The Saint Paul Capuchin Mission in Musa Dagh 1919-1939

dc.contributor.authorVahram L. Shemmassian
dc.date.accessioned2026-08-24T11:26:36Z
dc.date.available2026-08-24T11:26:36Z
dc.date.issued2023
dc.description.abstractԱյս ուսումնասիրութիւնը կ'ընէ պատմականը կաթոլիկ ներկայութեան՝ Մուսա Լեռան մէջ, գլխաւորաբար հիմնուելով առաջին անգամ օգտագործուող արխիւային նիւթերու վրայ: Մուսա Լեռան հայոց մէջ քափուչինեան Ս. Պօղոս առաքելութիւնը հաստատուեցաւ 1891ին, Խտըր Պէկ գիւղին մէջ: Տասնամեակ մը շարունակ, օսմանեան կառավարութիւնը առաքելութիւնը ապօրէն հաստատութիւն նկատեց, միւս կողմէ սակայն, օրինական համարելով անկէ գանձեց հարկ եղած տուրքերը: Շրջանի բնակչութենէն որոշ թիւով մարդիկ - մեծամասամբ հայ առաքելականներ - իրենց հաւատարմութիւնը թեքեցին կաթողիկէ եկեղեցիին, յոյս ունենալով տնտեսական աղբիւրներ ձեռք բերել եւ բարելաւել իրենց ընկերատնտեսական վիճակը: Ա. աշխարհամարտի սկիզբին, վանքին երեք կրօնաւորները արտաքսուեցան: Պատերազմին ընթացքին հիւսիսային Ափրիկէէն բերուած իսլամ գաղթականներ գրաւեցին վանքն ու կողոպտեցին եւ աւերեցին զայն: Պատերազմի աւարտին, աքսորէն վերապրած տեղաբնիկ հայերը Համայէն վերադառնալով, Փորթ Սայիտ փոխադրուած իրենց հայրենակիցներուն հետ վերաբնակեցան իրենց տուները: Քափուչին վանականները հինգ տարի չվերադարձան Մուսա Լեռ, որովհետեւ իրենց վանքն ու միւս յարմարութիւնները վատ վիճակի մէջ էին եւ պէտք ունէին հիմնական նորոգութեան ու կահաւորման: Վերատիրանալով իրենց կալուածներուն վանականներուն առաջին գործը եղաւ Հայ Առաքելական եկեղեցիի արարողութեամբ պսակուած հայ կաթողիկէները վերապսակել լատին ծէսով, մերժելով հայ առաքելական ծէսը: Այս արարքը Հայ Առաքելական Եկեղեցիին բացայայտ դժգոհանքին արժանացաւ: Եւ քանի որ ժողովուրդին ընկերատնտեսական վիճակը չբարելաւուեցաւ, քափուչիները առաջուան նման ջանացին իրենց հօտին եւ հաւանական դաւանափոխներուն տնտեսապէս օգնել: Այդուհանդերձ, հօտը թուական աճ չունեցաւ յաջորդ քսան տարիներուն, մինչեւ Բ. աշխարհամարտ: Ընդհակառակը հօտը նուազեցաւ իր նախապատերազմեան շրջանի թիւին կէսին: Դեռ աւելին, Եողուն Օլուքի անոնց եկեղեցին ու դպրոցը փակ մնացին: Փոքր բացառութիւններով, կաթողիկէներ չկային Մուսա Լեռան միւս չորս գիւղերուն մէջ: Ընդհանրապէս, մուսալեռցի կաթողիկէները մնացին կղզիացած իրենց հայրենակիցներէն՝ բնակչութեան ընդհանրական ձեռնարկներէն հեռու: Երբ մուսալեռցիներուն մեծամասնութիւնը, Իսքենտէրունի սանճաքի միւս հայերուն նման լքեցին տարածքը՝ Յուլիս 1939ին անոր Թուրքիոյ կցումին պատճառով, քափուչինները իրենց հաստատութիւնը փոխանցեցին Պէյրութ կեդրոնացած հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան: Մուսա Լեռան գաղթականներուն մեծամասնութիւնը հաստատուեցաւ Լիբանանի Պեքայի հովիտին մէջ, Այնճար: Ատով ալ Կաթողիկէ Եկեղեցին վերապրումի նոր հանգրուան թեւակոխեց:
dc.identifier.citationShemmassian, Vahram L., "The Saint Paul Capuchin Mission in Musa Dagh 1919-1939", "Haigazian Armenological Review", 2023, 43/1, Beirut, pp. 387-408
dc.identifier.doihttps://doi.org/10.62811/har.artc.vls.2023.1
dc.identifier.urihttps://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/1528
dc.titleThe Saint Paul Capuchin Mission in Musa Dagh 1919-1939
Files
Original bundle
Now showing 1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
Name:
Shemmassian Vahram, The Saint Paul Capuchin.pdf
Size:
2.63 MB
Format:
Adobe Portable Document Format
License bundle
Now showing 1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
Name:
license.txt
Size:
1.71 KB
Format:
Item-specific license agreed to upon submission
Description:
Collections