Le sculpture décorative arménienne

No Thumbnail Available
Date
1979
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Ճարտարապետութիւնը՝ քաղաքակրթութեան մը լեզուն է, քարով գրուած, իսկ քանդակագործութիւնը` անոր նկարազարդարումն է։ Աղիւսի ճարտարապետութիւնը գործածեց պատկերազարդումի ուրիշ ձեւեր՝ որմնանկարներ ու խճանկարներ: Հայկական քարաշէն յիշատակարանները զարդարուեցան զարդանկարներով, որոնց ոճը զարգացաւ ուրարտական տուեալներու վրայ, եւ ապա՝ պարսկա-հռոմէական եկուոր ազդեցութիւններու բերած եռանդովը, բայց միշտ պահելով ազգային ինքնատիպ դրոշմը։ Հայկական զարդաքանդակը՝ նոյնիսկ օրինակ ծառայեց Արեւմուտքի, երբ ան կ’արթննար` հիւսիսէն եւ արեւելքէն եկած բարբարոսներու երկար գիշերին։ Այս զարդաքանդակները կը գտնենք մինչեւ Սկանտինաւեան երկիրները։ Հայկական ճարտարապետութեան յատկանիշն է ծաւալներու ճշգրիտ գործածութեամբ յառաջացնել լոյսի եւ շուքի յաջող խաղեր, որոնք կը կենդանանցնեն շէնքը։ Ապա՝ զարդաքանդակը կու գայ շէնքին վրայ մասնաւոր մասեր ընդգծելու։ Մինչեւ 10-րդ դար հայկական ճարտարապետութեան մէջ պատերը մերկ կը մնան: Վասպուրականի դպրոցն է որ կը ներմուծէ պատերը քանդակազարդելու դրութիւնը, ինչ որ տեսակ մը զարտողութիւն է հայկական զարդաքանդակի երկրաչափական խիստ խորքէն։ Հայկական զարդաքանդակը իր ներշնչումը կ'առնէ ուրարտական մանուածոյ հիւսքերէն, որոնք միշտ աւելի զարգանալով երկրաչափական խրթին ձեւեր առին։ Այս զարդաքանդակներու զարգացումին համար ընդարձակ ասպարէզ ներկայացուցին խաչքարերը։ Ասոնք քրիստոնէութենէն առաջ արդէն գոյութիւն ունէին «կանգուն քարեր»ու (մենհիրներ) ձեւին տակ։ Այս «կանգուն քարեր»ու գոյութիւնը գոյութիւնը կը բացատրուի երկրագործական նկատողութիւններով։ Քրիստոնէութեան հաստատումին՝ այս քարերը ջնջելու փոխարէն անոնց վրայ խաչեր քանդակեցին, զանոնք քրիստոնէականացնելու համար։ 10-րդ դարուն՝ Բագրատունիները իրենց կառուցումներով՝ նոր աշխուժութիւն մը բերին զարդաքանդակներու գործածութեան եւ զարգացումին։ 15-րդ եւ 16-րդ դարերուն՝ Հայաստանի քաղաքական անկումին հետ, զարդաքանդակներու հայկական արուեստէն ինչ ինչ ձեւեր անկէ ներս թափանցեցին։ Այլեւս՝ զարդաքանդակները մնացին խաչքարերու մարզին մէջ, ուր արուեստագէտը իր ճարտարութիւնը ցուցադրելու ամէն ջանք ըրաւ, նոյնիսկ՝ հոն ծիսական խորհրդանիշներ (խաղիղ եւ ցորեն) մտցնելով: Շնորհիւ այս խաչքարերուն, հայկական զարդաքանդակի բոլոր տուեալները պահուեցան, եւ այսօր անոնք կը ներկայանան երկրաչափական իրենց ամբողջական կատարելութեանը մէջ:
Description
Keywords
Citation
Djevahirdjian, S., "Le sculpture décorative arménienne", Haigazian Armenological Review, 1979, Beirut, pp. 165-202
DOI
Collections