Armenian Participation in the Lebanese Legislative Elections during the Presidency of Emile Lahoud (1998-2007) (Part I)

Abstract
Հեղինակը հիմնուելով ժամանակակից լիբանանահայ, առաւել՝ Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող մի քանի ֆրանսատառ եւ անգլիատառ թերթերու, հայկական թերթերու մէջ թարգմանաբար տրուած տեղեկութիւններու, ինչպէս նաեւ անձնական հաղորդակցութեամբ կուտակցուած տեղեկութիւններու վրայ, հանգամանօրէն կը ներկայացնէ Լիբանանի 2000 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայկական մանսակցութիւնը Պէյրութի, Հիւսիսային Մեթնի եւ Զահլէի ընտրաշրջաններուն մէջ: 1996ին, այս կամ այն ձեւով հնարաւոր եղած էր որ ազգային երեք կուսակցութիւնները մասնակցին ընտրութեանց միասնական թեկնածուներով Պէյրութի մէջ, վարչապետ Հարիրիի ցանկին վրայ: 2000ին այս հնարաւոր չեղաւ: Հարիրի ընդդիմադիր էր: ՌԱԿը եւ ՍԴՀԿի երեսփոխանին կողմնակիցներն ու անկուսակցականներ մտան Հարիրիի ցանկին մէջ, իսկ ՀՅ Դաշնակցութեան կուսակցականներով եւ անկուսակցականներով կազմած «Միասնականութեան Ցանկ»ը միացաւ վարչապետ Սելիմ Հոսսին, որուն մասնակից էր նաեւ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը: Հարիրի եւ իր հայ ցանկակիցները՝ Յակոբ Գասարճեան, Սերժ Թուրսարգիսեան, Եղիա Ճէրէճեան եւ Ժան Օղասափեան յաջողեցան Պէյրութի մէջ: Միշէլ Մըրի ցանկին վրայ ՀՅ Դաշնակցութեան սեփական թեկնածուն՝ Սեպուհ Յովնանեան, յաջողեցաւ Հիւսիսային Մեթնի մէջ, իսկ Իլիաս Սքաֆի ցանկին վրայ ՀՅԴի որդեգրած թեկնածուն՝ Ճորճ Գասարճի, յաջողեցաւ Զահլէի մէջ: Լիբանանահայ գաղութին մէջ առժամեայ լարուածութիւն մը տիրելէ ետք ազգային երեք կուսակցութիւնները զանազան առիթներով իրարու հետ կապեր պահեցին եւ Ապրիլ 24ի յատուկ միասնական ձեռնարկներ ալ կազմակերպեցին:
Description
Keywords
Citation
Messerlian, Z., "Armenian Participation in the Lebanese Legislative Elections during the Presidency of Emile Lahoud (1998-2007) (Part I)", "Haigazian Armenological Review", 2009, Beirut, pp. 175-229
DOI
Collections