Les baptistères dans l'Arménie palèochrètienne

Loading...
Thumbnail Image
Date
1980
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Մկրտատունը առընչուած է հնագոյն հաւատքներէն՝ ջուրի պաշտամունքին, որ արմատաւորուած է Փռիւգա–Թրակիական Գուբիլիսի եւ Կոտտիտոյի խորհուրդներու նուիրագործման՝ ջուրի մէջ մկրտելու խորհուրդի աւանդներուն։ Այն վայրերը, ուր նման ծիսակատարութիւններ կը կատարուէին, նուիրագործուած են քրիստոնէութեան վաղ շրջանին մէջ։ Այս պարագային՝ յատուկ նշանակութիւն կը ստանան աղբիւրներու կամ գետակներու մօտ կառուցուած մատուռները, ծանօթ՝ Թուխ Մանուկ անունով։ Տիպաբանական առումով քրիստոնէութեան վաղ շրջանի Հայաստանի մկրտատուները կը բաժնուին հետեւեալ խումբերուն. Ա - Սբ Էջմիածինի հիւսիս–արեւմտեան աւանդատան յատակին յայտնաբերուած հոր–աւազանը, ուր մկրտութեան արարողութիւնը կը կատարուէր ընկղման եղանակով։ Բ - 1 - Քառակուսի յատակագիծով, արեւելեան աբսիտով գմբէթածածկ կառոյց (Ողջաբերդ Պ. դ.): 2- Արտաքուստ ութանիստ՝ ներքուստ քառախորան կեդրոնագմբէթ (Արզնիի Սբ. Կիրակի, Ե–Զ. դդ.): Վերոյիշեալ երկու պարագաներուն, շէնքի յատակը իջեցուած է եւ ծառայած է որպէս մկրտութեան ջրաւազան : 3- Խաչաձեւ գմբէթածածկ մատուռներ, որոնց մէկ մասը գերեզմանատուներու մատուռներ են, իսկ մնացեալը՝ մկրտատուներ: Այլ տիպի մկրտարան, ջրաւազաններ են՝ Ա. Եկեղեցիէն ներս, հիւսիսային պատի մէջ փորուած խորշ-ջրաւազանը, Բ. Մատուռի արտաքին մասին մէջ՝ դէպի հիւսիս երկարող պատի խորշ–ջրաւազանը (Տեկոր, Ե. դ., Թալինի Սբ . Աստուծածին, Է. դ .): Ժ-ԺԱ· դարաշրջանէն ետք, զանգուածային մկրտութիւններու պահանջքը աստիճանաբար կը վերանայ: Ժամանակի ընթացքին գոյութիւն ունեցող մկրտատուները կը վերափոխուին եկեղեցիներու, իսկ մկրտութեան արարողութիւնը կը կատարուի եկեղեցիներէ ներս, կամ՝ պաշտամունքային համալիրին մաս կազմող մկրտարանին մէջ։
Description
Keywords
Citation
Zarian, A., Les baptistères dans l'Arménie palèochrètienne, Haigazian Armenological Review, 1980, Beirut, pp. 77-96
DOI
Collections