Catholic Armenian-Maronite Relations in Mount Lebanon 1720-1840

Abstract
Հեղինակը հիմնուելով հայ եւ մարոնիթ կրօնականներուն կողմէ հրատարակուած գրականութեան, Հայ Կաթողիկէ Զմմառու վանքի եւ մարոնիթ Լուայզէի վանքի արխիւներուն ու Անտոնեաններու Հայ Միաբանութեան արխիւային նիւթերուն վրայ կը շարադրէ Հայ Կաթողիկէ միաբանութեան մը Լեռնալիբանան հաստատուելու, շրջապատին հետ իր ունեցած յարաբերութեան եւ Լեռնալիբանանի կառավարիչ Էմիր Պեշիր Բ.ի հետ անոր ունեցած կապերու 1720-1840ի պատմութիւնը: Հեղինակը կը նշէ թէ ԺԷ. դարէն սկսեալ կաթոլիկ միսիոնարներ մուտք կը գործեն Միջին Արեւելք եւ առաջին հերթին կը շփուին մարոնիթ համայնքին հետ: Հալէպի մէջ անոնց տարած դաւանափոխական աշխատանքը դժգոհանքի ալիք կը յառաջացնէ Հայ Առաքելական Եկեղեցիին մօտ, որ հալածանքի կը ձեռնարկէ դաւանափոխ հայերու դէմ: Մարոնիթ եկեղեցին ասպնջականութիւն կը շնորհէ խումբ մը դաւանափոխ հալէպահայերու, որոնք Լեռնալիբանանի մարոնիթ զանազան դպրեվանքներու մէջ կրօնական ուսման եւ միաբանական կեանքի կը հետեւին: Այս միաբաններու թիւի մեծացումը կը մղէ զիրենք կաթողիկէ միաբանական ուխտ հիմնելու գաղափարին: Մարոնիթ պատրիարքին համամտութեամբ անոնք կը հիմնեն Անտոնեան Հայկական Միաբանական Ուխտը՝ Քրէյմի վանք, 1720ին, ուր կ'ապաստանի հայ կաթողիկէ Աբրահամ Արծիւեան Եպիսկոպոսը: Հուսկ, միաբանութիւնը կ'որոշէ հիմնել աւելի ընդարձակ վանք մը, որ կ'իրականանայ Լեռնալիբանանի աւատատէր Խազէն ընտանիքին նուիրատուութեամբ, մարոնիթ պատրիարքի արտօնութեամբ եւ Հռոմի Պապի համամտութեամբ: 1749ին կը հիմնուի Զմմառու վանքը, որ մեծ դեր կը խաղայ Հայ Կաթողիկէ հաւաքականութեան կազմակերպչական գործին մէջ:
Description
Keywords
Citation
Jeranian, P., S., "Catholic Armenian-Maronite Relations in Mount Lebanon 1720-1840", "Haigazian Armenological Review", 2006, Beirut, pp. 41-102
DOI
Collections