The Armenian Genocide. New Sources and Research Directions

dc.contributor.authorUğur Ümit Ungör
dc.date.accessioned2026-01-05T07:54:00Z
dc.date.available2026-01-05T07:54:00Z
dc.date.issued2011
dc.description.abstractԻ պատասխան այն հաւաստումներուն թէ Անգարայի արխիւները կը վերաբերին 1919էն ետք պատահած դէպքերուն, հեղինակը կը բացայայտէ թէ ինչպէս կարելի է օգտուիլ անոնցմէ եւ նորութիւններ բերել Ցեղասպանութեան ուսումնասիրման: Հեղինակը կը հաւաստէ որ Ցեղասպանութեան ուսումնասիրման խնդրով Անգարայի Հանրապետական Արխիւը կրնայ լոյս սփռել երեք ուղղութիւններով՝ ա. Վերապրողներու (հաւատափոխ թէ ազգութիւնը պահպանած հայեր), բ. Ցեղասպանութիւնը ծրագրողներու եւ կատարողներու (ասոնցմէ շատեր վարձատրուեցան հայոց թողօններով, եւ շարունակեցին իրենց կեանքը նոր տուեալներով), գ. Գրաքննութեան խնդիրներուն (Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը արգիլեց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ յուշագրական հատորներու կամ այլ նիւթերու մուտքը Թուրքիա): Յօդուածին Բ. մասով հեղինակը կը կարեւորէ Հայոց Ցեղասպանութեան յաւելեալ 5 ոլորտներ՝ 1. Ցեղասպանութիւնը կատարող շարքայիններու վկայութիւններ (ասոնց կենսագրական տուեալներէն, յուշերէն կարելի է տեսական համապատասխան եզրայանգումներու երթալ), 2. Բանաւոր պատմութեան (ան)կարելիութիւն (թուրք եւ քիւրտ ականատեսներէ, բնակավայրերէ ժառանգուած դրուագներու-յիշողութիւններու ուսումնասիրում), 3. Գաւառական արխիւներ (ինչ իւրայատկութիւններով Ցեղասպանութիւնը կը դրսեւորուի գաւառէ գաւառ, մանաւանդ որ անհամոզիչ կը թուի չգոյութիւնը գաւառային արձանագրութեան տոմարներու), 4. Կալուածային արձանագրութիւններու արխիւներ (33 շրջաններ ունէին լքեալ գոյքերու յանձնախումբեր, որոնց արձանագրութեանց տոմարները պիտի ունենային 1 բնօրինակ եւ 2 օրինակ, ընդհանուրը՝ 100 կալուածատոմարներ), 5. Ներքին Գործոց Նախարարութեան խորհրդաւոր երկու արխիւներ (որոնց ոչ-բոլորը հրապարակուած են կամ մշակուած): Ըստ հեղինակին, այս նիւթերը նոր եւ յաւելեալ լոյս կը սփռեն օսմանագիտութեան-թրքագիտութեան, հայագիտութեան եւ քրտագիտութեան: Անոնք կը խորացնեն բռնութեան եւ բրտութեան ուսումնասիրման միջին արեւելեան ծիրը եւ առաւել կ'ամբողջացնեն Միջին Արեւելքի եւ Ցեղասպանութեան մասին գիտութիւնը:
dc.identifier.citationÜmit Ungör, U., "The Armenian Genocide. New Sources and Research Directions", "Haigazian Armenological Review", 2011, Beirut, pp. 9-32
dc.identifier.urihttps://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/1040
dc.titleThe Armenian Genocide. New Sources and Research Directions
Files
Original bundle
Now showing 1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
Name:
Uğur Ümit Ungör, The Armenian Genocide. New Sources and Research Directions.pdf
Size:
246.91 KB
Format:
Adobe Portable Document Format
License bundle
Now showing 1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
Name:
license.txt
Size:
1.71 KB
Format:
Item-specific license agreed to upon submission
Description:
Collections