Armenian Evangelical, and Political?
dc.contributor.author | Paul Haidostian | |
dc.date.accessioned | 2025-09-30T05:57:03Z | |
dc.date.available | 2025-09-30T05:57:03Z | |
dc.date.issued | 1996 | |
dc.description.abstract | Կրօնական եւ ոչ-կրօնական ընկալումներու իրարմէ տարանջատումը կամ իրարու հետ միազօդումը հիմնական խնդիր մըն է Հայ Աւետարանականութեան համար. առ այս՝ հրապարակ կու գայ հարցումը որ կը սպասէ իր պատասխանին - պէտք է որ հայ աւետարանական երիտասարդը պատրաստուի լոկ եկեղեցական ու կրօնական ընկալչութեա՞մբ եւ ձգել որ կեանքը կատարէ մնացեալը՝ թէ՞ ոչ անհրաժեշտ է զայն պատրաստել ազգային, ընկերային, գաղափարաբանական եւ այլագունի ընկալչութեամբ նաեւ, եւ այդ ձեւով զայն ընծայել ամբողջական։ Կեանքի ամբողջականութիւնը եւ համապարփակութիւնը հիմնական հարցերէն մէկն է Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին եւ աւետարանական ըմբռնումին Միջին Արեւելքի մէջ, եւ այդ իսկ պատճառով, որպէս աւետարանական աւանդութիւն, ժամանակի ընթացքին աւետարանականներու մօտ ստեղծուած է կրօնական, եկեղեցական, ընկերային, քաղաքական եւ այլ տեսակի համանմանութիւն մը` որպէս հետեւանք անոնց ջամբուած դաստիարակութեան, այդքան որ այժմ բառ է անոնցմէ ճանչնալ մէկ հոգի ճանչցած ըլլալու համար բոլոր անդամները համայնքին։ Այս կացութիւնը ցոյց կու տայ իրողութիւնը «միացեալ վկայութեան» մը, որ կը հակադրուի «անհատական վկայութեան» եւ կը դրսեւորի հանրագումար արտայայտութիւնը կեանքին իմացական, զգացական եւ հաւատամքային տուեալներուն։ Մէկ կողմէն՝ այս մէկը կ'անդամալուծէ եկեղեցին եւ հաւատացեալին համապարփակ զարգացումը եւ արտայայտչականութիւնը եւ միւս կողմէ՝ կրնայ գերզգայնութիւն մը յառաջացնել հաւաքական ինքնութեան հանդէպ։ Այսօր Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին համար անհրաժեշտ է գտնել ուղիղ ճամբան եւ ճիշդ ու ամբողջական ձեւով պատրաստել նոր սերունդը: Հակառակ այս անհրաժեշտութեան՝ այժմ ընդունուելու է որ անիկա մէկդի է ձգած քաղաքական ու ընկերային պատրաստութիւնը նոր սերունդին եւ կամաւոր կերպով մոռցած որ աւետարանական երիտասարդին համար հիմնական պահանջ է գիտնալ ազգային իր պատկանելիութիւնն այդքան՝ որքան որ է կրօնականը, որովհետեւ կարելի չէ իրարմէ անջատել այս երկուքը, այսուհանդերձ պէտք է շատ զգոյշ ըլլալ, որ եկեղեցին չիյնայ ճիրաններէն ներս կուսակցական կազմակերպութիւններու, որ անիկա չիյնայ փէշին մրցակցական վազքի մը այլ համայնքներու եւ կազմակերպութիւններու հետ, եւ հուսկ չբաւարարուի լոկ գործունէութեան փոփոխութեամբ եկեղեցական ղեկավարութեան՝ այլ անկէ շատ առաջ փորձ է նախապատրաստել համայնքն այսպիսի յարաբերական փոփոխութիւններու համար։ Ընդհանրապէս ընդունուած է, որ չկան եկեղեցի եւ աստուածաբանութիւն առանց քաղաքական եւ ընկերային տուեալներու որոնք հիմք ծառայեն անոնց, հիմնականը սակայն փոխյարաբերութիւնն է եկեղեցիին եւ անոնց։ Հայ աետարանականութեան վերջին մէկուկէս դարու պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ եկեղեցին միշտ ալ խուսափած է այս փոխյարաբերութիւնը հաստատել է, ու եթէ երէկ Հայ Աւետարանական Շարժումը կը նկատուէր զուտ հոգեկան եւ կրօնական բարենորոգում մը՝ այսօր ալ տակաւին կան զայն այդպիսին նկատողներ, մինչդեռ, իրականութեան մէջ, կրօնական պարտականութիւն մըն է դեր վերցնել ընկերային հարցերու մէջ։ Ըստ Վեր. Ահարոնեանի՝ այս դերը կ'արտայայտուի եկեղեցիին վայրին, տեղի ու ժամանակի պատկանելիութեամբ եւ անոր փոխյարաբերութեամբը շրջակայ այլ եկեղեցիներու եւ կրօնական եւ այլաբովանդակ զանազան հաւաքականութիւններու հետ։ Ի վերջոյ եկեղեցին գոյութիւն ունի տեղ մը կեանքէն ներս եւ տարածութեան, անոր ծառայելու կոչումով ու մանաւանդ անիկա ունի փրկարար դեր մը ոչ միայն