Patterns of Language Use Among Armenians in Beirut in the Last 95 Years

dc.contributor.authorArda Jebejian
dc.date.accessioned2026-01-19T09:09:17Z
dc.date.available2026-01-19T09:09:17Z
dc.date.issued2011
dc.description.abstractՅօդուածը նախ կ'անդրադառնայ լեզուապահպանումի եւ լեզուափոխութեան տուն տուող ընկերային, տնտեսական, պատմական, մշակութային եւ այլ ազդակներու՝ ընդգծելու համար որոշ գործօններու ազդեցութիւնը փոքրամասնութիւններու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, եւ ներկայացնելու անոնց լեզուական անդրադարձը ներկայի եւ ապագայի սերունդներուն լեզուապահպանման ճիգերուն վրայ: Յօդուածը հակիրճ կը ներկայացնէ 1915էն ետք Լիբանան հաստատուած հայերուն ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ կրթական իրավիճակները: Ան կը վերլուծէ 18-80 տարեկան պէյրութաբնակ հայերու հայերէնի գործածութեան պարագաները՝ տարբեր միջավայրերու մէջ: Սերտողութիւնը ցոյց կու տայ թէ համայնքին լեզուներու գործածութիւնը փոփոխութեան ենթարկուած է՝ արաբերէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի գործածութիւնը աւելցած է, եւ 40 տարիքէն վար անձեր աւելի հաւանականութիւն ունին զանոնք գործածելու իրենց առօրեային մէջ, որովհետեւ անոնք աւելի առիթներ ունին ոչ-հայ ընկերութեան հետ շփումներ ունենալու՝ բնակութեան վայրի, հաղորդակցութեան, կրթութեան, գործի, եւ այլ պատճառներու բերումով: Հետեւաբար, ըստ ընկերալեզուաբաններու, մայրենի լեզուի պահպանման եւ յաջող փոխանցման համար անհրաժեշտ է որ փոքրամասնութեան անդամները յաճախ հանդիպին, տան մէջ գործածեն իրենց լեզուն, դրական կեցուածք ունենան իրենց մայրենի լեզուին հանդէպ, հեռու մնան օտար ամուսնութիւններէ, նեցուկ կանգնին իրենց դպրոցներուն եւ ամուր պահեն իրենց հաւատքը:
dc.identifier.citationJebejian, A., "Patterns of Language Use Among Armenians in Beirut in the Last 95 Years", "Haigazian Armenological Review", 2011, Beirut, pp. 453-469
dc.identifier.urihttps://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/1062
dc.titlePatterns of Language Use Among Armenians in Beirut in the Last 95 Years
Files
Original bundle
Now showing 1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
Name:
Arda Jebejian, "Patterns of Language Use Among Armenians in Beirut in the Last 95 Years".pdf
Size:
172.04 KB
Format:
Adobe Portable Document Format
License bundle
Now showing 1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
Name:
license.txt
Size:
1.71 KB
Format:
Item-specific license agreed to upon submission
Description:
Collections