The Organizational Structure of the Armenian Evangelical Church

dc.contributor.authorVahan H. Tootikian
dc.date.accessioned2025-07-30T05:33:41Z
dc.date.available2025-07-30T05:33:41Z
dc.date.issued1993
dc.description.abstractԳրեթէ հարիւրյիսունամեայ հաստատութիւն մըն է Հայ Աւետարանական Եկեղեցին, որ պաշտօնապէս գոյութեան կանչուեցաւ 27 Նոյեմբեր 1850-ին` Սուլթան Ապտիւլ Մեծիտի գիրով, որով կը յայտարարուէր գոյառումը Բրոթեսթանթ Միլլեթիին սահմաններէն ներս Օսմանեան Կայսրութեան: Սուլթանական սա գիրը վաւերացուց այն շարժումը որ սկսաւ 1 Յուլիս 1846-ին, եւ որ անյողդողդ կերպով կը շարունակուի անկէ ի վեր: Հոս տրուող յօդուածը կու տայ պատմութիւնը ո՛չ թէ կրօնական այս շարժումին՝ այլ անոր ֆիզիքական արտայայտութիւնը հանդիսացող եկեղեցական ու կրօնական կառոյցին։ Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեան մանրամասն կերպով վերլուծումի կ'ենթարկէ այս կառոյցը, անոր գործօնները, անոր խթան հանդիսացող եւ իմաստ պարգեւող պատճառները, եւ զայն կանգուն պահող կազմակերպչական եւ էութային դրոյթները՝ յայսկոյս թե յայնկոյս, ծովերէն ասդին թէ անդին, Մերձաւոր Արեւելքի, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, թէ հայրենի սահմաններէն ներս, մի՛շտ ալ շեշտը դնելով ոչ միայն անոր կրօնական ու եկեղեցական արտայայտութեան վրայ՝ այլ մանաւանդ անոր գործնական աւետարանչութեան, եւ կրթական, բարեսիրական, երիտասարդական եւ հրատարակչական գործունէութեան: Վերապատիւ հեղինակը կը խօսի տակաւին Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին միջյարանուանական, միջեկեղեցական, միջհամայնքային, եւ տիեզերական ու ընդհանրական փոխյարաբերութիւններուն մասին. աւելին՝ անիկա անիկա վերլուծումի սեղանին կը բերէ դերն ու պատրաստութիւնը, պարտաւորութիւններն ու պատասխանատուութիւնները Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի պաշտօնէութեան, որ միշտ չէ որ կրօնական է։ Հոն է նաեւ անհատ եկեղեցին կազմող ժողովուրդը, որ համայնքն է եւ ունի իր որոշ պարտաւորութիւնները հանդէպ եկեղեցիին. ահա թէ ինչո՞ւ կ'եզրակացնէ Վեր. Դոկտ. Թութիկեան, թէ «Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին բոլոր անդամները, կղերական թէ աշխարհական, ունին առանձնաշնորհումը Աւետարանը վկայելու: Անոնք մաս կը կազմեն աւետարանչութեան, եւ կոչուած են կատարելու ուսուցանելու, աւետարանելու, բժշկելու, քարոզելու եւ առաջնորդելու այնպիսի բարիքներ, զորոնք Աստուած շնորհած է իրենց աւելին՝ «Հայ Աւետարանական Եկեղեցին կը կառավարուի, անոր ծառայութիւնները կը կարգաւորուին ու գործը կը կազմակերպուի սահմանադրական եւ ռամկապետական խարիսխի մը վրայ, ուր վճռական դեր կը խաղան աշխարհականները», ի՞նչ փոյթ թէ, ինչպէս կը հաստատէ հեղինակը, «բաղդատած նուիրապետական այլ եկեղեցիներու՝ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին կրնայ տալ տպաւորութիւն մը անկարգութեան եւ բաժանուածութեան»:
dc.identifier.citationTootikian, V. H., "The Organizational Structure of the Armenian Evangelical Church", Haigazian Armenological Review, 1993, Beirut, pp. 75-100
dc.identifier.urihttps://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/687
dc.titleThe Organizational Structure of the Armenian Evangelical Church
Files
Original bundle
Now showing 1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
Name:
Vahan H. Tootikian, "The Organizational Structure of the Armenian Evangelical Church".pdf
Size:
72.17 MB
Format:
Adobe Portable Document Format
License bundle
Now showing 1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
Name:
license.txt
Size:
1.71 KB
Format:
Item-specific license agreed to upon submission
Description:
Collections