Secret Arabian Report of September 27, 1916 (NIGHT)

Loading...
Thumbnail Image
Date
2015
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Համաշխարհային Ա. Պատերազմի ընթացքին ցարական Ռուսիան, որոշակիօրէն՝ 1916ին, իր գերեվարած օսմանեան բանակի երկու արաբ սպաներ յանձնած էր իրեն դաշնակից Մեծն Բրիտանիոյ: Այս սպաները՝ Շուքրի Շուրպաժի եւ Ահմէտ Շէյխա, 27 Սեպտեմբեր 1916ին հարցաքննութեան ընթացքին ահաւոր իրողութիւններ կը պարզեն ի միջի այլոց Հայկական Ցեղասպանութեան մասին, յատկապէս թէ՝ «տեղահանութիւն» կը նշանակէր բնաջնջում: Բրիտանական պաշտօնատար Մարք Սայքս, որ հայասէր մը չէր, կ'ուզէր հրապարակայնացնել փոխանցուած տեղեկութիւնները, քանի որ թշնամին՝ Գերմանիա, Աւստրօ-Հոնգարիա եւ Թուրքիա, «Աստուծոյ եւ մարդկութեան» անունով կոչեր կ'ընէին նոյն օրերուն: Հայկական Ցեղասպանութեան պատմութեան համար շատ կարեւոր վաւերաթուղթ մըն է այս՝ կանխատրամադրութիւն փաստող:
Description
Keywords
Citation
Messerlian, Z., "Secret Arabian Report of September 27, 1916 (NIGHT)", "Haigazian Armenological Review", 2015, Beirut, pp. 671-684
DOI
Collections