Le mausolée de Mama Khatun a Terdjan et les monuments de l'ecole d'Ani
Loading...
Date
1979
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Մամա Սաթունի դամբարան-յուշարձանը կը գտնուի Էրզրումէն դէպի արեւմուտք՝ 90 քլմ. հեռաւորութեան վրայ, Դերջան աւանին մէջ։ Սելճուքեան ճարտարապետութեան այս եզակի կառոյցը՝ ըստ շրջապատի դրան վրայ եղող արձանագրութեան, գործն է Ապու Նիմա Մուֆատտալ Ախլաթցի վարպետին։ Աւանդութեան մը համաձայն դամբարան-յուշարձանը կառուցուած է Մամա Խաթունի մը համար, որ ըստ Փրոֆ. Եէթքինի, դուստրն է Էրզրումի էմիր Իզզէտ տին Պին Ալի Սալթուքիի (1145–1174 թթ.):
Փրոֆ. Եէթքին՝ Մամա Խաթունի նախատիպերը կը փորձէ տեսնել իսլամական ճարտարապետութեան այլ կոթողներու՝ Սամարրայի Սուլայպիյէ դամբարանին եւ Երուսաղէմի Գուպպէթ էլ Սախրայի մէջ: Սակայն Բարատուփուլոյի համաձայն, այս երկու կոթողները կառուցուած են բիւզանդական ոճի հետեւողութեամբ:
Փրոֆ. Օ. Ասլանաբա՝ Մամա Խաթունի նախատիպը կ'ուզէ տեսնել սելճուք թուրքերու բնօրրանը եղող Կեդրոնական Ասիոյ պեղումներէն յայտնաբերուած դամբարաններուն մէջ, որոնք կը պատկանին սաքարներուն, ու շինուած Ք. Ա. 3–րդ դարուն։ Մամա Խաթունը, դառած կառուցման ոճէն, շինուած է Ք. Ե. 13–րդ դարու առաջին քառորդին։
Մամա Խաթունի ճարտարապետին ներշնչման աղբիւր հանդիսացած են անոր ծննդավայրին ու հարեւան երկիրներու քրիստոնէական ճարտարապետութեան կոթողները, ու յատկապէս Անիի զուարթնոցանման Ս․ Գրիդոր տաճարը, թէեւ դամբարանի օտարամուտ տարրերը կը կրեն սելճուքեան ճարտարապետութեան կնիքը:
Description
Keywords
Citation
Baboudjian, P., "Le mausolée de Mama Khatun a Terdjan et les monuments de l'ecole d'Ani", Haigazian Armenological Review, 1979, Beirut, pp. 203-238