացման ուժէն, մտահոգութիւն կը յայտնէ թէ եղածը հայու դիմանկարի խաթարումն է, համազօր՝ սպաննութեան: Հեղինակը կը նշէ թէ հակասեմականութեան համար օրէնքներ որդեգրուած են զանազան երկիրներու մէջ, կարծէք յուշելով թէ թերեւս այդ օրէնքները պէտք է հասցէագրուած ըլլան ընդհանրապէս բոլոր հակացեղային ուղղութիւններու: Ան մտահոգութիւն կը յայտնէ թէ հայու դիմանկարի այս խաթարումը կը շարունակուի նոյնիսկ մեր օրերուն, ի տես պատանիներու հասցէագրուած Harry Potter and the Chamber of Secrets հատորաշարքին, ուր հակառակ անոր որ ընդամէնը մէկ անգամ, այդուհանդերձ հատորին պատմութեան թաւալքի շատ ուշագրաւ մէկ պահուն կը յիշատակուի հայ ազգութիւնը հատորին ժխտական գլխաւոր կերպար Լոքհարթին։
Description
Keywords
Citation
Semaan, I., L., “Harry Potter and the Proverbial Armenian Merchant”, “Haigazian Armenological Review”, 2000, Beirut, pp. 395-430
DOI
Collections