The Contested Ground of a Transition Neodemocracy from the Perspective of Globalization

dc.contributor.authorVladimir Osipov
dc.date.accessioned2025-11-12T08:39:03Z
dc.date.available2025-11-12T08:39:03Z
dc.date.issued2007
dc.description.abstractՀեղինակը կ'անդրադառնայ համայնավարութենէն նորժողովրդավարութեան անցնող երկիրներու անցումային հանգրուանի դիմագրաւած բազմապիսի մարտահրաւէրներուն: Ան կը ծանրանայ մանաւանդ՝ թէ ինչպէս կարելի է գոյատեւող, օրէնքի, արդիւնաւէտ եւ մրցունակ շուկայական տնտեսութեամբ եւ քաղաքացիական հասարակութեամբ երկիր պետութիւն մը կայացնել: Հեղինակը կ'անդրադառնայ նաեւ նման երկրի մը կայացման մէջ արտաքին ազդակներուն, մանաւանդ՝ համաշխարհայնացման ազդեցութեան: Ըստ իրեն հարցը աւելի կը բարդանայ ի տես համաշխարհայնացման շուրջ միատարր տեսակէտի եւ մօտեցումի բացակայութեան, որ հետեւանք է անոր ծայրայեղ քաղաքականացման եւ գաղափարախօսականացման: Հեղինակը այս ընդհանրական պատկերին կը ջանայ բաղդատել Հայաստանի իրականութիւնը, կ'անդրադառնայ համաշխարհայնացման խնդրով Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, կը նշէ առօրէական մշակոյթի արձանագրած յաջողութիւնները՝ ազգային մշակոյթներու հաշւոյն: Հեղինակը սպառած կը նկատէ «անցումային շրջանի» տեսութիւնները առանց որ անոնք ակնկալուած արդիւնքները տուած ըլլան Հայաստանին: Ասոր պատճառը ան կը վերագրէ առանց քննադատական մօտեցումի նորազատական տեսութեան որդեգրումին: Ան կը մատնանշէ նաեւ, որ տնտեսական բարեփոխումներու ծրագիրը որդեգրուեցաւ հնազանդօրէն, այնպէս՝ ինչպէս ան հրամցուեցաւ Միջազգային Հիմնադրամին եւ Համաշխարհային Դրամատան կողմէ: Ասոնց հետեւանքով, անցեալի բազում գաղափարախօսական ըմբռնումներ ինչպէս եւ բազմաթիւ ընկերային, մշակութային եւ բարոյական արժէքներ թաղուեցան՝ առանց նորերու յառաջացման: Ի յայտ եկան քաղաքական մասնակցութեան սնամէջ, մակերեսային ժողովրդավարական հաստատութիւններ, իշխանութիւնը մտաւ փակ շրջանակի մէջ: Հեղինակը հիւանդագին կը գտնէ այն երեւոյթը, որ Հայաստանի մէջ տնտեսական բարեկարգումներու ո՛չ շուկայական ազատ տնտեսութիւն, ո՛չ համապատասխան քաղաքական մշակոյթ, ո՛չ ալ քաղաքացիական հասարակութիւն յառաջացուցին: Հուսկ, Հեղինակը կը բերէ 2003-2006 տարիներու հարցախոյզներու պատասխանները, որոնք կը հաւաստեն իր մտահոգութիւնները: Հեղինակը այն կարծիքը կը յայտնէ, որ Մայիս 2007ի խորհրդարանական եւ 2008ի նախագահական ընտրութիւնները պիտի յստակացնեն հայ քաղաքական խաւի նախասիրութիւնները դէպի կայուն ժողովրդավարութիւն կամ մենատիրութեան:
dc.identifier.citationOsipov, V., «The Contested Ground of a Transition Neodemocracy from the Perspective of Globalization», «Haigazian Armenological Review», 2007, Beirut, pp. 285-309
dc.identifier.urihttps://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/956
dc.titleThe Contested Ground of a Transition Neodemocracy from the Perspective of Globalization
Files
Original bundle
Now showing 1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
Name:
Vladimir Osipov, The Contested Ground of a Transition Neodemocracy from the Perspective of Globalization.pdf
Size:
2.72 MB
Format:
Adobe Portable Document Format
License bundle
Now showing 1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
Name:
license.txt
Size:
1.71 KB
Format:
Item-specific license agreed to upon submission
Description:
Collections