The Evolution of the Armenian Protestant Churches in Musa Dagh, 1840-1914

Abstract
Մուսա լերան վրայ հայերը կը բնակէին հիմնական վեց գիւղերու` Պիթիասի, Հաճի Հապիպլիի, Սողուն Օլուգի, Խըտըր Պէկի, Վագըֆի եւ Քեպուսինի մէջ, ուր աւետարանական շարժումն սկսաւ միայն 1840ական թուականներուն, որպէս հետեւանք նախ Պոլսոյ մէջ սկսած հոգեւոր արթնութեան, որ ձեւով մը կը հակադրուէր Մայր Եկեղեցիի լճացումին, եւ ապա Ամերիկեան Պորտ Ընկերակցութեան արեւելք ղրկած միսիոնարներու ճիգերուն։ Սկզբնական օրերուն Անտիոքի մէջ առկայութեան կոչուող թոյլ կազմակերպութենէ մըն էր, որ յետագային անիկա պիտի փորձէր արմատ նետել նախ Պիթիասի եւ Հաճի Հապիպլիի մէջ 1860ական թուականներուն, ուրկէ շարժումը պիտի տարածուէր Եողուն Օլուգ (1869), Խըտըր Պէկ եւ Վագըֆ (1880ականներուն) եւ Քեպուսին՝ քչիկ մը աւելի ուշ՝ 1871-ին։ Այսուհանդերձ՝ դիւրին չեղաւ հաստատումը Աւետարանականութեան, որ ապրեցաւ բաւական վերիվայրումներ։ Այս էր պատճառը, որ տեղուոյն վրայ հաստատուած միսիոնարներ մէկէ աւելի անգամներ ստիպուած ըլլային յետս կոչելու առջի խանդավառութիւնը իրենց սկզբնական տեղեկագիրերուն, որոնք միշտ ալ առաքուեցան Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ առաքելութիւնը՝ անկէ փոխանցուելու համար կեդրոն՝ Պոսթոն: Դժուար սկսուած եւ դժուար ալ արմատաւորուող այս շարժումն ըստ տուեալներու 1906ին կը հաշուէր մօտ 675, այսինքն Մուսա Լերան հայ բնակչութեան գրեթէ 8-10 տոկոսը, իսկ Սբ. Գիրքի շաբաթօրեայ սերտողութեան կը հետեւէին 382 եւ Կիրակնօրեայ Դպրոցին՝ 401 հայեր եւ հայուհիներ։ «Այս թիւերը սակայն,- կ՛եզրակացնէ հեղինակը,— կծկուեցան Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի տարիներուն գաղթականութեան պատճառով եւ անոր յաջորդող Պիթիասի կարգ մը բողոքական ընտանիքներուն տասանորդումով, եւ Փոր Սայիտ հաստատուած գաղթական այլ ընտանիքներու Միացեալ Նահանգներ գաղթով։ Առ այդ՝ երբ 1919ին վերապրողներ վերադարձան Մուսա լեռ՝ բողոքական համայնքը գործի անցաւ տկարացած վիճակով»։
Description
Keywords
Citation
Shemmassian, V., L., "The Evolution of the Armenian Protestant Churches in Musa Dagh, 1840-1914", "Haigazian Armenological Review", 1996, Beirut, pp. 213-230
DOI
Collections