The Armenian Enclave on Cavanaugh Street: Social History and the Mystery Novel

Abstract
Ճէյն Հետտեմ անուն հեղինակուհիի մը 1990-96 շրջանին Նիւ Եորքի մէջ լոյս ընծայած գաղտնի-ոստիկանական վէպէրու 12 հատորներու բովանդակութեան հիման վրայ Դոկտ․ Սըմաան կը ներկայացնէ հայկական երեսակը այս վէպերուն։ Ճէյն Հետտեմի վերոյիշեալ բոլոր վէպերուն գլխաւոր հերոսը Կրեկոր Տէմարգարեանն է, որ եղած է Հարվըրտի ուսանող, պաշտօնավարած է Պի․Այ.ի մէջ։ Սակայն իր կնոջ դանդաղ ու ցաւալի մահէն ետք, Կրեկոր կը վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ Ֆիլատելֆիոյ Քեւընօ թաղամասը, եւ կ'աշխատի իբրեւ անկախ գաղտնի ոստիկան։ Հետտէմ կը հետեւի գաղտնի-ոստիկանական վէպի տասնաբանեային եւ համառօտակի, ակնարկային ու մակերեսային հպումներով կ'անդրադառնայ հայկական այդ թաղամասին ընկերային զանազան երեսակներուն բնակիչներուն առօրեային ընդմէջէն։ Ճէյն Հետտեմի Քէւընօ թաղամասը հայկական ովասիս մըն է, ուր դրուագային ձեւով կը տողանցեն հայ կանայք այրիներ, եղեռնի մազապուրծներ, միջին սերունդի կանայք եւ Հայաստանէն արտագաղթածներ։ Հետտէմի վէպերու կրկնուող այս հայկական միջավայրի կցկտուր տուեալներու մէկտեղումէն կը հիւսուի հայկական իւրօրինակ դրախտ մը, ուր 20րդ դարավերջի Մ. Նահանգները ցնցող հակամարդկային չարը մուտք չէ գործած եւ որ քիչ մը կը նմանի ամերիկացիին երազած դրախտին: Հետտէմ կը ներկայացնէ կարգ մը ցցուն երեսակները Քեւընոյի հայկական հաւաքականութեան. բաներ որոնք կը զատորոշեն այդ ընկերութիւնը միւսներէն: Հայկականօրէն եւս խորթ է ան, մանաւանդ իր ապակուսակցականութեամբ եւ միակ եկեղեցիով (ո՛չ կաթողիկէ, ո՛չ աւետարանական, ո՛չ ալ պառակտուած): Հետտէմի վիպաշարքին ընդմէջէն կը պարզուին ամերիկահայ սերունդներու տարբերութիւնները, հայկականութեան դրսեւորումները, եւ մանաւանդ տնտեսական, ընկերային, պատմական եւ ազգային տեղաշարժերը, որոնք կը դիտուին Կրեկոր Տէմարգարեանի ակնոցով:
Description
Keywords
Citation
Semaan, I., L., "The Armenian Enclave on Cavanaugh Street: Social History and the Mystery Novel", "Haigazian Armenological Review", 1997, Beirut, pp. 423-438
DOI
Collections