The Genographic Project Visits Haigazian University
Loading...
Date
2010
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Լիբանանցիներու ծինային ծագումնաբանութեան սերտողութեան ծիրին մէջ, հետազօտողներու խումբ մը 24 Մարտ 2009ին ժամանեց Հայկազեան Համալսարան եւ արեան նմոյշներ առաւ 96 հայերէ, որոնք աւելցուեցան հետազօտող խումբին կողմէ Լիբանանի այլ վայրերէ առնուած շուրջ 100 հայերու նմուշներուն:
Յօդուածը կը հաղորդէ գոյացած նմուշներուն հիմամբ կատարուած հետազօտութեան նախնական արդիւնքը:
Ըստ այդմ, լիբանանցի հայերն ու ոչ-հայերը ունին նոյն հեփլոկրուփի՝ J2 բարձր համեմատութիւնը՝ 28-1% եւ 28.9%: J2 հեփլոկրուփը առաւելաբար տարածուած է Արգաւանդ Մահիկի հիւսիսային շրջանին, Միջերկրականի արեւելեան աւազանին, Իրանի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ հարաւային Եւրոպայի մէջ:
Հետազօտութենէն ի յայտ կու գայ նաեւ, որ լիբանանահայութեան 24 առ հարիւրը կը պատկանի R1b հեփլոկրուփին:
Description
Keywords
Citation
El Sibai, M., "The Genographic Project Visits Haigazian University", "Haigazian Armenological Review", 2010, Beirut, pp. 649-651