ինքզինքին հանդէպ այլ մանաւանդ իր շրջապատին եւ աւելին՝ անիկա, կամայ եւ ակամայ, ենթակայ է ազդեցութիւններուն օրուան մշակութային շարժումներուն, քաղաքային օրէնքներուն եւ այլ խարտոցումներու, եւ այս բոլորը՝ հակառակ ալ իր կամքին։ Հայ աւետարանական Եկեղեցին շատ չէ մտահոգուած այս հարցերով, սակայն նախընտրելի պիտի ըլլար, որ անիկա նախապատրաստէր աւետարանական երիտասարդը դիմագրաւելու ամէն ինչ կշռելու եւ դատելու լաւն ու վատը, եւ կատարելու իր ընտրութիւնը։ Որպէս ռամկապետական հաստատութին՝ Աետարանական եկեղեցին արդէն իսկ ունի ներքին թէ արտաքին բաժանուածութիւն, եւ ուր կը յարգուի անհատին անզուգականութիւնը, այսուհանդերձ ընտանիք մըն է անիկա, որուն անդամներէն ներս գործօն են անոնց ներքին մղումները եւ ձգտումները: Ճիշդ հոս ալ կը կայանայ բարոյական դերը Աւետարանական Եկեղեցիին դաստիարակել անհատը որ կարենայ ապրիլ միասնութեան մէջ, տալ անոր անհրաժեշտ ուղղութիւնը եւ հեռու պահել զայն պատահական ազդեցութիւններէ: Ահա թէ ինչո՞ւ համար անհրաժեշտ է Եկեղեցիին համար գիտնալ, թէ ի՞նչ պիտի տայ անիկա նոր սերունդին եւ ինչպէ՞ս։ Հոս ի յայտ կու գայ անհրաժեշտութիւնը ուսումի եւ դաստիարակութեան հիմնական ծրագիրի մը, որ ընդգրկէ կրօնական շրջապատը, քաղաքական կլիման եւ աւանդութիւնները։ Արդարեւ՝ «եկեղեցի» կը նշանակէ գործակցութիւն, փոխյարաբերութիւն եւ գործօնութիւն, անիկա լոկ կիրակնօրեայ դպրոց մըն չէ, ինչպէս որ չէ կիրակնօրեայ գործունէութիւն մը: Անիկա ստիպուած է զբաղիլ ինչպէս նեղ ու մասնայատուկ՝ նոյնպէս նաեւ լայն եւ ընդհանրական հարցերով, գաղափարաբանութիւններով, ընկերային եւ քաղաքական շարժումներով, իսկ ինքն առանձինն բաւարար չէ ամբողջական աճին ու զարգացումին համար հայ աւետարանական եկեղեցիին։ Անշուշտ այժմ իրատեսութիւն չէ ակնկալել, որ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին միակ միջոցը կրնայ հանդիսանալ սա աճին ու զարգացումին համար, իսկ կրօնը միակ գաղափարաբանութիւնը որ պէտք է հայ աւետարանական երիտասարդին: Որքան ատեն որ Եկեղեցին մերժէ զբաղիլ այս հարցերով այդքան ատեն եւ վստահօրէն պիտի ձախողի անիկա առաջնորդի եւ ղեկավարի իր դերին եւ առաքելութեան մէջ: Արդ՝ ի՞նչ պետք է ընել վաղը։ Յստակ է որ չի բաւեր հարցերուն մօտենալ ինչպէս եղաւ անցեալին։ Անհրաժեշտ է աւետարանական ուսումն ու զարգացումը ջամբել այնպէս որ անիկա համապատասխանէ երիտասարդին կարիքներուն, առօրեայ կեանքին, եւ մանաւանդ օգնէ անոր իր դժուարութիւններուն լուծում մը բերելու, եւ ընէ այնպէս որ ազգային եւ քաղաքական կեանքը դրսեւորուի հաստատ եկեղեցիի մը հայեցակէտին ընդմէջէն։ Առաւել ընել այնպէս, որ անիկա ցոյց տայ կամ մերժէ ցոյց տալ, թէ ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս ինք «կը մատչի այլ եկեղեցիներուն, քաղաքական կազմակերպութիւններուն, Հայաստանի Հանրապետութեան, եւ Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներուն ուր ներկայ է ինք։ Հարց չէ ձեւը այս մատչումին։ Հիմնական է համոզումը թէ եկեղեցին ունի առելի մեծ պատասխանատուութիւն աւանդականօրէն իր ունեցածէն, եւ թէ եկեղեցին ուզէ կամ ոչ, իր անդամները անխուսափելի կերպով պիտի ենթակայ մնան շրջակայքի գաղափարաբանական եւ քաղաքական ազդեցութիւններուն»։ | |
dc.identifier.citation | Haidostian, P., "Armenian Evangelical, and Political?", "Haigazian Armenological Review", 1996, Beirut, pp. 131-154 | |
dc.identifier.uri | https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/754 | |
dc.title | Armenian Evangelical, and Political? |
Files
Original bundle
1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
- Name:
- Paul Haidostian, "Armenian Evangelical, and Political?".pdf
- Size:
- 56.55 MB
- Format:
- Adobe Portable Document Format